«Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ removed: (արեւմտահայերէն) (18) using AWB
Չ clean up, replaced: 4ի → 4-ի, 5ի → 5-ի using AWB
Տող 141.
«Համազգային» ընկերութեան գործունէութիւնը այնուհետեւ շարունակեց գլխաւորաբար կեդրոնացած Ճեմարանին մէջ եւ Պէյրութի մէջ այն պատճառով որ Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Գ. Իփէկեան հաստատուած էին Պէյրութի մէջ, ուր գաղութը իր հոծ հայութեամբ մշակութային գործունէութեան ընդարձակ հնարաւորութիւններ կը ներկայացնէր: Հետեւաբար, 1947-ին Համազգայինի կեդրոնը փոխադրուեցաւ Պէյրութ, եւ ընկերութիւնը լիբանանեան կառավարութեան կողմէ ճանչցուեցաւ իբր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն:
 
1941-ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի Վարչութեան նախագահ, նախաձեռնեց «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւն»-ը , որու նպատակն էր թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներուն մէջ: Միութիւնը նաեւ պիտի սերմանէր հաւատք՝ հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստի հանդէպ: «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան» անդրանիկ ներկայացումը՝ «Ընկած Բերդի Իշխանուհին» էր (1942), ապա՝ [[Բաբգէն Փափազեան]]ի օժանդակութեամբ՝ «Պեպեքս»ը (1943), իսկ 1944-ին՝ Լ. Շանթի «Հին Աստուածները», 1945ին1945-ին Լ. Շանթի «Կայսր»-ը…:
 
1931-ին, դարձեալ Պէյրութի մէջ, հաստատուեցաւ Համազգայինի տպարանը, որ յետագային կոչուեցաւ իր բարերարի ու գլխաւոր կազմակերպիչի անունով՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան: Տպարանի շնորհիւ զարկ տրուեցաւ հրատարակչական ու գրատարածման աշխատանքներուն: Համազգայինը Լիբանանի մէջ օժտուեցաւ նաեւ սեփական գրախանութով:
Տող 151.
1970-ականներուն, Լիբանանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ զգացուեցաւ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ [[Հայոց Պատմութիւն|հայոց պատմութեան]] մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ձեռնարկեց համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներ: Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ , բաղկացած՝ [[Գարեգին եպս. Սարգիսեան]]էն (յետագային Մեծի Տան Կիլիկիոյ, ապա՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), [[Վահէ Սէթեան]]էն, [[Հրաչ Տասնապետեան]]էն, [[Շաւարշ Թորիկեան]]էն, [[Վահէ Օշական]]էն եւ [[Երուանդ Փամպուքեան]]էն:
 
Վերոյիշեալ յանձնախումբի պատրաստած կրթական ծրագիրը ծառայեց Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974ին1974-ին, 15 ուսանող-ուսանողուհիներով:
 
Մեծ յոյսերով սկսած գործը ընդհատուեցաւ [[Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ]]ի անապահովութեան պատճառով: