«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Takouhi մասնակցի խմբագրումները տեղափոխվել են Ծերենց հոդված:
 
Տող 7.
Տօքթ. Յովսէփ Շիշմանեան ծանօթ է Ծերենց ծածկանունով: Հայ նշանաւոր վիպագիր Ծերենց ծնած է 1822 Սեպտեմբերի 16-ին: Տասը տարեկանին կ'երթայ Վենետիկ, Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը, ուսանելու: Դասընկեր կ'ունենայ Ղեւոնդ Ալիշանը, որուն հայրենի զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերուն եւ հայագիտական լուրջ ուսում մը ստանալէ ետք, կը դադրի վանական դառնալու մտադրութենէն ու 1840-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ: 1848-ին Օգոստոսի 28-ին, Ծերենց երկար ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ եւ իր աչքերով կը տեսնէ Հայաստանի եւ Կովկասի պատմական քաղաքները՝ Կարին, Կարս, Ալեքսանդրապոլ եւ Թիֆլիս ու աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի սքանչելի բնութեան եւ իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն եւ բարքերուն, որոնք յետագային ատաղձ պիտի ծառայէին իր գրելիք պատմական արժէքաւոր վէպերուն: Մէկ կողմէն գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրն ու մասնագիտութեան մը տիրանալու անհուն տենչը, իսկ միւս կողմէ իր ապրուստին մտահոգութիւնն ու նիւթական անապահովութիւնը կրկնակ դժբախտութիւններ էին որոնք անկարելի կը դարձնէին իր փափաքներուն իրականացումը, որոնք սակայն երբեք ալ չկրցան բեկում մը առաջացնել իր հոգիին մէջ: 1848-ին Ծերենց կը մեկնի Փարիզ, այս թուականին իրեն համար կը սկսի ուսանողական նոր շրջան մը: Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ (Սեւր) ուսուցչութեամբ կը զբաղի եւ միայնգամայն կը հետեւի ֆրանսական բժշկական համալսարանի ճիւղին: Փարիզի մէջ Ծերենց կը ծանօթանայ Նահապետ Ռուսինեանի եւ անոր ընկերներուն հետ եւ ինք եւս անոնց պէս կը կրէ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը: 1853-ին, Ծերենց վկայեալ բժիշկ կը վերադառնայ Պոլիս, ուր այդ օրերուն, կաթոլիկ խումբ մը եկեղեցականներ, Հռոմի պապին դրդումով եւ Հասունի գլխաւորութեամբ կը վարէին ազգաթաւ ուղղութիւն մը, նպատակ ունենալով Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ձուլել Լատին եկեղեցիին հետ: Հասուննեաններու հակառակորդները, որոնք ծանօթ էին հակահասունեան անունով, ընդհանրապէս կը պահանջէին ազգային եկեղեցիի ինքնուրունութիւն: Թէպէտեւ այս հակընդդէմ պայքարը ըստ երեւոյթին կրօնական վէճ մըն էր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական խաղ մըն էր հայ ժողովուրդին խոշոր մէկ հատուածը հոգեւորապէս ենթարկելու Հռոմի Պապին իշխանութեան, որ կը ձգտէր վերջնականապէս հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու համայնքը ջլատել իր ազգային դիմագիծէն: Ահա այդ պայքարը իր ատենին սուր բնոյթ մը ստացաւ եւ յայտնի եղաւ Հասունեաններու Հակահասունեաններու պայքար անունով: Ծերենց, հակառակ իր կաթոլիկ ըլլալուն, կանգնեցաւ հակահասունեաններու կողքին եւ դարձաւ ազգային շարժումը գլխաւորողներէն մին եւ հանրային կեանքը յուզող ուշագրաւ ու ջղուտ յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը բերաւ Իւթիւճեանի Մասիսին, Մամուրեանի Արեւելեան Մամուլին եւ Ծիածանին: 1862-ին Սկիւտարի մէջ, որ այդ թուականներուն մտաւորական կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանար, հիմը կը դրուէր Բարեգործական անունով ընկերութեան մը, որուն կազմակերպիչները կը հանդիսանային բանաստեղծ Մկրտիչ պեշիկթաշլեան, բժիշկ Նահապետ Ռուսինեան, Ծերենց եւ ուրիշներ: Այս ընկերութեան նպատակն էր կրթութիւն տարածել յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւել, ձեռք բերելով հողային տարածութիւններ, այնտեղ հաստատելով գաղթական հայեր: 1863-ին Ծերենց իբրեւ Համազգեաց ընկերութեան ներկայացուցիչ ուղեւորուեցաւ Կիլիկիա, գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու ծրագրով, սակայն Հասունի մատնութեամբ Բ. Դուռը ետ դարձուց Ծերենցը եւ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ամբաստանելով զինք թրքական կառավարութեան դէմ որպէս յեղափոխական գաղափարներու տարածիչ: 1875-ին Ծերենց հազիւ ստանձներ էր Օրթագիւղի հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, երբ կառավարութիւնը կառավարական բժիշկի պաշտօնով զինք ուղարկեց Կիպրոս: Ասիկա տեսակ մը աքսոր էր՝ զինք առանձնացնելու համար, որպէս կասկածելի: Կիպրոսի մէջ՝ հեռու իր ծննդավայրէն, Ծերենց կը գրէ իր առաջին պատմական վէպը՝ Թորոս Լեւոնի-ն, որ կը հրատարակուի 1877-ին, Պոլսոյ մէջ: 1878-ին աքսորական կեանքին վերջ տրուելով, Ծերենց կու գայ Պոլիս, ուրկէ կ'անցնի Կովկաս եւ կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ'անցնի իր կեանքին մնացեալ տարիները: Այս շրջանին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Ազգ. Պատմութիւն Ներսիսեան վարժարանի մէջ: 1879-ին, Թիֆլիսի մէջ կը հրատարակուի Ծերենցի երկրորդ պատմական վէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»-ն, իսկ 1881-ին իր երրորդ գիրքը՝ «Թէոթորոս Ռշտունի»-ն: 1884-ին, իր դուստրին՝ Թագուհիին մահով, Ծերենց խորապէս ընկճուած, տակաւ կը կորսնցնէ հասարակական կեանքի հանդէպ իր ունեցած ոգեւորութիւնը եւ կարճ ժամանակի մը համար կ'անցնի Պոլիս, իր վիշտը մոռնալու: Սակայն անօգուտ կ'ըլլայ իր սիրասուն աղջկան յիշատակը ջնջել եւ կրկին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր երկար հիւանդութենէ մը ետք, կաթուածահար՝ կը վախճանի 1888-ին, Փետրուարի 17-ին: Ծերենցի աճիւնը կ'ամփոփուի հայկական գերեզմանատան մէջ, իր աղջկան կողքին, Րաֆֆիի եւ Գրիգոր Արծրունիի հողակոյտերուն մօտ:
 
==Երկերը==
 
Ծերենցի երկերը պատմական վէպեր են հրատարակուած՝ առանձին երեք հատորներով, որոնք ժամանակագրական կարգով հետեւեալներն են:- 1.-ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆԻ 2.-ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ 3.-ԹԷՈԹՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ
 
ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆԻ:- Ցարդ առանձին հատորով «Թորոս Լեւոնի» վէպը արժանացած է ութ հրատարակութիւններու: Իսկ 1957-ին Սովետական Հայաստանի Հայպետհրատի կողմէ լոյս տեսաւ Ծերենցի ամբողջական գործերուն մի հատորեակը՝ ((Երկեր )) ընդհանուր խորագրով: «Թորոս Լեւոնի» վէպը կը ներկայացնէ ԺԲ. Դարու Կիլիկիոյ ազատագրութեան համար Բիւզանդական տիրապետութեան դէմ հայ ժողովուրդին մղած պայքարը: «Թորոս Լեւոնի»ն հայ իրականութեան մէջ, առաջին պատմական վէպն է, եթէ նկատի չունենանք Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ գլխաւորապէս կը վերապրեցնէ ժամանակի իրադարձութիւնները: Այս գիրքը Ծերենցի յաջողագոյն ստեղծագործութիւնն է: Վէպին յատկանիշը պէտք է որոնել պատմական անցեալով ժամանակակից հրատապ խնդիրներուն ծառայեցնելու իր ձգտումին մէջ: Անոր գործին հիմնական խարիսխը ժողովուրդն է: Վէպին մէջ ցոյց կը տրուի Ռուբինեանց հարստութեան կործանումէն ետք Կ. Պոլիս գերի տարուած Լեւոն Ա.-ի եւ իր երկու զաւակներուն՝ Ռուբէնի եւ Թորոսի բանտարկութիւնը, յետոյ՝ Ռուբէնի սպանութիւնը յոյներու կողմէ: Վէպին սկիզբէն մենք կը հանդիպինք Թորոսին՝ Բիւզանդիոնի կայսր՝ Կամնենոսի պալատին մէջ, ուր ինքզինք յիմար կը ձեւացնէ պալատականներուն ուշադրութիւնը վրիպեցնելու համար իր անձին եւ իր մտերիմներուն օգնութեամբ Թորոս իշխանին փախուստը բանտէն եւ անցքը Կիպրոս ուրկէ կ'անցնի Կիլիկիա, ուր բիւզանդացիներու դէմ յաղթական քանի մը ճակատամարտներէ ետք, կը յաջողի գրաւել յունական բերդերը եւ համաժողովրդային վստահութիւն շահելով կը հաստատէ Կիլիկիոյ անկախութիւնը: Վէպը կ'աւարտի Թորոս իշխանի մահով:
 
ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ:- Այս վէպը կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի այն շրջանը որ ծանօթ է արաբական տիրապետութեամբ եւ 851-ի ժողովրդական ապստամբութեամբ: Նիւթը կառուցուած է Բագարատ իշխանի ձերբակալութեան եւ արաբ ոստիկան Ապուսեթի սպանութեան վրայ: Վէպին մէջ մենք կը տեսնենք ցնցող հոգեվիճակներ, սրտառուչ անցքեր եւ յագեցուած ընդհանրացումներ: Չորս դարու տառապանքով իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը տխուր ու սիրտ արիւնող իր նախարարներուն անմիաբանութեան հաստատումով եւ հայ ժողովուրդի խոնարհ այլ ազնիւ զաւակներէն՝ Յովնանի արի եւ իմաստուն սխրագործութիւններով ներկայացուած՝ վերականգնումի շգեղ խիզախումն ու անդրդուելի կամքը կ'արձանացնէ: Սասուն առանձին կը պայքարի արաբներու դէմ: Բուղա ոստիկանը մահու աւեր կը սփռէր: Յովնան կը ձերբակալուի ու կը նահատակուի: Ծերենց պատմական ամէն խնդիր կը կապէ ժողովուրդի դերին հետ: Ծերենցի կարծիքով կառավարողները բարոյական մեծ պատասխանատւութիւններ ունին իրենց ժողովուրդին հոգեւոր եւ նիւթական վիճակին համար: Մինչդեռ կը նկատէ որ հայ ազնուականներն ու նախարարնըրը իրենց փառասիրութեան եւ դասակարգային պայքարի հետեւանքով կ'անջատուին ժողովուրդէն ու անկարող կը դառնան պաշտպաելու երկիրն ու ժողովուրը օտար ներխուժումներու դէմ: Այդ իսկ պատճառով Ծերենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնը կը յանձնէ նոյն ինքն ժողովուրդին, ժողովուրդի հասարակ ու համեստ զաւակ՝ վէպի գլխաւոր հերոս Յովնանին, որ կ'ըսէ «Ուր որ հայ կայ պէտք է միաբանին եւ առանց նախարարաց, իրենց գլխուն ճարը տեսնեն, այդ ատեն թերեւս հայ ազգը իր փրկութիւնը գտնէ»: Այսպիսով Հայկական հարց-ի ամենաեռուն շրջանին, Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» վէպով կը քարոզէր ժողովուրդի համախմբում եւ սեփական միջոցներով ու ոյժով ազգային անկախութիւն ձեռք բերելու գաղափարը: Պատահական չէ որ ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ մեր ժողովուրդին դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մարդասիրական, տկարներու պաշտշպանութեան, այլասիրութեան, հայրենասիրութեան ժառանգութիւնները, անկորնչելի գանձը կը կազմեն մեր ժողովուրդին: Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» պատմական վէպով կ'ուզէ հասկցնել թէ «Հայկական Հարցը» նպաստաւոր լուծում կրնայ գտնել միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը համերաշխ եւ համախոհ վստահի իր սեփական ոյժերուն վրայ: Ծերենցի ստեղծած պատկերները տպաւորիչ են, չունի աւելորդաբանութիւններ: Մեղմ ու կուռ են նկարագրութիւնները:
 
ԹԷՈԹՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ:- Թէոթորոս Ռշտունի վէպը կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ծանր եւ անյուսալի այն չրջանը՝ երբ պարսկական ու բիւզանդական քաղաքական ախորժակներու եւ մրցակցութեանց որպէս արդիւնք, Հայաստան քայքայուած ու արիւնաքամ Է. դարուն կ'ենթարկուէր արաբական արշաւանքներու: Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Թէոթորոս Ռշտունին է, որ օգտուելով արաբներու արշաւանքին հետեւանքով բիւզանդական կայսրութեան թուլութենէն, արաբներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանէն դուրս վտարելու համար յոյները, որոնք այնքան անհեռատէս քաղաքականութիւն մը վարեցին Հայաստանը տկարացնելով: Սակայն արաբները կռահելով Թէոթորոս Ռշտունիին նպատակները կը ձերբակալեն զինք եւ կ'աքսորեն: Այնուհետեւ կը սկսի արաբական տիրապետութեան շրջանը Հայաստանի համար: Ծերենց այս վէպով կ'ուզէ բացատրել Հայկական Հարցի հակաշրջութենէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնը: Սակայն հեղինակը յոռետես չէ երբեք. Ան իր այս վէպով ակնարկութիւն կ'ընէ եւրոպական պետութիւններու ըթացքին օսմանեան տիրապետութեան պայմաններուն մէջ եւ կ'ուզէ հասկցնել թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կրնան պատահիլ ծանր օրեր, որոնք սակայն պէտք չէ յուսահատութեան մատնեն, այլ մեզի փնտռել պէտք է տան մեր դժբախտութիւններուն պատճառները եւ փրկութեան միջոցները, խուսափելու համար այդ ծանր վիճակներէն: Այս վէպին մէջ դէպքերու յաջորդականութեան տրամաբանական կապը թոյլ է: Ընթերցողը ականատես կ'ըլլայ վտանքներու հեշտութեամբ փարատումին եւ յանկարծուստ դէմքերու երեւումին, որոնք միանալով հեղինակին խորհրդածութիւններուն կը նուազեցնեն գիրքին գեղարուեստական արժէքը:
 
==Գրական Յատկանիշներ==
 
Ծերենց իր վէպերով եւ հրապարակագրական յօդուածներով կը ներկայացնէ ժամանակակից ազգային եւ ազատագրական ձգտումները, որոնք կը ներշնջեն հաւատք դէպի անցեալի մեր փառքերը: Ծերենց մէկն է այն առաջաւոր գործիչներէն, որ եղաւ արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտաւորականութեան սերտակցութեան եւ միաձուլման կապը: Ծերենց օժտուած է գեղարուեստագէտ-վիպագրի տաղանդով: Ան յաջողած է սեղմ եւ չոր տողերու մէջ կենդանութիւն, հոգի տալ իր ընտրած հերոսներուն, գործողութիւններու յաջորդականութեամբ հետաքրքրական դարձնել իր գործերը: Ծերենց իր վէպերով հայրենասիրութիւն կը քարոզէ ոչ թէ ճառով, այլ պատկերացումներով, ապրող տիպարներու օրինակով եւ գործով: անոր վէպերը՝ խորքով, կառուցուածքով եւ լեզուով ունին գեղարուեստական նկարագիր եւ ոչ թէ քարոզչական: Գրող հրապարակագիր, բժիշկ եւ ուսուցիչ Ծերենցը արժանի է մեծ յարգանքի մեր գրականութեան մէջ եւ ունի իր արժանի տեղը որպէս վիպագիր:
 
==Աղբիւրներ==
Ուսումնական Ծրագիր Հ. Պարիկեան Հալէպ 60-ական թուական: Մուշեղ Իշխան «Արդի Հայ Գրականութիւն - Զարթօնքի Շրջան» Էջ 121-124
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն