«Վան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ր: → ր։ (5)
Տող 1.
[[Պատկեր:WAN DSC 6626.JPG|280px|մինի|Վան]]
'''Վան''', քաղաքը վարչականօրէն [[Արեւմտեան Հայաստան]]ի մաս կը կազմէ, որ բաժնուած էր նահանգներու, որոնք կը կոչուէին վիլայէթներ:վիլայէթներ։ Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները Արեւմտեան Հայաստանը կը կազմէին այն վեց նահանգները (վիլայէթները), որոնք ծանօթ են նաեւ [[«արեւելեան նահանգներ»]] կամ [[«հայկական վեց նահանգներ»]] անունով։ Անոնք են՝ [[Վան]]ի, [[Բաղէշ]]ի կամ [[Պիթլիս]]ի, [[Կարին]]ի կամ [[Էրզրում]]ի, [[Խարբերդ]]ի (Մումուրէթ ուլ Ազիզի), [[Տիարպեքիր]]ի, [[Սեբաստիա|Սեբաստի]]ոյ կամ Աւազի նահանգները։
== Վանի Թագաւորութիւն ==
Տող 8.
== Վան Քաղաքի Դիրք, Տարածութիւն եւ Բնակչութիւն ==
Վանի նահանգին սահմաններն են՝ հիւսիսէն [[Էրզրումի նահանգ]]ը, արեւմուտքէն՝ Պիթլիսի նահանգը, հարաւէն՝ [[Քիւրտիստան]]ը, արեւելքէն՝ [[Պարսկահայք]]ը: Նահանգի տարածութիւնը մօտաւորապէս 40 հազար քառ. Քմ.էր, բնակչութիւնը մինչեւ եղեռն 350,000 էր, որոնցմէ 200,000-ը հայեր էին։ Վանի նահանգը կը բաժնուէր երկու մասերու՝ Վանի եւ [[Հեքիարի]]ի: Վանը ոչ միայն համանուն նահանգին գլխաւոր քաղաքն էր, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական եւ հայաշատ քաղաքներէն մէկը։ Վան քաղաքը կը գտնուի [[Վանայ լիճ]]ի ափին:ափին։
== Նշանաւոր Վայրեր ==
Քաղաքին հիւսիս–արեւելեան մասին մէջ կը գտնուէին [[Թոփրակ-Կալ]]էի բարձունքները։ Ասիկա այն հռչակաւոր վայրն է, որ բազմաթիւ պեղումներու շնորհիւ՝ յայտնաբերուած է իր թանկարժէք հնութիւններով, լոյս սփռելով Վանի պատմական մեծ անցեալին վրայ։ Այդ հնութիւնները կամ յափշտակուած են, կամ տարուած են եւրոպական թանգարանները:թանգարանները։ Վանի մէջ կը գտնուի նաեւ Ագռաւի կամ Ակրփու քար կոչուող ժայռը, որ ըստ աւանդութեան, կապուած է [[«Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւն]] հետ։ Փոքր Մհերը, իր հօր՝ Դաւիթի անէծքով փակուած է այդ ժայռ –քարանձաւին մէջ. տարին մէկ անգամ կը բացուէին ժայռին դռները, երկինքէն իջնող մանանայով կը սնանէին Մհերն ու իր ձին,որմէ ետք,նորէն կը փակուէին ժայռին դռները :
== Վանը՝ Մայրաքաղաք ==
Վանը յայտնի է իր բազմաթիւ արձանագրութիւններով ։ Վանը հայ ժողովուրդի պատմութեան լաւագոյն յուշարձանն է։ Երկու անգամ եղած է մայրաքաղաք, մէկը՝ [[Ուրարտու]]ի, միւսը [[Վասպուրական (արեւմտահայերէն)|Վասպուրականի]] [[Արծրունիներու Թագաւորութիւն|Արծրունիներու]] ժամանակ:ժամանակ։
== Մշակութային Կեանք ==
Վանը Արեւմտեան Հայաստանի ամէնէն հայաշատ եւ ամէնէն յաառաջադէմ քաղաքն էր։ Վանը ոչ միայն Վասպուրական նահանգի, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի մտաւորական կեանքի գլխաւոր կեդրոններէն մէկն էր։ Վանեցիները շատ ընթերցասէր էին։ Վանեցիներէն նշանաւոր եղած են՝ [[Թովմա Արծրունի]], [[Խոսրով Անձեւացի]], [[Գրիգոր Նարեկացի]], [[Գրիգորիս Ախթամարցի]], [[Թովմա Մեծոփացի]], [[Նահապետ Քուչակ]], [[Մկրտիչ Խրիմեան]] (Հայոց Հայրիկը) եւ ուրիշներ:ուրիշներ։ 1860-ական թուականներուն, [[Վարագայ վանք]]ը նշանաւոր դարձած է Խրիմեան Հայրիկի օրով, որ հիմնած է գիշերօթիկ ժառանգաւորաց դպրոց, տպարան եւ հրատարակած [[«Արծիւ Վասպարականի» ամսագիր]]ը։ Այստեղ նշանաւոր էր մատենադարան-թանգարանը, ուր դասաւորուած էին հին եւ նոր, թէ՛տպուած եւ թէ՛ ձեռագիր բարոյական, իմաստասիրական, գիտական, պատմական եւ այլ մատեաններ։ Վարագայ վանքի Ս. Խաչը հոյակապ տաճար մըն է։ Վանը եղած է միջնադարեան հայ գրչութեան ու մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնը։ Այստեղ ապրած ու ստեղծագործած են գրչութեան ու արուեստի շատ ու շատ վարպետներ, որոնց գրած բազմաթիւ ձեռագիրներէն պահպանուած են 13 [[Աւետարան]], 4 [[Մաշտոց]], 3 [[Յայսմաւուրք]], 2 [[Ճաշոց]], 2 [[Գանձարան]], 2 [[Ճառընտիր]] եւ բազմաթիւ յիշատակարաններ ու ձեռագրական պատառիկներ։ Հայերն ունէին բազմաթիւ դպրոցներ։ Վանի մէջ կը գտնուէին Երեմեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Բոլոր թաղերը ունէին իրենց դպրոցները։
== Արհեստներ ու ճաշեր ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վան» էջէն