«Հայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
No edit summary |
Չ →Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներ: clean up, replaced: Աֆրիքա → Ափրիկէ using AWB |
||
Տող 39.
=== Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներ ===
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրէին ԱՄՆ-ի մէջ կը բնակէր շուրջ 200 000 հայ։ Պատերազմի տարիներուն զինւորներուն հետ բոլոր ռազմաճակատներուն մէջ (Փիրլ Հարբորի, Կորալեան ծովի, Միդուեյի, Հիւսիսային
Դէպի ԱՄՆ գաղթի նոր ալիք սկսած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք։ [[1948]] թուականին ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի կողմէն «Տեղահանուած մարդկանց մասին» օրէնքի հաստատումով՝ «Հայրենազուրկ հայերու օգնութեան ամերիկեան ազգային կոմիտէն» (ANCHA-ԱՆՉԱ, նախագահ՝ Ճորճ Մարտիկեան) մինչեւ [[1952]] թուականը իրականացած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Գերմանիայի, Ավստրիայի, եւ Իտալիայի մէջ յայտնուած 4 500 ռազմագերի-տարագրեալ հայերու փոխադրումը եւ բնակեցումը ԱՄՆ-ի մէջ։ [[1947]] թուականին ԱՄՆ-ի մէջ կար 215 000 հայ։ Հետպատերազմեան տարիներուն շարունակուած է հայերու արտագաղթը ԱՄՆ ինչպէս արեւմտեան, այնպէս ալ արեւելեան եւ հարաւային Եւրոպայէն։
1947-48 թուականներուն, զանգուածային հայրենադարձութեան տարիներուն, Հայաստան ներգաղթած է 151 ամերիկահայ։ Խորհրդային հասարակարգին մէջ հայրենադարձներու նկատմամբ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնոյթի անարդարութիւնները եւ հետապնդումները սահմանափակած են ամերիկահայերու հետագայ հայրենադարձութիւնը։ [[1944]]-[[1952]] թուականներուն ԱՄՆ մուտք գործած է 4379 հայ։
|