«Այնճար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, replaced: կ՛ա → կ'ա (3) using AWB
Տող 31.
1946-47-ի ներգաղթէն ետք, քաղաքապետի պաշտօնը կը վարէ Յաբէթ Աբրահամեան: Քաղաքապետական Խորհուրդը կը նպաստէ [[Ազգային Յառաջ - Գալուստ Կիւլպէնքեան վարժարան|Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին]]: Այս շրջանին է նաեւ, որ կը սկսի ըմպելի ջուրի ցանցի հաստատումը գիւղին մէջ:
 
1952-ին քաղաքապետ կը դառնայ Սեդրակ Թաշճեան: Կը թուի թէ գիւղացիները կ'որոշեն հաստատուիլ շրջանին մէջ ([[Մուսա Լեռ]] վերադառնալու յոյսը անկում կ՛արձանագրէկ'արձանագրէ) եւ ծնունդ կ'առնէ [[պարտիզամշակութիւն|պարտիզամշակութիւնը]]ը: Քաղաքապետական Խորհուրդը կը յաջողի ասֆալթապատել գիւղի ճամբաները հանգրուան առ հանգրուան եւ քանի մը տարիներու ընթացքին: 1962-ին գիւղ կը հասնի ելեկտրական հոսանքը՝ որ մեծապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ գիւղի ընդհանուր զարգացման: Կը նորոգուին պարտէզներու ջրատար առուները եւ կը կանոնաւորուի ջուրի բաշխումը:
 
1963-ին քաղաքապետ կ՛ըլլայ Յարութիւն Շերպէթճեան: Յաջորդող տարիներուն գրեթէ կ՛ամբողջանայկ'ամբողջանայ ճամբաներուն ասֆալթապատումը, կը կանաչապատուի գիւղը եւ կը լուսաւորուին ճամբաները:
 
Այնճարը իր զարգացման ընթացքին մէջ էր, երբ [[Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմ|Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը]] սկսաւ եւ կը կասեցնէ գրեթէ ամէն բան: Երկիրը կը մտնէ ընդհանուր խառնակ ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ երկար տարիներ պիտի շարունակուէր:
Տող 39.
Խորհուրդի անդամներու թիւը ժամանակի ընթացքին կը նուազի (մահերու պատճառով) եւ անոր գործունէութիւնը կը տկարանայ: Հակառակ ասոր, սակայն, քաղաքապետութիւնը կը գործէ իր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ: 80-ականներուն, քաղաքապետի պաշտօնը կը վարեն յաջորդաբար Մկրտիչ Քէնտիրճեան եւ Գաբրիէլ Հաւաթեան: Այս տարիներուն խորհուրդի աշխատանքներուն կ՛օժանդակեն նաեւ ոչ անդամ հայրենակիցներ Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» Կոմիտէի կարգադրութեամբ՝ միշտ ի նպաստ գիւղի յառաջդիմութեան:
 
1991-էն ետք գիւղը կը թեւակոխէ բարգաւաճման նոր ժամանակաշրջան մը. ըմպելի ջուրին ցանցը լրիւ կը փոխուի, նոր ջրամբար մը կը կառուցուի, ճամբաները կ՛ընդարձակուին, պարտէզներու շրջանին մէջ նոր ճամբաներ կ՛ասֆալթապատուինկ'ասֆալթապատուին, կոյուղիներու ծրագիրը կը գործադրուի, գիւղի մայր պողոտան կը կառուցուի արդիական ոճով, ամբողջ գիւղը կը լուսաւորուի:
 
1998-ին, տասնամեակներու ընդմիջումէ ետք, տեղի կ՛ունենայ քաղաքապետական եւ գիւղապետական ընտրութիւններ Լիբանանի տարածքին: Այնճար կ՛ունենայ իր նոր քաղաքապետական խորհուրդը: Քաղաքապետ կ՛ըլլայ Սեպուհ Սգայեան: Խորհուրդը կը լծուի բեղուն աշխատանքի, սկսուած ծրագիրները շարունակելով եւ նոր ծրագիրներ մշակելով:
Տող 60.
==Կրօնք Եւ Ուսում==
[[File:Anjar Church, March 2017 1.jpg|thumb|Այնճարի մէջ եկեղեցի մը]]
Այնճարի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը պատկանի հայ առաքելական համայնքին: [[Հայ Առաքելական Սուրբ Պօղոս եկեղեցի|Հայ Առաքելական Սուրբ Պօղոս եկեղեցին]]ն Լիբանանի երկրորդ մեծագոյն հայկական եկեղեցին է:<ref>[http://www.armenian-genocide.org/Memorial.99/current_category.70/memorials_detail.html Musa Dagh Memorial in Anjar, Lebanon<!-- Bot generated title -->]</ref>
 
Հայ առաքելական համայնքը ունի իր դպրոցը՝ Ազգային Յառաջ - Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը: 1940-ին, [[Փարիզ]] լոյս տեսնող «Յառաջ» հայկական թերթին գործադիր խմբագիր [[Շաւարշ Միսաքեան|Շաւարշ Միսաքեանի]]ի ջանքերով կը կատարուի հանգանակութիւն մը, որ կը նպաստէ «Յառաջ» վարժարանի շինութեան: Վարժարանին բացման արարողութիւնը տեղի կ'ունենայ 1941-ին: [[Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամ]]ի վարչութիւնը ներդրում կ'ունենայ դպրոցի ընդարձակման աշխատանքներուն մէջ, այսպիսով [[Գալուստ Կիւլպէնկեան]]ի անունով կը կոչուի դպրոցը:
 
[[Քոյերու Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի]]ն հայ կաթողիկէներու աղօթավայրն է, որ նաեւ կը վարէ [[Հայ Կաթողիկէ Քոյրերու վարժարան]]ը: Մինչեւ 1954, վարժարանը կը բաղկանար երկու բաժիններէ՝ Սուրբ Յովսէփ բաժինը առական սեռին համար, իսկ անառատ յղութեան քոյրերու բաժինը՝ իգական սեռին: Թիւի նուազումին պատճառով այս երկու բաժինները կը միացուին: 1973-ին, կը հիմնադրուի Աղաճանեան Սանուց տունը, որ մինչ այդ 1968-էն կը գործէր իբրեւ հայ կաթողիկէ համայնքի որբանոց:<ref>[http://mousaleranjar.org/index.php/catholic Այնճարի Կաթողիկէ Համայնք]</ref>
Տող 72.
 
[[File:Anjar vu du palais.jpg|thumb|300px|բերդէն աւերակներ]]
Աւերակները կը գրաւեն 114,000 քառակուսի մեթր տարածութիւն եւ կը շրջապատուին բարձր անառիկ քառէ պատերով, որոնք ունէին աւելի քան երկու մեթր լայնութիւն եւ 7 մեթր հասակ: 370 մեթրով 310 մեթր քառակիւն քաղաքը ծրագրուած է հռոմէացիներուն կողմէ եւ աշխատողները եկած են [[Բիւզանդական Կայսրութիւն|Բիւզանդիոնէն]]: Երկու մեծ ճամբաներ՝ «Քարտօ Մաքսիմում»-ը, որ կ'երկարէր հիւսիսէն հարաւ եւ «Տեքումանուս Մաքսիմուս»-ը, որ կ'ընդարձակուէր արեւելքէն արեւմունք, քաղաքը կը բաժնէին չորս մասերու:<ref>[https://web.archive.org/web/20071211171027/http://www.destinationlebanon.gov.lb/eng/Aanjar.asp The archaeological site of Anjar]</ref>
 
Գլխաւոր կոթողներ.
Տող 94.
* [[Պարգեւ Թասլաքեան]]
* [[Զաքար Քէշիշեան]]
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
 
 
== Գրականութիւն ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Այնճար» էջէն