«Ատափազար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, replaced: 2ի → 2-ի using AWB
Տող 1.
[[Պատկեր:Sakaryaistanbulbus.jpg|մինի|250x250փքս|Ատափազար]]
'''Ատափազար''' (թուրք.՝ Adapazarı), [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] հիւսիս-արեւմտեան քաղաքներէն է, [[Սաքարիա]] նահանգին մէջ, Փոսֆորէն մօտ 120 ք․մ․ արեւելք, Սաքարիա գետի ձախ ափին։ Ըստ 2008 -ի տուեալներուն, քաղաքի բնակչութիւնը կը կազմէ 377 683 մարդ։
 
== Պատմութիւն ==
Տող 6.
 
== Ատափազարը Մեծ եղեռնի ժամանակ ==
[[Ցեղասպանութիւն|Մեծ եղեռն]]<nowiki/>ի նախօրէին Ատափազարը ունէր 30.000 բնակիչ, որու կէսէն աւելին հայեր էին, որոնք կը զբաղէին առեւտուրով, արհեստներով, երկրագործութեամբ, պտղաբուծութեամբ եւ շերամապահութեամբ։ Անոնք յատուկ խօսելաոճ ունէին։
 
Հայերը կեդրոնացած էին Ս. Հրեշտակապետ, Ս. Կարապետ, Ս. Լուսաւորիչ եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցիներու թաղամասերուն մէջ՝ իւրաքանչիւր եկեղեցի ունէր տղոց եւ աղջիկներու նախակրթարաններ եւ մանկապարտէզներ՝ Արամեան-Գայանեան, Ներսէսեան-Սանդուխտեան, Ռուբինեան-Հռիփսիմեան եւ Մեսրոպեան-Նունեան։ 1909-ին բացումը կատարուեցաւ կեդրոնական երկրորդական վարժարանին՝ յատուկ տղոց համար, իսկ 1912ին՝1912-ին՝ աղջիկներու լրացուցիչ դասընթացը։ Նաեւ կը գործէր «Մանուշակ» մանկապարտէզ-նախակրթարանը եւ բողոքականներու «Հայուհեաց» իգական գիշերօթիկ վարժարանը։ Իւրաքանչիւր թաղ ունէր թաղական խորհուրդ։ Առաջին համաշխարհային պատէրազմէն առաջ Ատափազարի հայերը ունէին իրենց հասարակական կազմակերպութիւնները. Կրթասիրաց ընկերութիւնը, Ընթերցասիրաց միութիւնը՝ հարուստ գրադարան-ընթերցարանով, Ազգային ժողովատեղիի միութիւնը։
 
Նաեւ կը գործէին թատերախումբեր, երգչախումբ եւ կանանց բարեսիրական կազմակերպութիւններ։ 1910 թուականէն լոյս կը տեսնէր «Երկիր» թերթը, որ 1911 թուականէն կը տպագրուէր [[Կոստանդնուպոլիս|Կ. Պոլսոյ]] մէջ։ Ատափազարի բարբառի «Ատրուշան» տպարանին մէջ, 1912 թուականին տպագրուած է «Բութանիա» շաբաթաթերթը։ 1915-ին Ատափազարի հայ բնակչութիւնը տեղահանուեցաւ եւ կոտորուեցաւ։ 1918-ին զինադադարէն ետք շուրջ 4000 հայեր վերադարձան եւ հայկական կեանքը սկսաւ վերակենդանանալ։ Սակայն 1921-ի ամրան՝ յունական բանակի նահանջի ժամանակ, բոլոր հայերը հեռացան Զմիւռնիա, Յունաստան եւ այլ երկրներ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ատափազար» էջէն