«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կարդացէք նաև: clean up, replaced: → oգտվելով ԱՎԲ
Չ clean up, replaced: է: → է։ (4), բ: → բ։ (2), է: → է։ (2), ը: → ը։ (13), ի: → ի։ (2), մ: → մ։ (2), յ: → յ։ (2), ն: → ն։ (14), չ: → չ։, ջ: → ջ։ (4), ս: oգտվելով [[Վիքիպեդիա:ԱվտոՎ...
Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Ծերենց}}
 
'''Ծերենց''' կամ '''Տօքթ. Յովսէփ Շիշմանեան''' (1822 -1888) հայ վիպագիր մըն է:է։
 
==Կեանքը==
 
Տօքթ. Յովսէփ Շիշմանեան ծանօթ է Ծերենց ծածկանունով:ծածկանունով։ Հայ նշանաւոր վիպագիր Ծերենց ծնած է 1822 Սեպտեմբերի 16-ին:ին։ Տասը տարեկանին կ'երթայ Վենետիկ, Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը, ուսանելու:ուսանելու։ Դասընկեր կ'ունենայ Ղեւոնդ Ալիշանը, որուն հայրենի զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերուն եւ հայագիտական լուրջ ուսում մը ստանալէ ետք, կը դադրի վանական դառնալու մտադրութենէն ու 1840-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ:ուսուցչութեամբ։ 1848-ին Օգոստոսի 28-ին, Ծերենց երկար ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ եւ իր աչքերով կը տեսնէ Հայաստանի եւ Կովկասի պատմական քաղաքները՝ Կարին, Կարս, Ալեքսանդրապոլ եւ Թիֆլիս ու աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի սքանչելի բնութեան եւ իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն եւ բարքերուն, որոնք յետագային ատաղձ պիտի ծառայէին իր գրելիք պատմական արժէքաւոր վէպերուն:վէպերուն։ Մէկ կողմէն գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրն ու մասնագիտութեան մը տիրանալու անհուն տենչը, իսկ միւս կողմէ իր ապրուստին մտահոգութիւնն ու նիւթական անապահովութիւնը կրկնակ դժբախտութիւններ էին որոնք անկարելի կը դարձնէին իր փափաքներուն իրականացումը, որոնք սակայն երբեք ալ չկրցան բեկում մը առաջացնել իր հոգիին մէջ:մէջ։ 1848-ին Ծերենց կը մեկնի Փարիզ, այս թուականին իրեն համար կը սկսի ուսանողական նոր շրջան մը:մը։ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ (Սեւր) ուսուցչութեամբ կը զբաղի եւ միայնգամայն կը հետեւի ֆրանսական բժշկական համալսարանի ճիւղին:ճիւղին։ Փարիզի մէջ Ծերենց կը ծանօթանայ Նահապետ Ռուսինեանի եւ անոր ընկերներուն հետ եւ ինք եւս անոնց պէս կը կրէ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը:ազդեցութիւնը։ 1853-ին, Ծերենց վկայեալ բժիշկ կը վերադառնայ Պոլիս, ուր այդ օրերուն, կաթոլիկ խումբ մը եկեղեցականներ, Հռոմի պապին դրդումով եւ Հասունի գլխաւորութեամբ կը վարէին ազգաթաւ ուղղութիւն մը, նպատակ ունենալով Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ձուլել Լատին եկեղեցիին հետ:հետ։ Հասուննեաններու հակառակորդները, որոնք ծանօթ էին հակահասունեան անունով, ընդհանրապէս կը պահանջէին ազգային եկեղեցիի ինքնուրունութիւն:ինքնուրունութիւն։ Թէպէտեւ այս հակընդդէմ պայքարը ըստ երեւոյթին կրօնական վէճ մըն էր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական խաղ մըն էր հայ ժողովուրդին խոշոր մէկ հատուածը հոգեւորապէս ենթարկելու Հռոմի Պապին իշխանութեան, որ կը ձգտէր վերջնականապէս հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու համայնքը ջլատել իր ազգային դիմագիծէն:դիմագիծէն։ Ահա այդ պայքարը իր ատենին սուր բնոյթ մը ստացաւ եւ յայտնի եղաւ Հասունեաններու Հակահասունեաններու պայքար անունով:անունով։ Ծերենց, հակառակ իր կաթոլիկ ըլլալուն, կանգնեցաւ հակահասունեաններու կողքին եւ դարձաւ ազգային շարժումը գլխաւորողներէն մին եւ հանրային կեանքը յուզող ուշագրաւ ու ջղուտ յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը բերաւ Իւթիւճեանի Մասիսին, Մամուրեանի Արեւելեան Մամուլին եւ Ծիածանին:Ծիածանին։ 1862-ին Սկիւտարի մէջ, որ այդ թուականներուն մտաւորական կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանար, հիմը կը դրուէր [[Համազգեաց]] անուն բարեգործական ընկերութեան մը, որուն կազմակերպիչները կը հանդիսանային բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, բժիշկ Նահապետ Ռուսինեան, Ծերենց եւ ուրիշներ:ուրիշներ։ Այս ընկերութեան նպատակն էր կրթութիւն տարածել յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւել, ձեռք բերելով հողային տարածութիւններ, այնտեղ հաստատելով գաղթական հայեր:հայեր։ 1863-ին Ծերենց իբրեւ Համազգեաց ընկերութեան ներկայացուցիչ ուղեւորուեցաւ Կիլիկիա, գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու ծրագրով, սակայն Հասունի մատնութեամբ Բ. Դուռը ետ դարձուց Ծերենցը եւ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ամբաստանելով զինք թրքական կառավարութեան դէմ որպէս յեղափոխական գաղափարներու տարածիչ:տարածիչ։ 1875-ին Ծերենց հազիւ ստանձներ էր Օրթագիւղի հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, երբ կառավարութիւնը կառավարական բժիշկի պաշտօնով զինք ուղարկեց Կիպրոս:Կիպրոս։ Ասիկա տեսակ մը աքսոր էր՝ զինք առանձնացնելու համար, որպէս կասկածելի:կասկածելի։ Կիպրոսի մէջ՝ հեռու իր ծննդավայրէն, Ծերենց կը գրէ իր առաջին պատմական վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ կը հրատարակուի 1877-ին, Պոլսոյ մէջ:մէջ։ 1878-ին աքսորական կեանքին վերջ տրուելով, Ծերենց կու գայ Պոլիս, ուրկէ կ'անցնի Կովկաս եւ կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ'անցնի իր կեանքին մնացեալ տարիները:տարիները։ Այս շրջանին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Ազգ. Պատմութիւն Ներսիսեան վարժարանի մէջ:մէջ։ 1879-ին, Թիֆլիսի մէջ կը հրատարակուի Ծերենցի երկրորդ պատմական վէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»ն, իսկ 1881-ին իր երրորդ գիրքը՝ «Թէոդորոս Ռշտունի»-ն:ն։ 1884-ին, իր դուստրին՝ Թագուհիին մահով, Ծերենց խորապէս ընկճուած, տակաւ կը կորսնցնէ հասարակական կեանքի հանդէպ իր ունեցած ոգեւորութիւնը եւ կարճ ժամանակի մը համար կ'անցնի Պոլիս, իր վիշտը մոռնալու:մոռնալու։ Սակայն անօգուտ կ'ըլլայ իր սիրասուն աղջկան յիշատակը ջնջել եւ կրկին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր երկար հիւանդութենէ մը ետք, կաթուածահար՝ կը վախճանի 1888-ին, Փետրուարի 17-ին:ին։ Ծերենցի աճիւնը կ'ամփոփուի հայկական գերեզմանատան մէջ, իր աղջկան կողքին, Ռաֆֆիի եւ Գրիգոր Արծրունիի հողակոյտերուն մօտ:մօտ։
 
==Երկերը==
 
Ծերենցի երկերը պատմական վէպեր են հրատարակուած՝ առանձին երեք հատորներով, որոնք ժամանակագրական կարգով հետեւեալներն են:են։- 1.-ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆԻ 2.-ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ 3.-ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ
 
ԹՈՐՈՍ ԼԵՒՈՆԻ - Ցարդ առանձին հատորով «Թորոս Լեւոնի» վէպը արժանացած է ութ հրատարակութիւններու:հրատարակութիւններու։ Իսկ 1957-ին Սովետական Հայաստանի Հայպետհրատի կողմէ լոյս տեսաւ Ծերենցի ամբողջական գործերուն մի հատորեակը՝ ((Երկեր )) ընդհանուր խորագրով:խորագրով։ «Թորոս Լեւոնի» վէպը կը ներկայացնէ ԺԲ. Դարու Կիլիկիոյ ազատագրութեան համար Բիւզանդական տիրապետութեան դէմ հայ ժողովուրդին մղած պայքարը:պայքարը։ «Թորոս Լեւոնի»ն հայ իրականութեան մէջ, առաջին պատմական վէպն է, եթէ նկատի չունենանք Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ գլխաւորապէս կը վերապրեցնէ ժամանակի իրադարձութիւնները:իրադարձութիւնները։ Այս գիրքը Ծերենցի յաջողագոյն ստեղծագործութիւնն է:է։ Վէպին յատկանիշը պէտք է որոնել պատմական անցեալով ժամանակակից հրատապ խնդիրներուն ծառայեցնելու իր ձգտումին մէջ:մէջ։ Անոր գործին հիմնական խարիսխը ժողովուրդն է:է։ Վէպին մէջ ցոյց կը տրուի Ռուբինեանց հարստութեան կործանումէն ետք Կ. Պոլիս գերի տարուած Լեւոն Ա.-ի եւ իր երկու զաւակներուն՝ Ռուբէնի եւ Թորոսի բանտարկութիւնը, յետոյ՝ Ռուբէնի սպանութիւնը յոյներու կողմէ:կողմէ։ Վէպին սկիզբէն մենք կը հանդիպինք Թորոսին՝ Բիւզանդիոնի կայսր՝ Կամնենոսի պալատին մէջ, ուր ինքզինք յիմար կը ձեւացնէ պալատականներուն ուշադրութիւնը վրիպեցնելու համար իր անձին եւ իր մտերիմներուն օգնութեամբ Թորոս իշխանին փախուստը բանտէն եւ անցքը Կիպրոս ուրկէ կ'անցնի Կիլիկիա, ուր բիւզանդացիներու դէմ յաղթական քանի մը ճակատամարտներէ ետք, կը յաջողի գրաւել յունական բերդերը եւ համաժողովրդային վստահութիւն շահելով կը հաստատէ Կիլիկիոյ անկախութիւնը:անկախութիւնը։ Վէպը կ'աւարտի Թորոս իշխանի մահով:մահով։
 
ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ - Այս վէպը կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի այն շրջանը որ ծանօթ է արաբական տիրապետութեամբ եւ 851-ի ժողովրդական ապստամբութեամբ:ապստամբութեամբ։ Նիւթը կառուցուած է Բագարատ իշխանի ձերբակալութեան եւ արաբ ոստիկան Ապուսեթի սպանութեան վրայ:վրայ։ Վէպին մէջ մենք կը տեսնենք ցնցող հոգեվիճակներ, սրտառուչ անցքեր եւ յագեցուած ընդհանրացումներ:ընդհանրացումներ։ Չորս դարու տառապանքով իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը տխուր ու սիրտ արիւնող իր նախարարներուն անմիաբանութեան հաստատումով եւ հայ ժողովուրդի խոնարհ այլ ազնիւ զաւակներէն՝ Յովնանի արի եւ իմաստուն սխրագործութիւններով ներկայացուած՝ վերականգնումի շգեղ խիզախումն ու անդրդուելի կամքը կ'արձանացնէ:արձանացնէ։ Սասուն առանձին կը պայքարի արաբներու դէմ:դէմ։ Բուղա ոստիկանը մահու աւեր կը սփռէր:սփռէր։ Յովնան կը ձերբակալուի ու կը նահատակուի:նահատակուի։ Ծերենց պատմական ամէն խնդիր կը կապէ ժողովուրդի դերին հետ:հետ։ Ծերենցի կարծիքով կառավարողները բարոյական մեծ պատասխանատւութիւններ ունին իրենց ժողովուրդին հոգեւոր եւ նիւթական վիճակին համար:համար։ Մինչդեռ կը նկատէ որ հայ ազնուականներն ու նախարարնըրը իրենց փառասիրութեան եւ դասակարգային պայքարի հետեւանքով կ'անջատուին ժողովուրդէն ու անկարող կը դառնան պաշտպաելու երկիրն ու ժողովուրը օտար ներխուժումներու դէմ:դէմ։ Այդ իսկ պատճառով Ծերենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնը կը յանձնէ նոյն ինքն ժողովուրդին, ժողովուրդի հասարակ ու համեստ զաւակ՝ վէպի գլխաւոր հերոս Յովնանին, որ կ'ըսէ «Ուր որ հայ կայ պէտք է միաբանին եւ առանց նախարարաց, իրենց գլխուն ճարը տեսնեն, այդ ատեն թերեւս հայ ազգը իր փրկութիւնը գտնէ»: Այսպիսով Հայկական հարց-ի ամենաեռուն շրջանին, Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» վէպով կը քարոզէր ժողովուրդի համախմբում եւ սեփական միջոցներով ու ոյժով ազգային անկախութիւն ձեռք բերելու գաղափարը:գաղափարը։ Պատահական չէ որ ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ մեր ժողովուրդին դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մարդասիրական, տկարներու պաշտշպանութեան, այլասիրութեան, հայրենասիրութեան ժառանգութիւնները, անկորնչելի գանձը կը կազմեն մեր ժողովուրդին:ժողովուրդին։ Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» պատմական վէպով կ'ուզէ հասկցնել թէ «Հայկական Հարցը» նպաստաւոր լուծում կրնայ գտնել միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը համերաշխ եւ համախոհ վստահի իր սեփական ոյժերուն վրայ:վրայ։ Ծերենցի ստեղծած պատկերները տպաւորիչ են, չունի աւելորդաբանութիւններ:աւելորդաբանութիւններ։ Մեղմ ու կուռ են նկարագրութիւնները:նկարագրութիւնները։
 
ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ - Թէոդորոս Ռշտունի վէպը կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ծանր եւ անյուսալի այն շրջանը՝ երբ պարսկական ու բիւզանդական քաղաքական ախորժակներու եւ մրցակցութեանց որպէս արդիւնք, Հայաստան քայքայուած ու արիւնաքամ Է. դարուն կ'ենթարկուէր արաբական արշաւանքներու:արշաւանքներու։ Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Թէոդորոս Ռշտունին է, որ օգտուելով արաբներու արշաւանքին հետեւանքով բիւզանդական կայսրութեան թուլութենէն, արաբներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանէն դուրս վտարելու համար յոյները, որոնք այնքան անհեռատէս քաղաքականութիւն մը վարեցին Հայաստանը տկարացնելով:տկարացնելով։ Սակայն արաբները կռահելով Թէոդորոս Ռշտունիին նպատակները կը ձերբակալեն զինք եւ կ'աքսորեն:աքսորեն։ Այնուհետեւ կը սկսի արաբական տիրապետութեան շրջանը Հայաստանի համար:համար։ Ծերենց այս վէպով կ'ուզէ բացատրել Հայկական Հարցի հակաշրջութենէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնը:հիասթափութիւնը։ Սակայն հեղինակը յոռետես չէ երբեք. Ան իր այս վէպով ակնարկութիւն կ'ընէ եւրոպական պետութիւններու ըթացքին օսմանեան տիրապետութեան պայմաններուն մէջ եւ կ'ուզէ հասկցնել թէ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կրնան պատահիլ ծանր օրեր, որոնք սակայն պէտք չէ յուսահատութեան մատնեն, այլ մեզի փնտռել պէտք է տան մեր դժբախտութիւններուն պատճառները եւ փրկութեան միջոցները, խուսափելու համար այդ ծանր վիճակներէն:վիճակներէն։ Այս վէպին մէջ դէպքերու յաջորդականութեան տրամաբանական կապը թոյլ է:է։ Ընթերցողը ականատես կ'ըլլայ վտանգներու հեշտութեամբ փարատումին եւ յանկարծուստ դէմքերու երեւումին, որոնք միանալով հեղինակին խորհրդածութիւններուն կը նուազեցնեն գիրքին գեղարուեստական արժէքը:արժէքը։
 
==Գրական Յատկանիշներ==
 
Ծերենց իր վէպերով եւ հրապարակագրական յօդուածներով կը ներկայացնէ ժամանակակից ազգային եւ ազատագրական ձգտումները, որոնք կը ներշնջեն հաւատք դէպի անցեալի մեր փառքերը:փառքերը։ Ծերենց մէկն է այն առաջաւոր գործիչներէն, որ եղաւ արեւմտահայ եւ արեւելահայ մտաւորականութեան սերտակցութեան եւ միաձուլման կապը:կապը։ Ծերենց օժտուած է գեղարուեստագէտ-վիպագրի տաղանդով:տաղանդով։ Ան յաջողած է սեղմ եւ չոր տողերու մէջ կենդանութիւն, հոգի տալ իր ընտրած հերոսներուն, գործողութիւններու յաջորդականութեամբ հետաքրքրական դարձնել իր գործերը:գործերը։ Ծերենց իր վէպերով հայրենասիրութիւն կը քարոզէ ոչ թէ ճառով, այլ պատկերացումներով, ապրող տիպարներու օրինակով եւ գործով:գործով։ անոր վէպերը՝ խորքով, կառուցուածքով եւ լեզուով ունին գեղարուեստական նկարագիր եւ ոչ թէ քարոզչական:քարոզչական։ Գրող հրապարակագիր, բժիշկ եւ ուսուցիչ Ծերենցը արժանի է մեծ յարգանքի մեր գրականութեան մէջ եւ ունի իր արժանի տեղը որպէս վիպագիր:վիպագիր։
 
==Աղբիւրներ==
Ուսումնական Ծրագիր Հ. Պարիկեան Հալէպ 60-ական թուական:թուական։ Մուշեղ Իշխան «Արդի Հայ Գրականութիւն - Զարթօնքի Շրջան» Էջ 121-124
 
==Կարդացէք նաև==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն