«Պետրոս Ադամեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, replaced: 1]]ի → 1]]-ի using AWB
Տող 8.
Ծնած է [[Պոլիս|Կ․ Պոլսոյ]] Ղալաթիա թաղին մէջ [[1849]]-ին։ 8-9 տարեկանին զինք կ՛ուղարկուի թաղական վարժարան, սակայն Պետրոս չհետաքրքրուելով դպրոցով, 14 տարեականին կը սկսի այցելել Արեւելեան թատրոն։ Առաջին անգամ բեմ կը բարձրանայ, «Վիլհելմ Աշխարհակալ» գործին մէջ՝ սպայի մը դերով։ Այնքան ազդու կերպով կ՝ արտասանէ, որ իր միակ ըսելիք «մեռիր դաւաճան» խօսքերը, մէկ անգամուան մէջ իրեն սպասած ապագայի վճիռը կ՛որոշէ։ Առաջին անգամ [[1867]]-ին բեմ դուրս կու գայ, իբրև դերասան, խաղալով Ս․ Հէքիմեանի առաջնորդած դերը։ [[1869]]-ին խաղալով Վարդովեանի խումբին մէջ, կ՛անցնի [[Ռուսիա]]՝ [[Նոր Նախիջեւան]] ու կու տայ շարք մը ներկայացումներ։ Այդտեղ լսելով, որ Կ․ Պոլսոյ հրդեհը լափած է իր հօր կարողութիւնը՝ Պոլիս կը վերադառնայ։
 
[[1879]]-ին [[Տփղիս]]էն ստացած հրաւէրի համաձայն կու գայ [[Կովկաս]], ուր «Սէր Առանց Համարման» թատերախաղով հիմք կը դնէ շարք մը ներկայացումներու։ Կարճ ժամանակի մէջ Ադամեանի անունն այնքան կ՝ ընդհանրանայ, որ թատրոնը կը լեցուի ո՛չ միայն հայերով, այլ նաե՛ւ օտարազգիներով։ [[1880]] եւ [[1881]]-ի ամառները կ՝ անցնէ [[Կովկաս]]եան գաւառական հայ քաղաքներու մէջ, իսկ [[1882]]-ին կ՝ երթայ Ռուսիա եւ կը խաղայ Ն․ Նովկորոտ], [[Մոսկուա]]յի եւ այլ քաղաքներու մէջ։ [[1884]]-ին դերեր կ՝ առնէ [[Բեդեսպուրկ]]ի մէջ, ուր մեծ յաջողութիւն գտնալով կ՝ այցելէ բազմաթիւ մեծ քաղաքներ։ Վերջապէս [[1886]]-ին նորէն Տպղիս կը վերադառնայ, ուր խումբ կազմելով դարձեալ Ռուսիա կ՝ երթայ, իսկ ձմրան թատերաշրջանին կը խաղայ Տպղիսի մէջ։ [[1887]]-ին Պաթումով կրկին Ռուսիա կ՝ երթայ այցելելով Կէրճ, Սիմֆերոպոլ, Թէոդոսիա եւ [[Օտեսա]], իսկ [[1888]]-ին Մոսկուա, Կազան եւ Կ․ Պոլիս, ուր նոյնպէս խումբ կազմելով կը սկսի խաղալ արդիական նոր թատրոնին մէջ։ Այնտեղի յաջողութիւններէն ոգեւորուած, [[1889]]-ին կ՝ անցնի [[Զմիւռնիա]] եւ շարք մը ներկայացումներ կու տայ, սակայն, այդտեղէն արդէն, հիւանդ Կ․ Պոլիս կը վերադառնայ։ [[1890]]-ին բժիշկները կը յայտնեն, որ ան թոքախտ ունի։
 
Կ․ Պոլսոյ ռուս դեսպանը, որ Ադամեանին շատ կը յարգէր, կը սկսի այդ հիւանդութեան առաջքը առնել տեղաւորելով զայն ռուս Ս. Նիկողայեսեան հիւանդանոցին մէջ։ Սակայն չնայած ամենամեծ եւ լուրջ խնամքին՝ Ադամեանը չի բուժուիր եւ 2 Յունիս, [[1891]]-ին կը մահանայ Կ․ Պոլսոյ մէջ։
Տող 23.
 
{{DEFAULTSORT:Ադամեան, Պետրոս}}
 
[[Կատեգորիա:Հայ դերասաններ]]
[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ]]