«Գաբրիէլ Սեւեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: (արւմտ․) using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: 7]]ի → 7]]-ի, 8]]ի → 8]]-ի using AWB
Տող 9.
Վարժարանի տեսչութեան կողմէ Օրթագիւղի բժիշկ կ'անուանուի [[1847]]-ին երբ ամբողջ [[Պոլիս]]ը քօլերայի համաճարակէն կը կեղեքուէր։ Սեւեան 4 ամիս ճարտարօրէն կը դարմանէ հիւանդները։ [[1849]]-ին աւարտելով քննութիւնները կը վկայուի Տօքթօր յիշեալ ընկերներուն հետ, և կ՛անուանուի բժիշկ։ Պոլսոյ Մալթէփէի զինուորական ծառայութենէն ետք կը նուիրուի ծովային բժշկութեան։ [[1850]]-ին Տօթք․ Սեւեան առաջին հայը ըլլալով կը կարգուի բժիշկ Կայսերական Շահապը Պահրի մարտանաւին վրայ, որ ամիս մը վերջ կ՛ուղեւորուի Թուլօն, Դարջին Սամոս կը ղրկուի, որ այն ատեն ապստամբած էր եւ ուր Օսմանեան բանակներուն հրամանատար Պօնաբարդ Մուսթաֆա Փաշայէն բժշկապետ կ՛անուանուի՝ ծովային եւ ցամաքային հիւանդանոցներուն։
 
[[1851]]-52-ին պաշտօնավարելով, [[1852]]-ին Սուրիա ղրկուած նաւատորմին գլխաւոր բժիշկ կը կարգուի եւ այդ պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ [[1855]]։ [[1856]]-ին [[Եգիպտոս]] կ'երթայ այցելելով հնութիւնները։ [[1857]]-ին [[Անգլիա]] կը ղրկուի Ֆեթհիէ մարտանաւով, այս առիթով Տօքթ․ Սեւեան կը բարձանայ քայմագամի աստիճանին։ [[1857]]-ին Ֆեթհիէ փոթորիկի մը բռնուելով ընկղմելու մօտ կ'երթայ [[Իսպանիա|Սպանիոյ]] եզերքը ֆէրրոլի մօտ, ուր կը ստիպուի [[Խարիսխ (այլ կիրառումներ)|խարիսխ]] նետել եւ մնալ ինը ամիս նորոգութիւններ կատարելու համար։ Հոն ոչ միայն իբրեւեւ բժիշկ անձնուիրութեամբ կը խնամէ հիւանդները, այլ եւ իբրեւեւ հաւատարիմ հպատակ իր տէրութեան անոր կենսական շահերն ալ կը պաշտպանէ քաջութեամբ։
 
Ֆեթհիյ իր նորոգութիւնները աւարտելէն ետք, [[1858]] [[Մայիս]]ին Պոլիս կը վերադառնայ՝ Սուլթան Մէճիտ իր սոյն զբօսանաւով Սելանիկ Քիոս կղզին կը ճամբորդէ։ [[1859]]-ին, Տօքթ․ Սեւեան դարձեալ բժիշկն էր Ֆեթհիյէին եւ կ'ընկերանար կայսերական զբօսանաւին։
Տող 17.
[[1862]]-ին Սեւեան կը պաշտօնավարէ Պոլսոյ Ծովային հիւանդանոցը եւ այդ միջոցին կը պատրաստէ ընդարձակ տեղեկագիրներ ([[1862]]-65), որոնք կը ներկայացնէր ամէն տարի բժշկական ընկերութեան։ [[1865]]-ի Հոկտեմբերին քօլերայի մեծ համաճարակէն վերջ իբրեւ աշխատութեան վարձք կը ստանայ 4-րդ կարգի Մենիտիյէ պատուանշանը։ [[1871]]-ին բարձրագոյն հրամանով Ծովային Բժշկական խորհուրդին անդամ կ'անուանուի եւ այս առթիւ Պէյ տիտղոսով կը բարձրանայ միրալայի աստիճանին։ [[1872]]-ին նախագահ կ'անուանուի։ [[1876]] [[Յուլիս]] 31-ին՝ Կարմիր Մահիկի ընկերութեան հիմնադիր ժողովին կը մասնակցի եւ գործօն ազդեցութիւն կ'ունենայ։
 
Հակառակ իր բազամազբաղ վիճակին չմոռնար ազգն ալ եւ [[1878]]-ին կ՛ըլլայ հոգաբարձու Ս․ Գրիգոր Լուսաւորչեան վարժարանին Օրթագիւղի մէջ, ուր եռանդուն աշխատութեամբ մեծամեծ բարեկարգութիւններ կը գործադրէ, ուսմանց ծրագիրը ժամանակի պահանջներուն յամաձայն հիմնովին կը բարեփոխէ, դպրոցին նիւթականը կ'ապահովցնէ եւ կը յաջողի ընծայել ազգին՝ զարգացած երիտասարդներ։ [[1879]]-ին կայսերական Իզզետտին շոգենաւին բժշկապետ կ'անուանուի եւ դարձեալ եգիպտոս կ'երթայ, Խտիվ Թէվֆիք փաշային [[հրովարտակ]]ը տանող պատգամաւորութեան հետ։ [[1878]]-ին երբ հակահասունեան հայերէն ստուար խումբ մը առաջնորդութեամբ Հ․ Մաղաքիա Վ․ Օրմանեանի՝ կը դիմէր հայ Լուսաւորչական Եկեղեցւոյ, կը դառնայ Մայրենի Եկեղեցիին։
 
Սեւեան փաշա զբաղած է նաեւ գրականութեամբ եւ [[1886]]-ին «Ճաշակ Ոսկեղէն Դպրութեան» հանդէսին մէջ գրած է ընտիր յօդուածներ, որոնց ամէնէն ուշագրաւն էր՝ «Տելեմաքայ Արկած» Ա․ գլուխին ոսկեդարու [[գրաբար]]ով թարգմանութիւնը, որ այն ատեն բաւական աղմուկ հանեց եւ տեղի տուաւ մեծ բանակռիւներու։ Տելեմաքի թարգմանութենէն ետք Սեւան Պեյ «Կարեւորութիւն Լեզուի» անուն գրութիւն մըն ալ ունեցաւ [[1993]]-ին Գուրգէնին «Պատկեր Աշխարհիկ» գրականութեան մէջ։