«Մատթէոս Ուռհայեցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Աշխատութիւններ: clean up, replaced: Անգլերեն → անգլերէն using AWB
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
{{wikify}}
'''Մատթեոս Ուռհայեցի''' (ԺԱ դ․ 2-րդ կէս- մօտ [[1144]] թ․), հայ ժամանակագիր։
 
Ծնած, ապրած եւ գործած է [[Եդեսիա|Եդեսիոյ]] մէջ Ուռհա, ուրկէ առած է Ուռհայեցի կոչումը։
 
Ծննդեան ճշգրիտ թուականը յայտնի չէ։ Ծնած պէտք է ըլլայ ժԱ. դարու կէսին [[1050]]–ական թուականներուն ու վախճանած՝ [[1136]]-[[1144]] թուականներու միջեւ, վասնզի իր գործը կը հասցնէ մինչեւ 1136 թուականը եւ չի յիշատակէր Ուռհայի գրաւումը, որ տեղի ունեցած է [[1144]]-ին։ Կարծիք կայ, որ ան զոհուած ըլլայ ''Նուր էտ-Տինի'' հայր ''Իմատ-էտ-Տին Զանգի''ի կողմէ՝ [[1144]] թուականին, Ուռհայի գրաւման ժամանակ։ Իր գործէն դատելով եղած է համեստ ուսման տէր հոգեւորական մը։ Իր գործունէութեան կեդրոնը եղած է Ուռհան, որուն վանքերէն մէկուն՝ Կարմիր վանքի մէջ, եղած է երէց վանական։
 
Իրմէ մեզի հասած է կարեւոր գործ մը՝ իր ժամանակի համար նորագոյն ձեւի պատմագրութիւն կամ ժամանակագրութիւն մը։ Ուռհայեցիի ժամանակագրութիւնը իբր նիւթ ունի [[952]]-[[1136]] թուականներու միջեւ եղած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը։ Գրուած է ժամանակագրական կամ տարեգրական ձեւով, միայն թէ՝ բարեբախտաբար, հեղինակը շարք մը դէպքերու եւ անձերու մասին ունի ընդլայնումներ եւ սեփական կեցուածք որոնցմով իր գործը կը ստանայ նախորդ շրջաններու պատմագիրներու գործերուն խորքը։ Իր գործին նուիրուած է 8 տարիներ։ Իր պատմագրելու եղանակը սիրուն ձեւով նմանցուցած է ծիծեռնակի բոյն շինելուն, այսինքն՝ շիւղ առ շիւղ աճող բոյնին, որ սակայն ամուր կերպով միահիւսուած։
Տող 16.
Գ.- [[1101]]-[[1136]] թուականներու դէպքեր
Գործը ունի չորրորդ մաս մըն ալ [[1137]]-[[1162]] թուականներու դէպքերու մասին, որ շարունակած է գրել Գրիգոր երէցը։ Իր պատմագրութեան նիւթին շրջագիծը կ'իյնայ [[Միջագետք]]ի, Փոքր կամ արեւմտեան Հայքի եւ [[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] վրայ։ Ուռհայեցի իր գործը գրած է դէպքերը դիտելով Ուռհայէն, ուր ան կ'ապրէր եւ որ գրեթէ կեդրոն էր վերոյիշեալ շրջաններուն։ Բարեբախտաբար հեղինակը վերոյիշեալ ժամանակներու եւ շրջաններու միմիայն հայկական դէպքերը չէ որ մատուցած է, այլ նաեւ շրջակայ ազգերու՝ [[յոյներ]]ու, [[խաչակիրներ]]ու, [[արաբներ]]ու, սելջուկներու իրադարձութիւնները։
Գործը ունի չորրորդ մաս մըն ալ [[1137]]-[[1162]] թուականներու դէպքերու մասին, որ շարունակած է գրել Գրիգոր երէցը։
Իր պատմագրութեան նիւթին շրջագիծը կ'իյնայ [[Միջագետք]]ի, Փոքր կամ արեւմտեան Հայքի եւ [[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] վրայ։ Ուռհայեցի իր գործը գրած է դէպքերը դիտելով Ուռհայէն, ուր ան կ'ապրէր եւ որ գրեթէ կեդրոն էր վերոյիշեալ շրջաններուն։
Բարեբախտաբար հեղինակը վերոյիշեալ ժամանակներու եւ շրջաններու միմիայն հայկական դէպքերը չէ որ մատուցած է, այլ նաեւ շրջակայ ազգերու՝ [[Հույներ|յոյներ]]ու, [[խաչակիրներ]]ու, [[արաբներ]]ու, սելջուկներու իրադարձութիւնները։
 
Մատթէոս Ուռհայեցին թէեւ ապրած է ու ստեղծագործած՝ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենածանր ժամանակաշրջանին՝ հայոց պետականութեան ոչնչացման, հարազատ [[ժողովուրդ]]ի օտար տիրակալներու ծանր լուծի տակ իյնալու ժամանակաշրջանին, այնուամենայնիւ, չէ յուսահատած, ան զարմանալի կերպով լեցուած է լաւատեսութեամբ, համոզուած է, որ դեռ կու գան լաւ օրեր՝ «լաւ ժամանակներ» ու այդ [[Գիտակցությունգիտակցություն|գիտակցութեամբ]] է, որ ան կը գրէ ու [[Սերունդներիսերունդների հաջորդականություն|սերունդներ]]ուն յիշատակ կը ձգէ իր երկը։
 
Մատթէոս Ուռհայեցիի «Ժամանակագրութիւնը» շարունակած է [[Գրիգոր Երեց|Գրիգոր Երէց]]ը, հասցնելով այն մինչեւ [[1162]]-[[1163]] թուականներուն, անոր մասին գիտենք, որ [[Քեսուն]]ցի երէց էր։ [[1137]]-[[1138]] թուականներուն Քեսունի վրայ Մելիք–Մահմետի յարձակման մասին գրելու ժամանակ Գրիգոր Երեց ըսած է. «Ես նուաստ երէց Գրիգորս սրտապնդում էի (քաղաքացիներին) աչալրջօրէն պահպանել քաղաքը»։
 
== Աշխատութիւններ ==
Տող 31 ⟶ 29՝
* [http://www.jstor.org/stable/25472048 Christopher MacEvitt, The Chronicle of Matthew of Edessa: Apocalypse, the First Crusade, and the Armenian Diaspora,- Dumbarton Oaks Papers, Vol. 61, (2007), pp. 157-181]
* [http://ora.ox.ac.uk/objects/uuid%3A67ea947c-e3fc-4363-a289-c345e61eb2eb Tara L. Andrews, Prolegomena to a critical edition of the Chronicle of Matthew of Edessa, with a discussion of computer-aided methods used to edit the text. DPhil. University of Oxford. 2009]
{{վիքիքաղվածք}}
 
{{Միջնադարյան հայ պատմագիրներ եւ ժամանակագիրներ}}
 
{{DEFAULTSORT:Ուռհայեցի Մատթէոս}}
 
[[Կատեգորիա:11-րդ դարու ծնունդներ]]
[[Կատեգորիա:1144 մահեր]]
[[Կատեգորիա:Եդեսիա ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ պատմիչներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ մատենագիրներ]]