«Տիրան Աճէմեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎top: clean up, replaced: 9]]ի → 9]]-ի using AWB
Տող 31.
Ուսումը կը ստանայ Հալէպի գերմանական վարժարանը, սկիզբէն ի յայտ կը բերէ արուեստագէտի խառնուածք եւ հակում դէպի գծագրութիւն, ինչ որ հետզհետէ կը փոխուի [[Ծաղրանկարչութիւն|ծաղրանկարչութեան]]: Այս մէկը պատճառ կը հանդիսանայ մօտենալու բեմին, որուն կը նուիրուի սրտեռանդ:
 
[[1919 թուական|1919]]-ին կ’անցնի Պոլիս ու ծաղրանկարներ կը հրատարակէ «Կավռօշ»ի մէջ։ Պոլսոյ Հայ Տրամադիկը, նաեւ Կովկասէն եկած դերասան Օվի Սեւումեան խորապէս կը տպաւորեն զինք բեմին կապուելու համար: Հալէպ դարձին՝ կը կազմէ Երիտասարդաց Միութեան Թատերախումբը։
 
[[1921 թուական|1921]]էն սկսեալ կը բեմադրէ զանազան թատերախաղեր, որոնցմէ յիշենք «Կործանուածը», «Աւերակների վրայ», «Պատուի համար», «Արցունքի հովիտը», «Հին աստուածներ», եւայլն: