«Սեբաստացի Մուրատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Այլ Էջեր: removed: (արւմտ․) using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: 0]]ի → 0]]-ի, 3]]ի → 3]]-ի, 4]]ի → 4]]-ի, 6]]ի → 6]]-ի, 7]]ի → 7]]-ի, 8]]ի → 8]]-ի using AWB
Տող 16.
Ծնած է [[Սեբաստիա|Սեբաստիոյ]] Կովտուն Գիւղին մէջ՝ Սեբաստիայէն 20 քմ արեւելք, ուրկէ ստացած է Սեբաստացի Մուրատ անունը։ Ան աղքատ ընտանիքէ մըն է, որ վերջերս մեկնած էին դէպի Սեբատիա ու շատ համբաւաւոր ու սիրուած դէմք եղած է համայն սեբաստացիներուն համար<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/256482 Սեբաստացի Մուրատը Անմահացնելու Համար…]</ref>։ երբ հովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար, Մուրատ սպաննեց յարձակող թուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, բայց փոխարէնը՝ հօրը բանտարկեց եւ Մուրատ ստիպուեցաւ յանձնուիլ, որպէսզի փրկէ հօրը։ Բանտարկուեցաւ, բայց կարճ՝ քանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։ Անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ երեկոները դպրոց յաճախեց՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։
 
Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ [[Հնչակեան Կուսակցութիւն|Հնչակեան կուսակցութեան]], որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ [[Պոլիս]]էն իր ընկերներով։ Անցաւ [[Եգիպտոս]] ու [[Յունաստան]]։ Բայց արդէն չէր կրնար հայրենիքէն հեռու մնալ։ Գնաց [[Թիֆլիս]], ուր նորակազմ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Դաշնակցութիւնը]] կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ ուղարկուեցաւ [[Կարս]]՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար։ [[1903]]-ին իրականացաւ Մուրատի տարիներու երազը, երբ Թորգոմի առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։
 
[[Մուշ]] եւ [[Սասուն]], [[Հրայր դժոխք|Հրայր Դժոխքի]] եւ [[Գէորգ Չաւուշ]]ի կողքին, Սեբաստացի Մուրատ կը դառնայ խիզախ զինուոր եւ կը գրաւէ բոլորին ուշադրութիւնը։ Կարգուեցաւ խմբապետ եւ [[1904]]-ի գարնան, երբ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան հրամանատարական կազմը կ՚որոշուէր, Մուրատի առաջարկուեցաւ ընդհանուր հրամանատարի պատասխանատուութիւնը։ Բայց Մուրատ կը մերժէ եւ կը պնդէ, որ պաշտօնը տրուի [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկին]]։ Ան հռչակ կը ստանայ երբ Երկրորդ Ապստամբութեան աւարտէն ետք, [[Աղթամար կղզի]] հաւաքուած ֆետայիներու ժողովէն ետք, Թրքական զօրքի պաշարման շղթան կտրելով, կը գրաւէ նաւ մը եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցնէ։
 
[[1905]]-ի հայ-թաթարական կռիւներու ամբողջ տեւողութեան, [[Նիկոլ Դուման]]ի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ մղուած հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան պայքարին յառաջապահներէն հանդիսացաւ Սեբաստացի Մուրատ։ Ան յատկապէս [[Զանգեզուր]]ի եւ [[Նախիջեւան]]ի ճակատներուն վրայ մարտեր ղեկավարեց։
 
[[1906]]-ին վերադարձաւ [[Սասուն]], մասնակցեցաւ [[1907]]-ի հերոսական կռիւներուն։ Եւ երբ ապստամբութեան աւարտին, կը մասնակցի Վիեննայի մէջ գումարուած [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]]. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովին ան դաշնակցական մարտիկներուն կամքը կը ներկայացնէր եւ ժողովի որոշումով, կ՚ուղղուի դէպի [[Պարսկաստան]]՝ իր պատասխանատու մասնակցութիւնը բերելու համար Սահմանադրական ուժերու կողքին Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան։
 
[[1908]]-ին, հռչակուեցաւ Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, Մուրատ երկար ժամանակի համար վերադարձաւ [[Սեբաստիա]]։ Բնաւ չհաւատաց Սահմանադրութեան եւ շարունակեց ժողովուրդի զինման եւ երիտասարդներու պատրաստութեան գործը։ [[1910]]-ին, իր ընկերներու եւ շրջապատի ճնշման տակ, ամուսնացաւ՝ [[Դանիել Վարուժան|Դանիէլ Վարուժանի]] կնքահայրութեամբ (որ Մուրատի պաշտողներէն էր եւ անոր նուիրած է իր քերթուածներէն մէկը)։
 
Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին, երբ Իթթիհատական ոճրապետութիւնը ձեռնարկեց հայերու զինուորագրումին, Մուրատ ըմբոստացողներէն մէկը եղաւ՝ իր զինակցներով քաշուելով լեռները, որպէսզի ապստամբ հայերու պատրուակ չտայ թուրքերուն։ Ան ետքը Հարիւրաւոր գաղթական ժողովուրդի եւ զինեալ երիտասարդութեաան գլուխն անցած՝ Մուրատ դժուարին ճամբորդութիւն մը կատարեց, թուրքերու կողմէ բռնագրաւուած առագաստանաւով, դէպի [[Պաթում]] (Մուրատի ոդիսականին պատմականը կատարած է [[Զապէլ Եսայեան]])։
Տող 30.
[[Կովկաս]] հասնելով՝ Մուրատ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Կամաւորական շարժման։ Ռազմաճակատներու վրայ, իր խոյանքներով, միշտ կացութիւններ փրկեց։ Եւ Արեւմտահայաստան մտնող ռուսական զօրքերուն ու հայ կամաւորներուն հետ՝ Սեբաստացի Մուրատ եւ [[Կայծակ Առաքել]] պատմական տարողութեամբ փրկարար գործեր կատարեցին։
 
Ռուսական զօրքի նահանջէն եւ, այնուհետեւ, լենինեան «տուն-դարձ»ի կոչէն ետք, Մուրատ եւ Սեպուհ, որոնք Սասնոյ կռիւներու օրերէն անբաժան դարձած եւ եղբայրացած էին, կը մեկնին Պաքու՝ որ իրենց ընկերոջ Համազասպի հրամանատարութեան տակ հայ քաջորդիներու շարքերուն մէջ կռուին։ [[4 Օգոստոս]] [[1918]]-ին նահատակուեցաւ Մուրատ՝ պատրաստելով յաջորդ օրուան, [[5 Օգոստոս]] [[1918]]-ի Պաքուի հայութեան յաղթանակը Նուրի փաշայի թրքական զօրքերուն դէմ։
 
== Գրականութիւն ==