«Արշակ Վռամեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Արշակ Վռամյան}} using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: Հայրենիք (շաբաթաթերթ, արեւմտահայերէն → Հայրենիք (շաբաթաթերթ (2) using AWB
Տող 2.
 
== Կենսագրութիւն ==
Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ [[Պոլիս|Պոլսոյ]] [[Սուրէնեան վարժարան]]ին մէջ, ապա [[1889]]-ին [[Լեւոն Շանթ]]ին հետ կ’երթայ [[Էջմիածին]], ուր կ’աւարտէ [[Գէորգեան Ճեմարան]]ը։ [[Պոլիս]] վերադարձին, ռուսական նամակատան մը մէջ կը նպաստէ շոգենաւերու ուժանակի փոխադրութեան գործին։ Օկիմտա ծածկանունով կ’աշխատակցի Շահնազարի հրատարակած «[[Հայրենիք (շաբաթաթերթ, արեւմտահայերէն)|Հայրենիք»]]-ին։
 
[[10 Օգոստոս]] [[1896]]-ին կը մասնակցի [[Պանք Օթոման]]ի գրաւման աշխատանքներուն, կը հալածուի եւ ամիս մը ռուսական հիւպատոսարանին մէջ պահուըտելէ ետք, կ’ապահովէ Պուլկարական անցագիրը եւ կ’անցնի [[Ֆիլիպէ]], ուր կը զբաղի հրապարակախօսութեամբ։ [[1898]]-ին կը մեկնի [[Ժընեւ]], ուր կը ստանձէ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Դաշնակցութեան]] Արեւմտեան բիւրոյի գործավարութիւնը եւ միաժամանակ կ’աշխատակցի «[[Դրօշակ (պարբերաթերթ, արեւմտահայերէն)|Դրօշակ»]]-ին։ Կ’անցնի Ամերիկա, ուր գործօն կերպով կը մասնակցի շրջանին մէջ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Դաշնակցութեան]] կազմակերպական կառոյցի ստեղծման աշխատանքներուն եւ կը խմբագրէ [[Պոսթըն]]-ի «[[Հայրենիք (շաբաթաթերթ, արեւմտահայերէն)|Հայրենիք»]]-ը։
 
[[1907]]-ին կը վերադառնայ Կովկաս եւ [[Օսմանեան Սահմանադրութիւն|Սահմանադրութեան]] հռչակման ատեն, հասարակական գործերու պատասխանատուութեամբ կ՛երթայ [[Վան]], ու ապա կը վերադառնայ [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլիս]]՝ աշխատակցելով «Ազատամարտ»-ին։ Կուսակալ Ճեւտէթ «Վանայ Իշխան»-ը կը սպաննէ։ [[1908]]-ին, երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք, կ’ընտրուի Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան։ [[4 Ապրիլ]] [[1915]]-ին զոհ կ՛երթայ դաւադրութեան մը։