«Աղեքսանդր Ծատուրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Ալեքսանդր Ծատուրյան}} using AWB
Չ →‎Ստեղծագործական Կեանք: clean up, replaced: 1]]ի → 1]]-ի (2), 4]]ի → 4]]-ի, 8]]ի → 8]]-ի using AWB
Տող 34.
Ալեքսանդր Ծատուրյանը սորված է ծննդավայրի դպրոցը, աշակերտած է [[Արշակ Ագապեան]]ը: Ուսումը շարունակելու համար [[1881 թուական]]ի աշնանը անցած է Թիփղիս՝ [[Ներսիսեան Դպրոց (Թիֆլիս)|Ներսիսեան դպրոց]] ընդունուելու երազանքով, որը չէ իրականացուած։ Բանուորութիւն ըրած է խճուղիի շինարարութեան, աշխատած է որպէս գործակատար։ Ի վերջոյ, [[1883 թուական]]ին, զինք կ'ընդունին [[Միքայէլեան արհեստից վարժարանը]], ուր սակայն չի կրնար երկար մնալ։ [[1887 թուական|1887]]-ին, [[Նիժնի Նովկորըտ]]ի մէջ կը ստանձնէ հայ վաճառականի մը զաւկին ուսուցչութիւնը, եւ, նոյն ընտանիքին հետ, կը կը փոխադրուի [[Մոսկուա]]: Կապ կը հաստատէ ուսանողութեան հետ, որոնց կարգին՝ [[Սմբատ Շահազիզ]]ի:
== Ստեղծագործական Կեանք ==
[[1891 թուական|1891]]-ին կը հրատարակուի իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը։ [[1898 թուական|1898]]-ին երկրորդը։ [[1901 թուական|1901]]-ին լոյս կ'ընծայէ երգիծական կարգ մը էջեր՝ «Գրչի հնարքներ» անունով։
 
Կեանքին իսկ բերումովյ Զատուրեանի քերթողութիւնը խառնուրդ մըն է անարդարութեան դէմ ընդվզումի, վշտի և տառապանքի։ Զինք կը գտնենք մօտիկ՝ համեստ, աշխատաւոր, անիրաւեալ դասակարգին . պանդախտներուն։ հայրենասիրութիւնը բռնկուն կրակ մըն էիր հոգիին մէջ, ու հաւատայ թէ «արեան գնով» ու մարտիրոսներու և նահատակներու ճամբով միայն կարելի է ազատութիւն ձեռք ձգել։ Մեր ազատագրական պայքարի առաջին երգիչներէն մէկն է։ Սասնոյ [[1893-1894]]-ի ապստամբութեան նուիրած է «[[Որդեկորոյս մայրերին»]] խորագրուած իր բանաստեղծութիւնը՝ որ հրաւէր մըն է չողբալու և չսգալու կորուստը անո՜նց, որոնք ազատութեան համար կ'իյնան։
 
Նաև սիրային իր երգերուն մէջ, Ծատուրեան կը յատկանշուի չգոհացուած, անտեսուած, որբացած մարդու հոգեբանութեամբ։ Տառապանքը ամէնէն ցայտուն գիծն է իր քերթողութեան, ու թէեւ մեծ սլացքներ կամ ներշնչումի զօրեղ թափ չունի, սակայն խորունկ և ապրուած զգացումներու մէկտեղում մըն է արտայայտութեան միջին կարելիութիւններով<ref>{{Գիրք:Դար մը գրականութիւն|հատոր Ա.՛{411}}</ref> :