«Անոնք Կը Վաճառեն Նոյնիսկ Անձրեւը» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: (արեւմտահայերէն) using AWB
Չ →‎Թեմա: clean up, replaced: կ՛ա → կ'ա (3) using AWB
Տող 34.
Սեբաստիանը կ՛ընտրէ տեղաբնակներէն մէկուն՝ Դանիէլ անունով, Ատուէի՝ Տաինոյի առաջնորդի դերի համար, որ կը ղեկավարէր ապստամբութիւնը ընդդէմ եւրոպացիներուն։ Անոր աղջիկ Պելէնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղար ֆիլմին մէջ։ Սեբաստիանը չէր գիտեր այն մասին, որ Դանիէլը ցոյցի դուրս կու գար ընդդէմ ջուրերու սեփականաշնորհման, որու համար տեղական կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած էր։
 
Նկարահանումները կը սկսին առանց միջադէպերու, չնայած դերակատար Անթօնի հարբեցողութեան, որ Կոլումբոսի դերակատարն էր։ Կոստան կը սկսի անհանգստանալ, երբ կը տեսնէ, որ Դանիէլը կը մասնակցի ցոյցերուն եւ կը խնդրէ անոր դադրեցնել այդ մինչեւ նկարահանման աւարտը։ Դանիէլը կը ձեւացնէ, թէ համաձայն է Կոստի հետ, բայց, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ մասնակցիլ ցոյցերուն եւ ոստիկանութեան հետ բախման արդիւնքով դէմքին վէրքեր կը յայտնուին։ Անորմէ ետք Կոստան կ՛առաջարկէկ'առաջարկէ Դանիէլին քանի մը հազար տոլար, որպէսզի դադարեցնէ մասնակցիլը ցոյցերուն։ Դանիէլը կ՛ընդունի փողերը, բայց չի հրաժարիր ցոյցերուն մասնակցելէ եւ բանտ կ՛իյնայ։ Սեբաստիանը կը սկսի տարակուսիլ, թէ իրենց կը յաջողուի արդեօք ֆիլմը աւարտի հասցնել։ Բայց Կոստան կը համոզէ անոր շարունակել եւ կը կաշառէ ոստիկանութեան, որ Դանիէլին ազզատ արձակեն ֆիլմի առանցքային տեսարաններու նկարահանման ժամանակ։ Նկարահանումները աւարտելէ ետք ոստիկանութիւնը կը ժամանէ եւ կը փորձէ ձերբակալել Դանիէլին, զանգուածային տեսարանի ներկայացուցիչները կը շրջապատեն ոստիկանութեան եւ Դանիէլին կը յաջողուի փախչիլ ։
 
Ճիշդ այդ երեկոյեան նորութիւններով կը հաղորդեն, որ Կոչապամպի մէջ ոստիկանութեան հետ բախման ժամանակ բռնութիւն կը գործադրուի։ Այդ տեսնելով՝ դերասաններ Խուանը եւ Ալպերթօն կ՛որոշ՛են տուն երթալ, սակայն Սեբաստիանը կը համոզէ անոնց մնալ։
Տող 40.
Յաջորդ առաւօտեան, մինչ խումբը կ՛ուղեւորուէր նկարահանումը շարունակելու, Կոստի մօտ կու գայ Դանիէլի կինը` Թերեզան, եւ կը խնդրէ օգնել իրեն որոնելու դուստերը` Պելենին, որ (ըստ լսածի) վիրաւորուած էր։ Չնայելով Սեբաստիանի բողոքին` Կոստան կը համաձայնի։ Թերեզայի հետ Կոստան կը գտնէ Պելենին եւ կը հասցնէ հիւանդանոց։ Այդ ժամանակ Սեբաստիանին խումբի հետ կը պահեն պահակակէտին մէջ։ Բացի Անթօնիէն, բոլորը կը լքեն Սեբաստիանին, որպէսզի տուն վերադառնան։
 
Ցուցարարները կը հասնին իրենց նպատակին, եւ բողոքը կ՛աւարտի։կ'աւարտի։ Կոստան յոյս ունէր, որ նկարահանումը երբեւէ կ՛աւարտիկ'աւարտի, իսկ Դանիէլը աղջկայ փրկութեան համար Կոստային կու տայ պոլիվիական ջուրով սրուակ։
 
== Դերեր ==