«Աստղիկ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: (արեւմտահայերէն) (5) using AWB
Չ →‎top: clean up, replaced: կ՛ա → կ'ա using AWB
Տող 7.
Աստղիկը կը համապատասխանէ յունական [[Աֆրոտիթէ]], հռոմէական [[Վեներա]] աստուածուհիներուն։ Աստղիկի տօնը նշած են [[Յուլիս]]ի կիսուն՝ համաժողովրդական մեծ հանդիսութիւններով եւ արարողութիւններով։ Այդ տօնը կոչուած է [[Վարդավառ]] եւ ցայսօր կը պահպանուի։ Վարդավառը Հայ եկեղեցւոյ տաղաւար տօներէն է ու կը նշուի, որպէս՝ [[Յիսուս Քրիստոս|Յիսուս]] Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօն։
 
Ըստ արիական աւանդոյթներու՝ ստորգետնեայ աստուածը արարչական ընտանիքէն կը գողնայ Աստղիկը, որուն հետեւանքով արիներու միջէն կը վերանան «Սէրն ու Գեղեցկութիւն»ը, անոնց հոգիներուն մէջ բուն կը դնէ ատելութիւնը եւ անոնք կը դառնան տգեղ ու դժնակ։ Բայց Վահագնը, յաղթելով [[վիշապի]]ն, կ՛ազատէկ'ազատէ Աստղիկը եւ շրջելով Արարատը, արիները կ՛օծէ վարդաջուրով, վարդավառ կը սարքէ եւ անոնց վերստին կ՛օժտէ աստղիկեան սիրառատութեամբ։
 
Հայեր ժողովուրդը Վարդավառը մեծ շուքով կը տօնէ։ Այն հայերու ամենասիրուած տօներէն է։ Այդ օրը մեծ թէ փոքր խանդավառութեամբ իրար կ՛օծեն ջուրով, իրար Սէր ու Գեղեցկութիւն կու տան, կ՛երգեն, կը պարեն, կը նորոգեն աստուածային խորհուրդը, կը փառաբանեն Աստղիկը, իրար կը նուիրեն նորոգ սիրոյ խորհրդանիշ ծաղիկը՝ Վարդը։ Ըստ աւանդազրոյցի՝ ծովու ճերմակաթոյր փրփուրներէն ծնած էր Աստղիկը եւ այդտեղէն կը քալէր՝ ոտքերէն կաթկթացող արիւնէն վարդեր կը բուսնէին։ Երբ դիցուհին վարդի թերթիկներ կը թափէր Հայոց աշխարհին, անոնք աննկատելիօրէն կը քսուէին հայ աղջիկներուն եւ անոնց կ՛օժտեն աստուածային գեղեցկութեամբ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Աստղիկ» էջէն