«Ֆեռնան Քոնթանտէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Անձնական կեանքը: clean up, replaced: {{W/Ref-en}} → {{ref-en}} using AWB
Չ clean up, replaced: 0ի → 0-ի (2), 1ի → 1-ի, 2ի → 2-ի, 3ի → 3-ի (2), 7ի → 7-ի (2), 8ի → 8-ի (2), 9ի → 9-ի, 5]]ի → 5]]-ի using AWB
Տող 35.
Սիրուած երգիչ՝ Ֆեռնանտէլ ձայնագրած է բազմաթիւ նուագասալեր։
 
Իր համբաւը զօրավար տը Կօլին 1968ին1968-ին վկայել կու տայ, որ Ֆեռնանտէլ ամենէն ճանչցուած ֆրանսացին է իրմէ ետք։ Երգիծաբան [[Մարսէլ Փանըօլ]] իր կարգին զինք կը սեպէ դարուն ամենէն խոշոր եւ սխրալի դերասաններէն, որ միայն [[Չարլի Չափլին]]ին կրնայ բաղդատուիլ։
 
== Կենսագրական ==
Տող 47.
Վարժարանէն ելած՝ խոնարհ եւ առաւել դիպուածաւ գտած գործերու գլուխը կ'անցնի՝ ոչ մէկ տեղ տեւապէս մնալով եւ յաճախակի ճամբուելով։
 
Բացառութիւնը կը կազմէ օճառի գործատունը, ուր ինք կը պաշտօնավարէ մինչեւ 1925, երբ զինուորութեան կը կոչուի։ Զինուորութիւնը դժուարութիւն չի ստեղծեր իրեն համար, քանի որ ծառայութեան իր վայրը Մարսիլիա ըլլալով՝ Ֆեռնանտէլ ամէն գիշեր տունը կը դառնայ։ Զինուորութեան անմիջապէս ետքն է, որ կը ստորագրէ առաջին իր պայմանագրութիւնը իբրեւ երգիչ։ Իր անդրանիկ ելոյթը 1927ին1927-ին կը կատարէ, [[Պորտօ|Պորտո]]յի մէջ։
 
=== Փարիզեան Տարիները ===
1928ի1928-ի վերջաւորութեան Ֆեռնանտէլ առաջին իր ելոյթները կ'ունենայ Փարիզի մէջ։ Անոնցմէ մէկը, որ նաեւ խօսք ու զրոյցէն եւ պարէն կազմուած է, կը հիացնէ բեմադրիչ Մարք Ալէկրէ, որ Ֆեռնանտէլին դեր մը կ'առաջարկէ Սաշա Կիթրիի հետ մէկտեղ ստեղծելիք Ճերմակը եւ Սեւը շարժապատկերին մէջ։
 
1930ին1930-ին է որ Ֆեռնանտէլ կը նետուի շարժարուեստի ասպարէզը։
 
1932ին1932-ին աւելի կարեւոր դեր մը կը ստանձնէ Տիկին Հիւսոնի Վարդաստան երիզին մէջ, որ բեմադրուած է Կի տը Մօփասանի նորավէպի մը հիման վրայ։
 
=== Շարժապատկերները ===
Տող 61.
Շարժապատկերի շլացնող յաջողութիւնը արգելք չի յարուցաներ երգիչի իր գործունէութեան։ Ֆեռնանտէլ կը մասնակցի երաժշտական բազմաթիւ կատակերգութեանց, որոնցմէ շատերը շարժապատկերի վերածուած էին այնուհետեւ։
[[Պատկեր:Laleggeèlegge.JPG|250px|մինի|աջից|Օրէնքը օրէնք է (շարժապատկերէն տեսարան մը)]]
1937ին1937-ին կը հրապարակէ առաջին իր յուշագրութիւններն ու թերթօնները, զորս տպագրող համայնավար օրաթերթ «Ce soir» ձեռքէ ձեռք կը խլուէր։
 
1939 զօրակոչի կ'ենթարկուի [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] դէմ հռչակուած պատերազմին պատճառով եւ զինուորութիւնը Մարսիլիոյ մէջ կը կատարէ։ Շուտով սակայն կ'արձակուի, երբ կը ստորագրուի զինադադարը։
Տող 71.
 
== Տոն Քամիլլօ ==
1950-ականներուն Ֆեռնանտէլի աստղը կրկին կը շողայ Կարմիր Իջեւանատունը (1951) եւ Ալի Պապա եւ Քառասուն Աւազակները (1954), ինչպէս նաեւ Կովը եւ Բանտարկեալը երիզներու մէջ։ Վերջինս բեմադրուած է հայազգի [[Անրի Վերնոյ]]ի ձեռքով 1959ին։1959-ին։
 
Սաշա Կիթրիի գործի մը վրայ հիմնուած Ատեմար կամ Բախտի Խաղալիք շարժապատկերը /1951/ կը բեմադրէ Ֆեռնանտէլ անձամբ։
Տող 77.
Սակայն իր փառքին պսակը կը մնայ Տոն Քամիլլօ հատուածաշարը՝ Ճովանինօ Կուարեսքիի վիպակերէն ներշնչուած։ Իտալական փոքր գիւղին քահանային եւ համայնավար գիւղապետին արտաքնապէս քօղարկուած, սակայն ներքուստ՝ կատաղի մրցակցութիւնը դիտողներու ուշադրութիւնը կը սեւեռէ Պաղ պատերազմի այդ տարիներուն։
 
Հատուածաշարը վեց երիզէ բաղկացած է. Տոն Քամիլլոյի Պզտիկ Աշխարհը (1951), Տոն Քամիլլոյի Վերադարձը (1953), Տոն Քամիլլոյի Մեծ Կռիւը (1955), Տոն Քամիլլօ Եպիսկոպոս (1961), Տոն Քամիլլօ Ռուսիոյ մէջ (1965) եւ վերջապէս Տոն Քամիլլօ եւ Մրցակիցները, որ 1970ին1970-ին սկսած՝ Ֆեռնանտէլ չ'ամբողջացներ վերահաս խլիրդին պատճառաւ<ref>Le film sera entièrement retourné avec d'autres comédiens, le réalisateur Christian-Jacque et Gino Cervi (Peppone) ayant refusé de le faire sans Fernandel.{{ref-fr}}</ref>։
 
1953ին1953-ին երբ դերասանը իր դստեր Ժանինի հետ [[Հռոմ]] կը գտնուի, Պիոս Է Պապը կը հրաւիրէ զիրենք՝ փափաքելով ճանչնալ «քրիստոնեայ աշխարհի՝ Պապէն ետք ամենէն ճանչցուած հոգեւորականին հետ»։ Ֆեռնանտէլի մոմէ արձանը հոգեւորականի սքեմով զետեղուած է Փարիզի Կրեւէն թանգարանի մէջ։
 
Ֆեռնանտէլի ձայնագրած Ալֆոնս Տօտէի երկերը նոյնպէս գնահատանք կը գտնեն [[Ֆրանսա]]յի մէջ։
 
1963ին1963-ին Ժան Կապէնի հետ կը հիմնէ Կաֆեր արտադրիչ ընկերութիւնը, որու անունը կազմուած է երկուքին անունի վանկերէն։ Ընկերութեան անդրանիկ արտադրանքը կ'ըլլայ «Ժիլ Կրանժէի ապերախտ տարիքը» երիզը
 
== Վախճանը ==
[[Պատկեր:Grave monument of Fernandel.JPG|170px|մինի|աջից|Ֆեռնանտէլի դամբարանը, Փասիի գերեզմանոց]]
Ֆեռնանտէլ կը տառապէր խլիրդէ, սակայն ընտանիքը գաղտնի կը պահէր իր վիճակը մինչեւ վերջ։ Փետրուար 26 1971ին1971-ին հիւանդութենէն այլեւս սպառած դերասանը կը վախճանի ամբողջովին մարմարաշէն իր յարկաբաժինի մէջ որ կը գտնուի 44 avenue Foch Փարիզի 19րդ թաղամասին մէջ։ Կը թաղուի Փասիի գերեզմանոցը<ref name="aaa">{{cite web | url=http://fernandel.online.fr/index_vie.htm Biographie | title=fernandel.online.fr}}{{ref-fr}}</ref>։
 
== Անձնական կեանքը ==
Ֆեռնանտէլ երկու եղբայր ունեցած է. Օկիւստ-Մարսէլ, իրմէ 6 տարի երէց, որու հետ կը գործակցէր յետագային եւ Ֆրանսիս, 11 տարի իրմէ կրտսեր, ինչպէս նաեւ քոյր մը։
 
[[1925]]-ին՝ 22 տարու կ'ամուսնանայ Էնրիէթ Ֆելիսի Մանսի հետ (1902-1984), որ իր բարեկամ Ժան Մանսի քոյրն էր<ref name="aaa"/>։ Ամոլը երեք զաւակ կ'ունենայ. Ժոզէթ, Ժանին եւ Ֆրանք։
 
Ֆեռնանտէլ կեղծանունին հեղինակը զոքանչն է, որ զինք այդպէս կոչած է Fernand d'elle «իր Ֆեռնան» ըսել է<ref>[http://frenchfilmguide.com/biogs/FFG_Fernandel_bio.html Fernandel 1903&ndash;1971 (biography)]. French Film Guide.{{ref-fr}}</ref><ref>{{cite book|author1=Dayna Oscherwitz|author2=MaryEllen Higgins|title=The A to Z of French Cinema|url=https://books.google.am/books?id=57aIGJqhWDcC&pg=PA162|date= 2009|publisher=Scarecrow Press|isbn=978-0-8108-7038-3|pages=162–}}{{ref-en}}</ref>։ Կարելի է սակայն, որ Ֆեռնանտէլ փրովանսերէնով պզտիկ Ֆեռնան ըսել է։