«Ալիւր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Բառի Ծագումնաբանութիւն: clean up, replaced: յունարեն → յունարէն using AWB
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Flours.jpg|մինի|աջից|250px|Ալիւր]]
'''Ալիւր''', հացազգի, լոբազգի եւ այլ կուլտարաներու հատիկներն ու սերմերն աղալէն ստացուող մթերք։ Հացաբոյսերու ալիւրը, կ'օգտագործուի [[հաց]], [[մակարոնեղէն]] եւ [[հրուշակեղէն]] պատրաստելու, իսկ հատիկակերային ալիւրը՝ համակցուած կեր ստանալու համար։
 
Տող 13.
Որպէս սննդամթերք առաւել տարածուած է [[ցորեն]]ի եւ [[աշորա]]յի ալիւրը։ Ըստ նշանակութեան, ալիւրը կը ստորաբաժնուի առանձին տեսակներու։ Անոր տեսակը կը բնութագրուի հատիկի՝ աղալէն ետք ալիւրի մէջ անցած արտաքին մասերու (թաղանթի ու սաղմի) եւ ալրային միջուկի (էնդոսպերմի) հարաբերակցութեամբ։ Հացազգիներէն ալիւրը կը ստացուի միանւագ, թեփախառը եւ տեսակաւոր աղացման միջոցով։ Առաջին դէպքին մէջ, ալիւրը կը պարունակէ հատիկի պտղաթաղանթի եւ սաղմի խառնուրդ։ Երկրորդ դէպքին մէջ, հատիկը կ'աղեն անոնցմէ պտղաթաղանթն ու սաղմը մասնակիօրէն հեռացնելէն ետք։ Տեսակաւոր ալիւրը հիմնականին մէջ, բաղկացած է ալրային միջուկէն։ Ալիւրի տարբեր տեսակներու որակի որոշման համար կարեւորագոյն ցուցանիշներն են՝ խոնաւութիւնը, մոխրայնութիւնը, մասնիկներու խոշորութեանը, օրգանոլեպտիկ յատկութիւնները (համը, հոտը, գոյնը)։
 
Ալիւրը կ'արտադրուի [[ալրաղաց]]ներուն մէջ, կը պահվուի չոր, հով պահեստներուն մէջ։ Սկսած է կիրառուիլ ալիւրի՝ առանց տարայի պահեստաւորման եւ տեղափոխման եղանակը։ Երկար (մինչեւ 2 տարի) կը պահուի 15 %-էն ոչ ավելի խոնաւութեան ալիւր։ Նախկին ՍՍՀՄ-ի մէջ, ցորենէն կը մշակեն հացաթխման (շարմաղ, բարձր, առաջին եւ երկրորդ տեսակներու, թեփախառը) եւ մակարոնեղէնի ալիւր (մեծ եւ կիսամեծ)։ Աշորայէն կը պատրաստեն շարմաղ, թեփահանած եւ թեփախառը ալիւր, եգիպտացորենէն՝ երեք, միւս կուլտուրաներէն՝ մէկ տեսակի։ [[1972]] թ.-ին [[ՀՍՍՀ]]-ի մէջ, արտադրուած ալիւրի 8, 9 % եղած է բարձր, 41, 6 %՝ առաջին, 47, 7 %՝ երկրորդ տեսակի եւ 1, 9 %՝ թեփախառը։
 
== Բառի Ծագումնաբանութիւն ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ալիւր» էջէն