«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ մանր-մունր, փոխարինվեց: →
No edit summary
Տող 2.
{{վիքիֆիկացում}}{{Արևելահայերեն|Ծերենց}}
 
'''Ծերենց''' կամ '''Տօքթ. Յովսէփ Շիշմանեան''' ([[1822]] - [[1888]] թթ.), հայ վիպագիր։
 
==Կենսագրութիւն==
 
Տոքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, ծանօթ է Ծերենց ծածկանունով։ Հայ նշանաւոր վիպագիր Ծերենց ծնած է [[16 Սեպտեմբեր]]ի [[1822]]-ին, Պոլիս։ Տասը տարեկանին կ'երթայ [[Վենետիկ]], Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը, ուսանելու։ Դասընկեր կ'ունենայ [[Ղեւոնդ Ալիշան]]ը, որուն հայրենի զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերուն։ Հայագիտական լուրջ ուսում մը ստանալէ ետք, կը դադրի վանական դառնալու մտադրութենէն ու [[1840]]-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ [[Պոլիս]], ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ։
Տօքթ. Յովսէփ Շիշմանեան, ծանօթ է Ծերենց ծածկանունով։ Հայ նշանաւոր վիպագիր Ծերենց ծնած է [[1822]] [[Սեպտեմբեր]]ի 16-ին։ Տասը տարեկանին կ'երթայ Վենետիկ, Մխիթարեան հայրերու Ս. Ղազար վանքը, ուսանելու։ Դասընկեր կ'ունենայ [[Ղևոնդ Ալիշան|Ղեւոնդ Ալիշան]]ը, որուն հայրենի զրոյցները պատանի Յովսէփին միտքն ու երեւակայութիւնը կը կապեն հայրենի աշխարհին պատմական վայրերուն։ Հայագիտական լուրջ ուսում մը ստանալէ ետք, կը դադրի վանական դառնալու մտադրութենէն ու [[1840]]-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, ուր քանի մը տարի կը զբաղի ուսուցչութեամբ։ [[1848]]-ին [[Օգոստոսի 28|Օգոստոս]]ի 28-ին, Ծերենց երկար ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ եւ իր աչքերով կը տեսնէ [[Հայաստան]]ի եւ [[Կովկաս]]ի պատմական քաղաքները՝ [[Կարին]], [[Կարս]], [[Ալեքսանդրապոլ]] եւ [[Թիֆլիս]] ու աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի սքանչելի բնութեան եւ իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն եւ բարքերուն, որոնք յետագային ատաղձ պիտի ծառայէին իր գրելիք պատմական արժէքաւոր վէպերուն։ Մէկ կողմէն գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրն ու մասնագիտութեան մը տիրանալու անհուն տենչը, իսկ միւս կողմէ իր ապրուստին մտահոգութիւնն ու նիւթական անապահովութիւնը կրկնակ դժբախտութիւններ էին, որոնք անկարելի կը դարձնէին իր փափաքներուն իրականացումը, որոնք սակայն երբեք ա՛լ չկրցան բեկում մը առաջացնել իր հոգիին մէջ։ [[1848]]-ին Ծերենց կը մեկնի [[Փարիզ]], այս թուականին իրեն համար կը սկսի ուսանողական նոր շրջան մը։ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ (Սեւր) ուսուցչութեամբ կը զբաղի եւ միայնգամայն կը հետեւի ֆրանսական բժշկական համալսարանի ճիւղին։ Փարիզի մէջ Ծերենց կը ծանօթանայ [[Նահապետ Ռուսինյան|Նահապետ Ռուսինեան]]ի եւ անոր ընկերներուն հետ ու ինք եւս անոնց պէս կը կրէ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը։ [[1853]]-ին, Ծերենց վկայեալ բժիշկ կը վերադառնայ [[Պոլիս]], ուր այդ օրերուն, կաթոլիկ խումբ մը եկեղեցականներ, [[Հռոմ]]ի պապին դրդումով եւ Հասունի գլխաւորութեամբ կը վարէին ազգաթաւ ուղղութիւն մը, նպատակ ունենալով Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ձուլել Լատին եկեղեցիին հետ։ Հասուննեաններու հակառակորդները, որոնք ծանօթ էին հակահասունեան անունով, ընդհանրապէս կը պահանջէին ազգային եկեղեցիի ինքնուրունութիւն։ Թէպէտեւ այս հակընդդէմ պայքարը ըստ երեւոյթին կրօնական վէճ մըն էր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական խաղ մըն էր հայ ժողովուրդին խոշոր մէկ հատուածը հոգեւորապէս ենթարկելու Հռոմի Պապին իշխանութեան, որ կը ձգտէր վերջնականապէս հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու համայնքը ջլատել իր ազգային դիմագիծէն։ Ահա այդ պայքարը իր ատենին սուր բնոյթ մը ստացաւ եւ յայտնի եղաւ Հասունեաններու Հակահասունեաններու պայքար անունով։ Ծերենց, հակառակ իր կաթոլիկ ըլլալուն, կանգնեցաւ հակահասունեաններու կողքին եւ դարձաւ ազգային շարժումը գլխաւորողներէն մին եւ հանրային կեանքը յուզող ուշագրաւ ու ջղուտ յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը բերաւ Իւթիւճեանի Մասիսին, Մամուրեանի Արեւելեան Մամուլին եւ Ծիածանին։ [[1862]]-ին Սկիւտարի մէջ, որ այդ թուականներուն մտաւորական կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանար, հիմը կը դրուէր [[Համազգեաց]] անուն բարեգործական ընկերութեան մը, որուն կազմակերպիչները կը հանդիսանային բանաստեղծ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան]], բժիշկ [[Նահապետ Ռուսինյան|Նահապետ Ռուսինեան]], Ծերենց եւ ուրիշներ։ Այս ընկերութեան նպատակն էր կրթութիւն տարածել յատկապէս [[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] մէջ եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւել, ձեռք բերելով հողային տարածութիւններ, այնտեղ հաստատելով գաղթական հայեր։ [[1863]]-ին Ծերենց իբրեւ Համազգեաց ընկերութեան ներկայացուցիչ ուղեւորուեցաւ Կիլիկիա, գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու ծրագրով, սակայն Հասունի մատնութեամբ Բ. Դուռը ետ դարձուց Ծերենցը եւ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ամբաստանելով զինք թրքական կառավարութեան դէմ, որպէս յեղափոխական գաղափարներու տարածիչ։ [[1875]]-ին Ծերենց հազիւ ստանձներ էր Օրթագիւղի հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, երբ կառավարութիւնը կառավարական բժիշկի պաշտօնով զինք ուղարկեց [[Կիպրոս]]։ Ասիկա տեսակ մը աքսոր էր՝ զինք առանձնացնելու համար, որպէս կասկածելի։ Կիպրոսի մէջ՝ հեռու իր ծննդավայրէն, Ծերենց կը գրէ իր առաջին պատմական վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ կը հրատարակուի [[1877]]-ին, Պոլսոյ մէջ։ [[1878]]-ին աքսորական կեանքին վերջ տրուելով, Ծերենց կու գայ Պոլիս, ուրկէ կ'անցնի Կովկաս եւ կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ'անցնի իր կեանքին մնացեալ տարիները։ Այս շրջանին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Ազգ. Պատմութիւն [[Ներսիսյան դպրոց (Թիֆլիս)|Ներսիսեան վարժարան]]ի մէջ։ [[1879]]-ին, Թիֆլիսի մէջ կը հրատարակուի Ծերենցի երկրորդ պատմական վէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»ն, իսկ [[1881]]-ին իր երրորդ գիրքը՝ «Թէոդորոս Ռշտունի»-ն։ [[1884]]-ին, իր դուստրին՝ Թագուհիին մահով, Ծերենց խորապէս ընկճուած, տակաւ կը կորսնցնէ հասարակական կեանքի հանդէպ իր ունեցած ոգեւորութիւնը եւ կարճ ժամանակի մը համար կ'անցնի Պոլիս, իր վիշտը մոռնալու։ Սակայն անօգուտ կ'ըլլայ իր սիրասուն աղջկան յիշատակը ջնջել եւ կրկին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր երկար հիւանդութենէ մը ետք, կաթուածահար՝ կը վախճանի [[1888]]-ին, [[Փետրվար|Փետրուար]]ի 17-ին։ Ծերենցի աճիւնը կ'ամփոփուի հայկական գերեզմանատան մէջ, իր աղջկան կողքին, [[Րաֆֆի]]ի եւ [[Գրիգոր Արծրունի]]ի հողակոյտերուն մօտ։
 
[[1848]]-ին [[28 Օգոստոսի|Օգոստոս]]ի 28-ին, Ծերենց երկար ճանապարհորդութիւն մը կը կատարէ եւ իր աչքերով կը տեսնէ [[Հայաստան]]ի եւ [[Կովկաս]]ի պատմական քաղաքները՝ [[Կարին]], [[Կարս]], [[Ալեքսանդրապոլ]] եւ [[Թիֆլիս]] ու աւելի մօտէն կը ծանօթանայ հայրենի սքանչելի բնութեան եւ իր ժողովուրդին աւանդութիւններուն եւ բարքերուն, որոնք յետագային ատաղձ պիտի ծառայէին իր գրելիք պատմական արժէքաւոր վէպերուն։ Մէկ կողմէն գրականութեան հանդէպ ունեցած իր սէրն ու մասնագիտութեան մը տիրանալու անհուն տենչը, իսկ միւս կողմէ իր ապրուստին մտահոգութիւնն ու նիւթական անապահովութիւնը կրկնակ դժբախտութիւններ էին, որոնք անկարելի կը դարձնէին իր փափաքներուն իրականացումը, որոնք սակայն երբեք ա՛լ չկրցան բեկում մը առաջացնել իր հոգիին մէջ։
 
[[1848]]-ին Ծերենց կը մեկնի [[Փարիզ]], այս թուականին իրեն համար կը սկսի ուսանողական նոր շրջան մը։ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ (Սեւր) ուսուցչութեամբ կը զբաղի եւ միայնգամայն կը հետեւի ֆրանսական բժշկական համալսարանի ճիւղին։ Փարիզի մէջ Ծերենց կը ծանօթանայ [[Նահապետ Ռուսինեան]]ի եւ անոր ընկերներուն հետ ու ինք եւս անոնց պէս կը կրէ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներուն ազդեցութիւնը։ [[1853]]-ին, Ծերենց վկայեալ բժիշկ կը վերադառնայ [[Պոլիս]], ուր այդ օրերուն, կաթոլիկ խումբ մը եկեղեցականներ, [[Հռոմ]]ի պապին դրդումով եւ Հասունի գլխաւորութեամբ, կը վարէին ազգաթաւ ուղղութիւն մը՝ նպատակ ունենալով, Հայ Կաթոլիկ եկեղեցին ձուլել Լատին եկեղեցիին հետ։ Հասուննեաններու հակառակորդները, որոնք ծանօթ էին հակահասունեան անունով, ընդհանրապէս կը պահանջէին ազգային եկեղեցիի ինքնուրունութիւն։ Թէպէտեւ այս հակընդդէմ պայքարը ըստ երեւոյթին կրօնական վէճ մըն էր, սակայն խորքին մէջ քաղաքական խաղ մըն էր հայ ժողովուրդին խոշոր մէկ հատուածը հոգեւորապէս ենթարկելու [[Հռոմ]]ի Պապին իշխանութեան, որ կը ձգտէր վերջնականապէս հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու համայնքը ջլատել իր ազգային դիմագիծէն։ Ահա այդ պայքարը իր ատենին սուր բնոյթ մը ստացաւ եւ յայտնի եղաւ Հասունեաններու եւ Հակահասունեաններու պայքար անունով։ Ծերենց, հակառակ իր կաթոլիկ ըլլալուն, կանգնեցաւ հակահասունեաններու կողքին եւ դարձաւ ազգային շարժումը գլխաւորողներէն մին եւ հանրային կեանքը յուզող ուշագրաւ ու ջղուտ յօդուածներով իր աշխատակցութիւնը բերաւ [[Կարապետ Իւթիւճեան |Իւթիւճեան]]ի «Մասիս»ին, Մամուրեանի «Արեւելեան Մամուլ»ին եւ «Ծիածան»ին։
 
[[1862]]-ին [[Սկիւտար]]ի մէջ, որ այդ թուականներուն մտաւորական կեդրոններէն մէկը կը հանդիսանար, հիմը կը դրուէր [[Համազգեաց]] անուն բարեգործական ընկերութեան մը, որուն կազմակերպիչները կը հանդիսանային բանաստեղծ [[Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան]], բժիշկ [[Նահապետ Ռուսինյան|Նահապետ Ռուսինեան]], Ծերենց եւ ուրիշներ։ Այս ընկերութեան նպատակն էր կրթութիւն տարածել յատկապէս [[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] մէջ եւ հայ ժողովուրդի տնտեսական վիճակը բարելաւել, ձեռք բերելով հողային տարածութիւններ, այնտեղ հաստատելով գաղթական հայեր։ [[1863]]-ին Ծերենց իբրեւ Համազգեաց ընկերութեան ներկայացուցիչ ուղեւորուեցաւ Կիլիկիա, գիւղատնտեսական վարժարան մը հաստատելու ծրագրով, սակայն Հասունի մատնութեամբ Բ. Դուռը ետ դարձուց Ծերենցը եւ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ամբաստանելով զինք թրքական կառավարութեան դէմ, որպէս յեղափոխական գաղափարներու տարածիչ։
 
[[1875]]-ին Ծերենց հազիւ ստանձներ էր [[Օրթագիւղ]]ի հայ կաթողիկէ վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, երբ կառավարութիւնը կառավարական բժիշկի պաշտօնով զինք ուղարկեց [[Կիպրոս]]։ Ասիկա տեսակ մը աքսոր էր՝ զինք առանձնացնելու համար, որպէս կասկածելի։ Կիպրոսի մէջ՝ հեռու իր ծննդավայրէն, Ծերենց կը գրէ իր առաջին պատմական վէպը՝ «Թորոս Լեւոնի»ն, որ կը հրատարակուի [[1877]]-ին, Պոլսոյ մէջ։ [[1878]]-ին աքսորական կեանքին վերջ տրուելով, Ծերենց կու գայ Պոլիս, ուրկէ կ'անցնի Կովկաս եւ կը հաստատուի [[Թիֆլիս]], ուր կ'անցնի իր կեանքին մնացեալ տարիները։ Այս շրջանին կը զբաղի ուսուցչութեամբ, դասաւանդելով Ազգ. Պատմութիւն [[Ներսիսյան դպրոց (Թիֆլիս)|Ներսիսեան վարժարան]]ի մէջ։
 
[[1879]]-ին, Թիֆլիսի մէջ կը հրատարակուի Ծերենցի երկրորդ պատմական վէպը՝ «Երկունք Թ. Դարու»ն, իսկ [[1881]]-ին իր երրորդ գիրքը՝ «Թէոդորոս Ռշտունի»ն։ [[1884]]-ին, իր դուստրին՝ Թագուհիին մահով, Ծերենց խորապէս ընկճուած, տակաւ կը կորսնցնէ հասարակական կեանքի հանդէպ իր ունեցած ոգեւորութիւնը եւ կարճ ժամանակի մը համար կ'անցնի Պոլիս, իր վիշտը մոռնալու։ Սակայն անօգուտ կ'ըլլայ իր սիրասուն աղջկան յիշատակը ջնջել եւ կրկին կը վերադառնայ Թիֆլիս, ուր երկար հիւանդութենէ մը ետք, կաթուածահար կը վախճանի՝ [[17 Փետրուար]] [[1888]]-ին։ Ծերենցի աճիւնը կ'ամփոփուի հայկական գերեզմանատան մէջ, իր աղջկան կողքին, [[Րաֆֆի]]ի եւ [[Գրիգոր Արծրունի]]ի հողակոյտերուն մօտ։
 
==Երկերը==
Տող 32 ⟶ 42՝
[http://wikisource.org/wiki/ԾԵՐԵՆՑԻ_ՄԱՍԻՆ Հովհաննես Թումանյան «Ծերենցի մասին»։]
 
[[Կատեգորիա:1822 ծնունդներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:161888 Սեպտեմբերիմահեր ծնունդներ(արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:1888Գրողներ մահեր(արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:17Հայ Փետրուարիգրողներ մահեր(արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Արձակագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Արեւմտահայ արձակագիրներ]]
[[Կատեգորիա:Գրական կեղծանուններ]]
[[Կատեգորիա:ՍթամպուլԲժիշկներ քաղաք ծնածներ(արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:ԹֆիլիսՀայ քաղաքբժիշկներ մահացածներ(արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Պոլիս ծնածներ]]
 
[[Կատեգորիա:Թֆիլիս մահացածներ]]
[[Կատեգորիա:Վիպագիրներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ վիպագիրներ (արւմտ․)]]
[[en:Tserents]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն