«Վան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 4.
== Վանի Թագաւորութիւն ==
Քաղաքը հիմնադրած է Վանի թագաւոր [[Սարդուրի Ա.]]-ը [[(Ք.Ա. 835-825]]), անուանած է [[Տուշպա]] եւ դարձուցած պետութեան մայրաքաղաքը։ Այդ օրերուն, քաղաքին մէջ կառուցուած են 2-3 յարկանի քարաշէն տուներ, ընդարձակ փողոցներ, բաղնիքներ եւ այլ շինութիւններ։ Քաղաքը արեւմուտքէն պաշտպանուած էր [[Վանայ լիճ]]ով, իսկ հարաւէն՝ [[Հայկական Տաւրոս]] արեւելեան հատուածներով։ Ռազմական կարեւոր նշանակութիւն ունէր քաղաքի կեդրոնը դէպի վեր խոյացած քարաժայռի վրայ կառուցուած միջնաբերդը, որ իր նշանակութիւնը պահպանած էր մինչեւ 1915։ Այսպիսով,Վանը հին աշխարհի անառիկ ու մարդաշատ քաղաքներէն էր, որ իր հիմնադրման օրէն գոյութիւն ունի մինչեւ օրս։ Քաղաքին արեւմտեան մասը, որու տրուած էր Բուն քաղաք կամ Քաղաքամէջ անունը, երեք կողմերէն շրջապատուած է պարիսպներով (մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները),իսկ հիւսիսէն բլուրներով։ Ունեցած է քաղաքային 4 դուռ,արեւելեանը կը կոչուի Թաւրիզի դուռ, հարաւայինները՝ Նոր կամ Սարայի եւ Միջին դուռ, հիւսիս-արեւմտեան կողմը կը գտնուի Նաւահանգիստի դուռը։ Հիւսիս-արեւելեան կողմը 1 քմ. երկարութեամբ 100-120 մ. բարձրութեամբ ուղղաձիգ քարաժայռ մը կ’երկարի, որու վրայ կը գտնուին հին բերդի ([[Շամիրամի բերդ]]) պարիսպներու եւ այլ շինութիւններու մնացորդներ ու բազմաթիւ [[սեպագիր արձանագրութիւն]]ներ։ Այստեղ քաղաքին յատակագիծը անկանոն է,փողոցները՝ նեղ,տուները՝ իրարու կից, բուսականութիւնը՝ աղքատ։ Քաղաքին մէջտեղը կը գտնուի շուկան,կառավարչատունը,փոստ-հեռագրատունը,զօրանոցն ու Հայոց Առաջնորդարանը։ Քաղաքին արեւելեան մասը ունէր հարուստ բուսականութիւն,փարթամ այգիներ եւ կը կոչուէր Այգեստան,որ կ’երկարէր շուրջ 4-5 քմ. տարածութեան վրայ։ Այստեղ էր ուռենիներով,կաղամախիներով զարդարուած Խաչփողանի փողոցը՝ համանուն հրապարակով։ Միւս փողոցները անկանոն էին, նեղ եւ ծուռումուռ,տուները՝ հողաշէն եւ համեստ։ Այգեստանը այն ժամանակ իր մէջ կ’առնէր [[Հայկավանք թաղ|Հայկավանք]], [[Նորաշէն թաղ|Նորաշէն]] եւ [[Ս.Յակոբ թաղ]]երը։ Այգեստանի մէջ կը գտնուէին անգլիական, պարսկական, ռուսական եւ ֆրանսական հիւպատոսութիւնները, բողոքական հայերու դպրոցն ու որբանոցը։ Ըստ աւանդութեան՝ Ասորեստանի թագուհի Շամիրամը Այգեստանի մէջ կառուցած է նաեւ իր ամառանոցը։ [[Մենուայի ջրանցք]]ի [[(Շամիրամի առու)]] ջուրերով կ’ոռոգուէին քաղաքին հարաւային մասի արտերն ու այգիները,ուր կը մշակուէին հացահատիկներ, խաղող եւ պտուղ-բանջարեղէն, յատկապէս ծիրան,խնձոր,դեղձ,տանձ եւ ընկոյզ։ Ժթ.դարու վերջերէն մինչեւ Ի.Դարու սկիգբները Վանէն կահոյքի համար ընկոյզի փայտ կ’արտահանէին [[Ֆրանսա]] ([[Մարսէյ]])։
== Վան Քաղաքի Դիրք, Տարածութիւն եւ Բնակչութիւն ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վան» էջէն