«Վահան Գարտաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Վահան Քարտաշյան}} using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, replaced: 1]]ի → 1]]-ի, 9]]ի → 9]]-ի using AWB
Տող 30.
 
== Կենսագրութիւն ==
Կը պատկանի Ետիգարտաշեաններու ընտանիքին, որոնց մէկ ճիւղը կը գտնուի [[Ռումանիա]] եւ միւսը՝ [[Եգիպտոս]]: Իր նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին վարժարանը եւ յետոյ յաճախած՝ Սէնթ Պազիլ Յիսուսեանց վարժարանը ([[1890]]-[[1900]]): [[2 Յուլիս]] [[1902]]-ին կ'երթայ [[ԱՄՆ|Մ. Նահանգները]] եւ կը մտնէ Եէյլի համալսարանը եւ կը հետեւի օրէնսգիտութեան ([[1905]]-[[1908]]): Համալսարանը աւարտելէ յետոյ կ'ընդունուի օրէնսգէտներու կաճառին մէջ եւ [[1909]]-ին կը կազմէ ընկերակցութիւն մը ուրիշ փաստաբանի մը հետ: [[1911]]-ին կ'ըլլայ տնօրէն, խորհրդական եւ վիճակագիր [[Ամերիկա]]յի Օսմ. Առեւտրական Սենեակին եւ խորհրդական Ուաշինկթընի Թրքական Դեսպանատան եւ [[Նիւ Եորք]]ի Թրքական Ընդհ. Հիւպատոսարանին ([[1910]]-[[1914]]): [[1913]]-ին Ելմտական գործակալ Թուրքիոյ Միացեալ Նահանգաց մէջ, եւ [[1914]]-ին օգնական բարձր յանձնակատար [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]]՝ [[Սան Ֆրանսիսքոյի Հայերը|Սան Ֆրանսիսքոյի]] Միջազգային արուեստահանդէսին:
 
Ընդհանուր պատերազմէն յետոյ թրքական ծառայութիւնը կը թօթափէ եւ կը գտնուի ազգային կեանքի մէջ, եւ կ'աշխատի հայկական անկախութեան դատին համար եւ կը վարէ Հոկտեմբեր [[1918]]-էն [[1923]] պատուակալ տնօրէնութիւնը Փրէս Պիւրոյի եւ James W. Gerardի ատենապետութեան տակ գործող Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբին: