«Ծերենց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 54.
 
=== Թէոդորոս Ռշտունի ===
[[Թէոդորոս Ռշտունի]] վէպը կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան ծանր եւ անյուսալի այն շրջանը՝ երբ պարսկական ու բիւզանդական քաղաքական ախորժակներու եւ մրցակցութեանց որպէս արդիւնք, Հայաստան քայքայուած ու արիւնաքամ Է. դարուն կ'ենթարկուէր արաբական արշաւանքներու։ Վէպին գլխաւոր հերոսը՝ Թէոդորոս Ռշտունին է, որ օգտուելով արաբներու արշաւանքին հետեւանքով բիւզանդական կայսրութեան թուլութենէն, արաբներու հետ բանակցութիւններ կը վարէ Հայաստանէն դուրս վտարելու համար յոյները, որոնք այնքան անհեռատես քաղաքականութիւն մը վարեցին Հայաստանը տկարացնելով։ Սակայն արաբները կռահելով Թէոդորոս Ռշտունիին նպատակները կը ձերբակալեն զինք եւ կ'աքսորեն։ Այնուհետեւ կը սկսի արաբական տիրապետութեան շրջանը Հայաստանի համար։ Ծերենց այս վէպով կ'ուզէ բացատրել «Հայկական Հարց»ի հակաշրջութենէն ետք ստեղծուած հիասթափութիւնը։ Սակայն հեղինակը յոռետես չէ երբեք. ան իր այս վէպով ակնարկութիւն կ'ընէ եւրոպական պետութիւններու ըթացքինընթացքին [[Օսմանեան կայսրութիւն|Օսմանեան տիրապետութեան]] պայմաններուն մէջ եւ կ'ուզէ հասկցնել թէ՛ ժողովուրդներու կեանքին մէջ կրնան պատահիլ ծանր օրեր, որոնք սակայն պէտք չէ յուսահատութեան մատնեն, այլ մեզի փնտռել պէտք է տան մեր դժբախտութիւններուն պատճառները եւ փրկութեան միջոցները, խուսափելու համար այդ ծանր վիճակներէն։ Այս վէպին մէջ դէպքերու յաջորդականութեան տրամաբանական կապը թոյլ է։ Ընթերցողը ականատես կ'ըլլայ վտանգներու հեշտութեամբ փարատման եւ յանկարծուստ դէմքերու երեւման, որոնք միանալով հեղինակին խորհրդածութիւններուն կը նուազեցնեն գիրքին գեղարուեստական արժէքը։
 
==Գրական յատկանիշներ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ծերենց» էջէն