«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{վիքիֆիկացում}}{{Արևելահայերեն|Ծերենց}}
 
'''Ծերենց''' կամ '''Տօքթ. Յովսէփ Շիշմանեան''' (1822 -1888), հայ վիպագիր մըն է։վիպագիր։
 
==Կենսագրութիւն==
==Կեանքը==
 
Տօքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, ծանօթ է Ծերենց ծածկանունով։ Հայ նշանաւոր վիպագիր Ծերենց ծնած է [[1822]] Սեպտեմբերի[[Սեպտեմբեր]]ի 16-ին։ Տասը տարեկանին կ'երթայ Վենետիկ, Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը, ուսանելու։ Դասընկեր կ'ունենայ [[Ղևոնդ ԱլիշանըԱլիշան|Ղեւոնդ Ալիշան]]ը, որուն հայրենի զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երևակայութիւնըերեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերունվայրերուն։ և հայագիտականՀայագիտական լուրջ ուսում մը ստանալէ ետք, կը դադրի վանական դառնալու մտադրութենէն ու [[1840]]-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ [[1848]]-ին [[Օգոստոսի 28|Օգոստոս]]ի 28-ին, Ծերենց երկար ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ ևեւ իր աչքերով կը տեսնէ Հայաստանի[[Հայաստան]]ի ևեւ Կովկասի[[Կովկաս]]ի պատմական քաղաքները՝ [[Կարին]], [[Կարս]], [[Ալեքսանդրապոլ]] ևեւ [[Թիֆլիս]] ու աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի սքանչելի բնութեան ևեւ իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն ևեւ բարքերուն, որոնք յետագային ատաղձ պիտի ծառայէին իր գրելիք պատմական արժէքաւոր վէպերուն։ Մէկ կողմէն գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրն ու մասնագիտութեան մը տիրանալու անհուն տենչը, իսկ միւս կողմէ իր ապրուստին մտահոգութիւնն ու նիւթական անապահովութիւնը կրկնակ դժբախտութիւններ էին, որոնք անկարելի կը դարձնէին իր փափաքներուն իրականացումը, որոնք սակայն երբեք ալա՛լ չկրցան բեկում մը առաջացնել իր հոգիին մէջ։ [[1848]]-ին Ծերենց կը մեկնի [[Փարիզ]], այս թուականին իրեն համար կը սկսի ուսանողական նոր շրջան մը։ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ (ՍևրՍեւր) ուսուցչութեամբ կը զբաղի ևեւ միայնգամայն կը հետևիհետեւի ֆրանսական բժշկական համալսարանի ճիւղին։ Փարիզի մէջ Ծերենց կը ծանօթանայ [[Նահապետ ՌուսինեանիՌուսինյան|Նահապետ ևՌուսինեան]]ի եւ անոր ընկերներուն հետ ևու ինք ևսեւս անոնց պէս կը կրէ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը։ [[1853]]-ին, Ծերենց վկայեալ բժիշկ կը վերադառնայ [[Պոլիս]], ուր այդ օրերուն, կաթոլիկ խումբ մը եկեղեցականներ, Հռոմի[[Հռոմ]]ի պապին դրդումով ևեւ Հասունի գլխաւորութեամբ կը վարէին ազգաթաւ ուղղութիւն մը, նպատակ ունենալով Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ձուլել Լատին եկեղեցիին հետ։ Հասուննեաններու հակառակորդները, որոնք ծանօթ էին հակահասունեան անունով, ընդհանրապէս կը պահանջէին ազգային եկեղեցիի ինքնուրունութիւն։ ԹէպէտևԹէպէտեւ այս հակընդդէմ պայքարը ըստ երևոյթիներեւոյթին կրօնական վէճ մըն էր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական խաղ մըն էր հայ ժողովուրդին խոշոր մէկ հատուածը հոգևորապէսհոգեւորապէս ենթարկելու Հռոմի Պապին իշխանութեան, որ կը ձգտէր վերջնականապէս հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու համայնքը ջլատել իր ազգային դիմագիծէն։ Ահա այդ պայքարը իր ատենին սուր բնոյթ մը ստացաւ ևեւ յայտնի եղաւ Հասունեաններու Հակահասունեաններու պայքար անունով։ Ծերենց, հակառակ իր կաթոլիկ ըլլալուն, կանգնեցաւ հակահասունեաններու կողքին ևեւ դարձաւ ազգային շարժումը գլխաւորողներէն մին ևեւ հանրային կեանքը յուզող ուշագրաւ ու ջղուտ յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը բերաւ Իւթիւճեանի Մասիսին, Մամուրեանի ԱրևելեանԱրեւելեան Մամուլին ևեւ Ծիածանին։ [[1862]]-ին Սկիւտարի մէջ, որ այդ թուականներուն մտաւորական կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանար, հիմը կը դրուէր [[Համազգեաց]] անուն բարեգործական ընկերութեան մը, որուն կազմակերպիչները կը հանդիսանային բանաստեղծ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան]], բժիշկ [[Նահապետ Ռուսինյան|Նահապետ Ռուսինեան]], Ծերենց ևեւ ուրիշներ։ Այս ընկերութեան նպատակն էր կրթութիւն տարածել յատկապէս [[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] մէջ ևեւ հայ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւել, ձեռք բերելով հողային տարածութիւններ, այնտեղ հաստատելով գաղթական հայեր։ [[1863]]-ին Ծերենց իբրևիբրեւ Համազգեաց ընկերութեան ներկայացուցիչ ուղևորուեցաւուղեւորուեցաւ Կիլիկիա, գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու ծրագրով, սակայն Հասունի մատնութեամբ Բ. Դուռը ետ դարձուց Ծերենցը ևեւ տևականտեւական հսկողութեան տակ առաւ ամբաստանելով զինք թրքական կառավարութեան դէմ, որպէս յեղափոխական գաղափարներու տարածիչ։ [[1875]]-ին Ծերենց հազիւ ստանձներ էր Օրթագիւղի հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, երբ կառավարութիւնը կառավարական բժիշկի պաշտօնով զինք ուղարկեց Կիպրոս։[[Կիպրոս]]։ Ասիկա տեսակ մը աքսոր էր՝ զինք առանձնացնելու համար, որպէս կասկածելի։ Կիպրոսի մէջ՝ հեռու իր ծննդավայրէն, Ծերենց կը գրէ իր առաջին պատմական վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ կը հրատարակուի [[1877]]-ին, Պոլսոյ մէջ։ [[1878]]-ին աքսորական կեանքին վերջ տրուելով, Ծերենց կու գայ Պոլիս, ուրկէ կ'անցնի Կովկաս եւ կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ'անցնի իր կեանքին մնացեալ տարիները։ Այս շրջանին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Ազգ. Պատմութիւն [[Ներսիսյան դպրոց (Թիֆլիս)|Ներսիսեան վարժարանիվարժարան]]ի մէջ։ [[1879]]-ին, Թիֆլիսի մէջ կը հրատարակուի Ծերենցի երկրորդ պատմական վէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»ն, իսկ [[1881]]-ին իր երրորդ գիրքը՝ «Թէոդորոս Ռշտունի»-ն։ [[1884]]-ին, իր դուստրին՝ Թագուհիին մահով, Ծերենց խորապէս ընկճուած, տակաւ կը կորսնցնէ հասարակական կեանքի հանդէպ իր ունեցած ոգևորութիւնըոգեւորութիւնը ևեւ կարճ ժամանակի մը համար կ'անցնի Պոլիս, իր վիշտը մոռնալու։ Սակայն անօգուտ կ'ըլլայ իր սիրասուն աղջկան յիշատակը ջնջել ևեւ կրկին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր երկար հիւանդութենէ մը ետք, կաթուածահար՝ կը վախճանի [[1888]]-ին, Փետրուարի[[Փետրվար|Փետրուար]]ի 17-ին։ Ծերենցի աճիւնը կ'ամփոփուի հայկական գերեզմանատան մէջ, իր աղջկան կողքին, Ռաֆֆիի[[Րաֆֆի]]ի ևեւ [[Գրիգոր ԱրծրունիիԱրծրունի]]ի հողակոյտերուն մօտ։
 
==Երկերը==
 
Ծերենցի երկերը պատմական վէպեր են հրատարակուած՝ առանձին երեք հատորներով, որոնք ժամանակագրական կարգով հետևեալներնհետեւեալներն են։են․-
1.-ԹՈՐՈՍ ԼևՈՆԻ ԼԵՒՈՆԻ
2.-ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ
3.-ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ
 
ԹՈՐՈՍ ԼևՈՆԻ ԼԵՒՈՆԻ- Ցարդ առանձին հատորով «Թորոս Լեւոնի» վէպը արժանացած է ութ հրատարակութիւններու։ Իսկ [[1957]]-ին [[Սովետական ՀայաստանիՀայաստան]]ի Հայպետհրատի կողմէ լոյս տեսաւ Ծերենցի ամբողջական գործերուն մի հատորեակը՝ ((«Երկեր» )) ընդհանուր խորագրով։ «Թորոս Լեւոնի» վէպը կը ներկայացնէ ԺԲ. Դարու Կիլիկիոյ ազատագրութեան համար [[Բյուզանդական կայսրություն|Բիւզանդական տիրապետութեան]] դէմ հայ ժողովուրդին մղած պայքարը։ «Թորոս Լեւոնի»ն հայ իրականութեան մէջ, առաջին պատմական վէպն է, եթէ նկատի չունենանք Խ. Աբովեանի «[[Վերք Հայաստանի (վեպ)|Վէրք Հայաստանի]]»-ն, որ գլխաւորապէս կը վերապրեցնէ ժամանակի իրադարձութիւնները։ Այս գիրքը Ծերենցի յաջողագոյն ստեղծագործութիւնն է։ Վէպին յատկանիշը պէտք է որոնել պատմական անցեալով ժամանակակից հրատապ խնդիրներուն ծառայեցնելու իր ձգտումին մէջ։ Անոր գործին հիմնական խարիսխը ժողովուրդն է։ Վէպին մէջ ցոյց կը տրուի [[Ռուբինյանների իշխանություն|Ռուբինեանց հարստութեան]] կործանումէն ետք Կ. Պոլիս գերի տարուած ԼևոնԼեւոն Ա.-ի ևեւ իր երկու զաւակներուն՝ Ռուբէնի ևեւ Թորոսի բանտարկութիւնը, յետոյ՝ Ռուբէնի սպանութիւնը յոյներու կողմէ։ Վէպին սկիզբէն մենք կը հանդիպինք Թորոսին՝ Բիւզանդիոնի կայսր՝ Կամնենոսի պալատին մէջ, ուր ինքզինք յիմար կը ձևացնէձեւացնէ պալատականներուն ուշադրութիւնը վրիպեցնելու համար իր անձին ևեւ իր մտերիմներուն օգնութեամբ Թորոս իշխանին փախուստը բանտէն ևեւ անցքը Կիպրոս ուրկէ կ'անցնի Կիլիկիա, ուր բիւզանդացիներու դէմ յաղթական քանի մը ճակատամարտներէ ետք, կը յաջողի գրաւել յունական բերդերը ևեւ համաժողովրդային վստահութիւն շահելով կը հաստատէ Կիլիկիոյ անկախութիւնը։ Վէպը կ'աւարտի Թորոս իշխանի մահով։
 
ԵՐԿՈՒՆՔ Թ. ԴԱՐՈՒ - Այս վէպը կը ներկայացնէ պատմական Հայաստանի այն շրջանը, որ ծանօթ է արաբական տիրապետութեամբ ևեւ [[851]]-ի ժողովրդական ապստամբութեամբ։ Նիւթը կառուցուած է Բագարատ իշխանի ձերբակալութեան ևեւ արաբ ոստիկան Ապուսեթի սպանութեան վրայ։ Վէպին մէջ մենք կը տեսնենք ցնցող հոգեվիճակներ, սրտառուչ անցքեր և յագեցուած ընդհանրացումներ։ Չորս դարու տառապանքով իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդը տխուր ու սիրտ արիւնող իր նախարարներուն անմիաբանութեան հաստատումով ևեւ հայ ժողովուրդի խոնարհ այլ ազնիւ զաւակներէն՝ Յովնանի արի ևեւ իմաստուն սխրագործութիւններով ներկայացուած՝ վերականգնումի շգեղ խիզախումն ու անդրդուելի կամքը կ'արձանացնէ։ [[Սասուն]] առանձին կը պայքարի արաբներու դէմ։ Բուղա ոստիկանը մահու աւեր կը սփռէր։ Յովնան կը ձերբակալուի ու կը նահատակուի։ Ծերենց պատմական ամէն խնդիր կը կապէ ժողովուրդի դերին հետ։ Ծերենցի կարծիքով կառավարողները բարոյական մեծ պատասխանատւութիւններպատասխանատուութիւններ ունին իրենց ժողովուրդին հոգևորհոգեւոր ևեւ նիւթական վիճակին համար։ Մինչդեռ կը նկատէ, որ հայ ազնուականներն ու նախարարնըրը իրենց փառասիրութեան ևեւ դասակարգային պայքարի հետևանքովհետեւանքով կ'անջատուին ժողովուրդէն ու անկարող կը դառնան պաշտպաելու երկիրն ու ժողովուրը օտար ներխուժումներու դէմ։ Այդ իսկ պատճառով Ծերենց ժողովուրդին պաշտպանութիւնը կը յանձնէ նոյն ինքն ժողովուրդին, ժողովուրդի հասարակ ու համեստ զաւակ՝ վէպի գլխաւոր հերոս Յովնանին, որ կ'ըսէ «Ուր որ հայ կայ պէտք է միաբանին եւ առանց նախարարաց, իրենց գլխուն ճարը տեսնեն, այդ ատեն թերեւս հայ ազգը իր փրկութիւնը գտնէ»։ Այսպիսով «[[Հայկական հարցՀարց]]»-ի ամենաեռուն շրջանին, Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» վէպով կը քարոզէր ժողովուրդի համախմբում ևեւ սեփական միջոցներով ու ոյժով ազգային անկախութիւն ձեռք բերելու գաղափարը։ Պատահական չէ, որ ճիշդ այդ ժամանակաշրջանին ստեղծուեցաւ մեր ժողովուրդին դիւցազնավէպը՝ «Սասունցի Դաւիթ»ը, որուն մարդասիրական, տկարներու պաշտշպանութեան, այլասիրութեան, հայրենասիրութեան ժառանգութիւնները, անկորնչելի գանձը կը կազմեն մեր ժողովուրդին։ Ծերենց իր «Երկունք Թ. Դարու» պատմական վէպով կ'ուզէ հասկցնել, թէթէ՝ «Հայկական Հարցը» նպաստաւոր լուծում կրնայ գտնել միայն այն ատեն, երբ հայ ժողովուրդը համերաշխ ևեւ համախոհ վստահի իր սեփական ոյժերուն վրայ։ Ծերենցի ստեղծած պատկերները տպաւորիչ են, չունի աւելորդաբանութիւններ։ Մեղմ ու կուռ են նկարագրութիւնները։
 
ԹԷՈԴՈՐՈՍ ՌՇՏՈՒՆԻ - Թէոդորոս Ռշտունի վէպը կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ծանր ևեւ անյուսալի այն շրջանը՝ երբ պարսկական ու բիւզանդական քաղաքական ախորժակներու ևեւ մրցակցութեանց որպէս արդիւնք, Հայաստան քայքայուած ու արիւնաքամ Է. դարուն կ'ենթարկուէր արաբական արշաւանքներու։ Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Թէոդորոս Ռշտունին է, որ օգտուելով արաբներու արշաւանքին հետևանքովհետեւանքով բիւզանդական կայսրութեան թուլութենէն, արաբներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանէն դուրս վտարելու համար յոյները, որոնք այնքան անհեռատէսանհեռատես քաղաքականութիւն մը վարեցին Հայաստանը տկարացնելով։ Սակայն արաբները կռահելով Թէոդորոս Ռշտունիին նպատակները կը ձերբակալեն զինք ևեւ կ'աքսորեն։ ԱյնուհետևԱյնուհետեւ կը սկսի արաբական տիրապետութեան շրջանը Հայաստանի համար։ Ծերենց այս վէպով կ'ուզէ բացատրել «Հայկական ՀարցիՀարց»ի հակաշրջութենէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնը։ Սակայն հեղինակը յոռետես չէ երբեք. Անան իր այս վէպով ակնարկութիւն կ'ընէ ևրոպականեւրոպական պետութիւններու ըթացքին օսմանեանՕսմանեան տիրապետութեան պայմաններուն մէջ ևեւ կ'ուզէ հասկցնել թէթէ՛ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կրնան պատահիլ ծանր օրեր, որոնք սակայն պէտք չէ յուսահատութեան մատնեն, այլ մեզի փնտռել պէտք է տան մեր դժբախտութիւններուն պատճառները ևեւ փրկութեան միջոցները, խուսափելու համար այդ ծանր վիճակներէն։ Այս վէպին մէջ դէպքերու յաջորդականութեան տրամաբանական կապը թոյլ է։ Ընթերցողը ականատես կ'ըլլայ վտանգներու հեշտութեամբ փարատումինփարատման ևեւ յանկարծուստ դէմքերու երևումիներեւման, որոնք միանալով հեղինակին խորհրդածութիւններուն կը նուազեցնեն գիրքին գեղարուեստական արժէքը։
 
==Գրական Յատկանիշներյատկանիշներ==
 
Ծերենց իր վէպերով ևեւ հրապարակագրական յօդուածներով կը ներկայացնէ ժամանակակից ազգային ևեւ ազատագրական ձգտումները, որոնք կը ներշնջեն հաւատք դէպի անցեալի մեր փառքերը։ Ծերենց մէկն է այն առաջաւոր գործիչներէն, որ եղաւ արևմտահայարեւմտահայ ևեւ արևելահայարեւելահայ մտաւորականութեան սերտակցութեան և միաձուլման կապը։ Ծերենց օժտուած է գեղարուեստագէտ-վիպագրի տաղանդով։ Ան յաջողած է սեղմ ևեւ չոր տողերու մէջ կենդանութիւն, հոգի տալ իր ընտրած հերոսներուն, գործողութիւններու յաջորդականութեամբ հետաքրքրական դարձնել իր գործերը։ Ծերենց իր վէպերով հայրենասիրութիւն կը քարոզէ ոչո՛չ թէ ճառով, այլայլ՝ պատկերացումներով, ապրող տիպարներու օրինակով ևեւ գործով։ անորԱնոր վէպերը՝ խորքով, կառուցուածքով ևեւ լեզուով ունին գեղարուեստական նկարագիր ևեւ ոչո՛չ թէ քարոզչական։ Գրող հրապարակագիր, բժիշկ ևեւ ուսուցիչ Ծերենցը արժանի է մեծ յարգանքի մեր գրականութեան մէջ ևեւ ունի իր արժանի տեղը որպէս վիպագիր։
 
==Աղբիւրներ==
 
Ուսումնական Ծրագիր Հ. Պարիկեան Հալէպ 60-ական թուական։ Մուշեղ Իշխան «Արդի Հայ Գրականութիւն - Զարթօնքի Շրջան» Էջ 121-124
 
Տող 28 ⟶ 32՝
 
[[Կատեգորիա:1822 ծնունդներ]]
[[Կատեգորիա:16 Սեպտեմբերի 16 ծնունդներ]]
[[Կատեգորիա:1888 մահեր]]
[[Կատեգորիա:Փետրվարի 17 Փետրուարի մահեր]]
[[Կատեգորիա:ԱրևմտահայԱրեւմտահայ արձակագիրներ]]
[[Կատեգորիա:Գրական կեղծանուններ]]
[[Կատեգորիա:ՍտամբուլՍթամպուլ քաղաքումքաղաք ծնվածներծնածներ]]
[[Կատեգորիա:ԹբիլիսիԹֆիլիս քաղաքումքաղաք մահացածներ]]
[[Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:ԱրևմտահայերենԱրեւմտահայերէն հոդվածներյօդուածներ]]
 
[[en:Tserents]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն