«Պօղոս Մելիքշահեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կեսագրութիւն: clean up, replaced: 8]]ի → 8]]-ի using AWB
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
[[Պատկեր:Armenian monastery of s apostles in moush.jpg|մինի|'''Մշոյ վանք''']]
[[Պատկեր:Jerusalem infobox image.JPG|մինի|Երուսաղէմ]]
'''Պօղոս Մելիքշահեան''' ([[1788]]- Կրգաղաճ ([[Իզմիր]]ի մօտ) - [[10 Յունիս]] [[1855]], [[Կոստանդնուպոլիս]]), հայ փիլիսոփայ, մանկավարժ, հասարակական գործիչ, բնագէտ ([[ֆիզիկոս]])։
 
== Կեսագրութիւն ==
Գիտութեան աշխարհին մէջ Հայը ամէնէն քիչ ներկայացուցիչները ունեցած է անցեալ դարուն եւ եղած բացառութիւններն ալ երբեք չեն կրցած զերծ մնալ կրօնքի ազդեցութենէն, որ կերպով մը հեռու պահած է միշտ հայ միտքը գիութիւնէն։ Մէկ քանի Հայ բժիշկներէ, իբր [[Գիտութիւն|գիտութեան]] նուիրուած անձ եւ որքան որ ալ այժմու գիտական լայնածաւալ մթնոլորտին մէջ, փոշիի հատիկի մը արժէքն իսկ ունենալու իրաւունք չունի, սակայն նկատելով իր ժամանակը, իր լուսաւորելու փափաքները եւ մանաւանդ այն [[սերմ]]ը, որ ցանած է իր յաջորդներուն համար՝ ծնցնելով գիտութեան սէրը, կ՛ընեն զինք արժանիքի տէր հայ գիտնական մը։
 
Սիմոն Մելիքշահեանի զաւակն էր Պօղոս, որ [[1788]] թուականին ծնած է Գըրգ Աղաճի մէջ, իր մանկութեանը դպրոց կ՛երթայ թէեւ, բայց երբ աւելի կը խելահասի՝ դժգոհանալով իր հոն ստացած ուսմունքէն, [[Իզմիր]] կը մեկնի եւ կ՛աշակերտէ Տ․ [[Օհան Վանանդեցի]] քահանային, երբ արդէն 17 տարեկան էր։
 
Սակայն իր յիշատակութեամբ, հոն երեք տարի ապարդիւն աշխատելով Պոլիս կու գայ, պանդուխտ եւ անօգնական, երբ հազիւ 20 տարեկան էր։
 
ՊոլսոյՊոլսո մէջ բոլոր պատուելիներուն կը յաճախէ եւ բնագիտութեան մասին փոքրիկ գրքոյկ մը կը պատրաստէ՝ ձեռագիր, որոն մէջ Ֆիզիքա քրիստոնէական [[կրօն]]քի ճշմարտութիւնը բնականէն հաստատած է։
 
Այդ միջոցներուն Փէշտիմալճեան Գրիգոր պատուելիի համբաւն ալ իրեն հասած ըլլալով, ի վերջոյ անոր կը դիմէ, կարծելով թէ աւելի լուսաւորութիւն պիտի ստանայ անորմէ։
 
Ֆիզիքա՝ Պեղճեան Գազէզ ամիրային պաշապանութիւնը կը վայելէ, որ այն ատենուան բոլոր ուսումնականներուն կը ներկայացնէ զինքը․ ասով Ֆիզիքա, որ [[Պոլիս]] եկած էր սովորելու համար, կամաց-կամաց ինք կը սկսի ուսուցանել։
 
«Ես ճշմարտութիւնը ճանչնալ կ՛ուզեմ եւ ճշմարտութիւնը ուսմունքով կը ճանչցուի», կը պատասխանէ Պօղոս․ «Ես լեցուն կանթեղ մը եմ, կ՛ըսեն թէ շատ իւղ կայ այդ կանթեղին մէջ, բայց մէկը պէտք է վառէ կանթեղը որպէսզի լոյս տայ»։
 
Փէշտիմալճեան Պօղոս Պատրիարքին կը պատմէ Ֆիզիքային ուշիմութիւնը, որ Պատրիարքարան հրաւիրելով ի ներկայութեան Պէղճեանի եւ ուսուցիչներու, կը քննեն Պօղոսը, որով կը հասկնան թէ՝ այս բարձր ուսմունքը եւ գիտութիւնը բնական է եւ ոչ թէ ստացական, մանաւանդ անոր բնագիտութեան նոր հեղինակութեամբ։ ժողովը հաւնելով Ֆիզիքային տուած պատասխանները, այդ օրը կը հռչակեն զինք Պատուելի եւ Ֆիզիքա պատուանունն ալ կու տան իրեն, երբ տակաւին 23 տարեկան էր։
 
Քանի մը տարիներ ուսուցչութիւն կ՛ընէ Պէզճեանի տան մէջ ամիրային քեռորդւոյն եւ յետոյ հրաժարելով անկից կ՛երթայ [[Իզմիր]] եւ անկից [[Երուսաղէմ]] [[1820]]-ին։
 
Երբ [[Եգիպտոս]]ի փոխարքային գործակատար Պօղոս պէյ անոր Երուսաղէմ գալը կը լսէ, կը հրաւէրը քիչ մը ատեն կը մնայ եւ անոր կարգադրութիւնովը Իզմիր կը վերադառնայ ուր 2 տարի վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարէ։ Անկէ վերադառնալով Պոլիս՝ Պէղճեանի առաջարկութեամբ Օրթադիւղի դպրոցին հայկաբան կ՛անուանուի։ Հոն ալ երու տարի կենալէ ետք երբ կը տեսնէ որ երկպառակութիւն կայ ազգին մէջ Պրուսայի Մատթէոս Առաջնորդի առաջարկութեամբ [[Պրուսա]]յի վարժարանին վարժապետ կ՛անուանուի ուր 3 տարի կենալէն ետք կը հրաժարի, եւ կ՛երթայ դարձեալ Երուաղէմ։
 
Միաբանութեան վարժպետութեան համար Պօղոս Պատրիարքի հրաւէրով, հոն տարիուկէս կենալէն ետք դարձեալ Պոլիս կու գայ, եւ Չուգուր խանի մէջ սենեակ մւ վարձելով, շուկայի արհեստաւոր տղաքներուն եւ կատարեալ մարդոց դասատուութիւն կ՛ընէ։
 
Այն ժամանակները Ազգը երկուքի բաժնուած էր, մին լումայափոխներուն, իսկ միւսը՝ արհեստաւորաց դասակարգը, ասոնց առաջինին կեդրոնատեղին Մեծ Նոր Խանն էր, իսկ երկրորդինը Պէշիկթաշ՝ Պալեան Կարապետ ամիրայի տունը։
 
Ստեփաննոս Պատրիարք Աղաւնի լումայափոխներուն կուսակիցն էր նոյնպէս այն ատեն կրօնական թոյլտութեամբ բողոքականութիւնը սկսած էր Ազգին մէջ տարածուիլ, այս երկու պատճառներն էին ազգին մէջ գժտութիւն յառաջ բերող, որոնք սկսան իրարու թշնամական ցոյցեր ընել, եւ գորը այնքան ծայրայեղութեան գնաց որ մինչեւ կառավարութիւնը միջամտեց եւ Պալեան Կարապետ ամիրան կանչեով խրատեց որ զիրար հաշտեցնեն։ Ան ալ հաշտասէր ըլլալով Սեբաստիոյ Առաջնորդ Յակոբոս Եպ-ը Պոլիս բերել կու տայ որ Աղաւնիի տեղ Պատրիարք կ՛ընտրուի։
 
Այս վէճերուն հետեւանքով շաըեր աքսորուելով Ֆիզիքա եւս անոց բաղդակից կ՛ըլլսյ եւ քանի մը օրեր Պատրիարքարանի մահապարտաց բանտը խցարգիլուելէ վերջ հիւանդոտ վիճակի մէջ կ՛աքսորուի [[Կեսարիա]], իր ձեռագիր հեղինակութիւնները որոնք 16էն աւելի էին քննութենէ կ՛անցրնեն ուր ըստ Ստեփաննոսի վկայութեանն․ «Մէջը շատ պատուական բաներ կային, մինչեւ անգամ Շնորհալին այն բերանները չէ կրցեր ընելու»։ Ցաւալի է որ այդ ձեռագիրները բոլորն ալ այրուած են այն ատենները՝ արդիւնք չքաշելու եւ չարաշահութեան։
Ցաւալի է որ այդ ձեռագիրները բոլորն ալ այրուած են այն ատենները՝ արդիւնք չքաշելու եւ չարաշահութեան։
 
Ֆիզիքա [[1839]]-ին Պոլիս վերադարձաւ․ սակայն շատ ցաւեցաւ եւ անմխիթար հիւանդացաւ երբ տեսաւ իր հեղինակութիւններուն վիճացումը։ Կրօնական Ժողովոյ տնօրէնութեամբը ժառանգաւորաց դասատու կարգուեցաւ Վէզիր Խան Ս․ Կարապետի սենեակը, բոլոր քահանայացուներ եւ ազգայիններ հոն կուգային ուսմունք սովորելու համար, ուր լսարան մըն ալ հաստատեղ․ ինքը կը ճառէր կրօի եւ գիտութեան վրայ եւ ամէն հարցումներու կը պատասխանէր։
 
Ազգային Պատրիարքարանի նօրինութեամբ [[1848]]-ին գնաց [[Մուշ]], ուր քաղաքական խռովութիւնը մը ծագած ըլլալով, հանդարտեցուց եւ Մշոյ վանքը մնալով միաբաններուն ուսմունք սովորեցեւց եւ երեք տարի մնալէն ետք [[1851]]-ին Պոլիս վերադարձաւ Ալի փաշա Խանը սենեակ մը վարձելով դասախօսոութիւններու սկսաւ։
 
Ֆիզիքիա իր ժամանակին ամէնէն գիտուն եւ ողջամիտ անձը եղաւ որ փոխանակ ծթռած գաղափարներու հետեւելու՝ փափագեցաւ որ գիտութիւնը կրօնի հետ զուգընթաց տարածուի Ազգին մէջ, իր բնական գիտութեանց հմտութենէն է որ Ֆիզիգա պատուանունը տրուած է իրեն, ունի անտիպ գիրքեր եւ Տրամաբանութիւնը որ երկու անգամ տպուած է իր մահէն ետք։
 
Ֆիիզիգայ խեղճ վիճակով իր մահկանացուն կնքեց 68 տարու [[1855]] [[9 Յունիս|Յունիս 9-ին]]-ին Ալի փաշա խանի մէջ եւ թաղուեցաւ Պալըղլը Տէր Գրիգորիսի թաղը։
 
Իր ձեռագիր նամակը ուղղուած է Նիկողոս աղա Պալեանի։
 
== Աղբիւրներ ==
* Տրամաբանութիւն Ֆիզիքայի [[1877]]
* Սուրհանդակ [[1906]], Յունիս
* Լոյս [[1908]]
 
[[Կատեգորիա:Հայեր]]