«Միհրան Բարունակեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: 5ի → 5-ի using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: 1]]ի → 1]]-ի (2), 2]]ի → 2]]-ի, 6]]ի → 6]]-ի (3), 8]]ի → 8]]-ի (2) using AWB
Տող 29.
'''Միհրան Բարունակեան''' ([[10 Յուլիս]] [[1874]], [[Կեսարիա]] - ․․․ ), հայ բժիշկ։
 
Նախնական կրթութիւնը ստացած է [[Կեսարիա|Կեսարիոյ]] ամերիկեան Միսիոնարական դպրոցը եւ միջնակարգ ուսումը՝ Արգէոս բարձրագոյն վարժարանը եւ Յիսուսեանց դպրոցը: [[1888]]-ին պահ մը ուսուցչութիւն ըրած է Տոքթ. Երէցեանի դպրոցը: [[1881]]-ին գացած է [[Ամերիկա]], ուր յաճախած է Նիւ Ճըրզի Hackett’s Townի Centenna’y Collegiate Institueը մէկ տարի: [[1892]]-ին կը մտնէ Նիւ Եօրքի Համալսարանին Բժշկական Գոլէճը, ուրկէ կը վկայուի 1895-ին:
 
Ընթացաւարտութենէն անմիջապէս յետոյ մէկ տարի կը ծառայէ Alms Hense and Work House քաղաքային հիւանդանոցին մէջ, եւ յետոյ իր դարմանատունը կը բանայ իբր բժիշկ: Սակայն անիկա իր առանձին գործովը չբաւականանալով կը սկսի կառավարական եւ այլ պաշտօններու հետամուտ ըլլալ:
[[1896]]-ին Տոքթ. Բարունակեան այցելու մորթաբան կը կարգուի Նիւ Եորգի ձրի բուժարանի մորթի հիւանդութեանց բաժնին մէջ: [[1898]]-ին նոյն պաշտօնով կը փոխադրուի Եունիվըրսիթի եւ Պէլվիւ Գոլէճի դարմանատունը, ուր այդ պաշտօնը կը վարէ 8 տարի եւ կը հրաժարի [[1906]]-ին: Այս ժամանակամիջոցին ([[1897]]-[[1906]]) Եունիվըրսիթի եւ Պէլվիւի շրջանաւարտ կարգերուն կը դասախօսէ վերոյիշեալ մասնագիտութեան վրայ: Մօտաւորապէս 4 տարի ([[1897]]-[[1902]]) Պէլվիւ հիւանդանոցին մորթի եւ վեներական ախտերուն բաժնին տյցելու հիւանդներու դարմանիչը եղած է:
 
[[1906]]-ին Նիւ Եորք քաղաքին հիւանդանոցին մէջ կը ծառայէ օգնական մորթաբանի պաշտօնով եւ նոյն տարուան վերջերը արդէն իսկ կը գրաւէ իսկական դասախօսի բեմը Նիւ Եորք Past Graduate բժշկական դպրոցին եւ հիւանդանոցին մէջ. Միեւնոյն ատեն ծառայելով Փրիսպիթերեան հիւանդանոցը:
[[1911]]-ին Կուվըրնիեըր հիւանդանոցին մորթային հիւանդութեանց բժիշկ կը կարգուի:
 
Տոքթ. Միհրան Բարունակեան իբր մանագէտ մորթի եւ վեներական հիւանդութեանց, ոչ միայն վարիչն է այդ հիւանդութեանց ճիւղին համար խորհրդատու բժիշկն է [[Նիւ Եորք|Նիւ Եորգի]] իտալական երկու հիւանդանոցներուն եւ Պէյեանի Հիւանդանոցին, Նիւպըրկի Սէյնթլուքս հիւանդանոցին, եւ Նիւ Եորքի սստիկանութեան պատուոյ վիրաբոյժ: