«Արսէն Այտընեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Չ →Ծանօթագրութիւններ: removed: (արւմտ․) using AWB |
|||
Տող 32.
Այտընեանի կեանքն ու գործունէութիւնը զուգընթաց է աշխարհաբարի զարգացման հետ։ Իր անունը բացառիկ կարեւորութիւն ունեցած է բանասիրական ուսումնասիրութեան տեսակէտէն. աշխարհաբարը, որ մինչ այդ անկանոն վիճակ ունէր, կանոնաւորուեցաւ անոր պատրաստած քննական քերականութեան շնորհիւ։
Որդի՝ Պետրոս Այտընեանի, ծնած է [[Պոլիս]]՝ [[Բերա]]յի մէջ։ Ժամանակի ձախորդ պատահարներէն ստիպուած, ծնողքը լքած են իրենց տունը եւ 1828-
Տասնեօթ տարեկանին ուխտած է պատրաստուիլ եկեղեցական ծառայութեան։ [[1845]]-ին [[Ագաթանգեղոս]]-ի կրկնագիր օրինակը, որ իր հնութեամբ զմայլեցուցած էր Այտընեանը, նիւթ մատակարարած է մանր քննութեան մը, որուն արդիւնքով յայտնի դարձած է, որ այս հին ձեռագիրը անընթեռնելի գիրեր ունի իր ընթեռնելի գիրերուն տակ, որուն քանի մը էջերուն առաջին անգամ ընթերցումը Այտընեանին յանձնուած է։ Գերպ. Արիստակէս՝ վանահայրը, Այտընեանին հրահանգած է [[Նոր Կտակարան]]-ի քննութիւն մը կատարել, համեմատելով զայն ծանօթ ձեռագիրներու հետ։
|