«Արամ Հայկազ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Արամ Հայկազ}} using AWB
Չ clean up, replaced: կ՛ա → կ'ա (2) using AWB
Տող 30.
 
== Կենսագրութիւն ==
Բուն անունով Արամ Չեքենեան։ Ծնած է [[Շապին Գարահիսար]]։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Ազգային վարժարանին մէջ։ 1915-ի Ամրան, երբ թուրքական զօրքը արդէն մօտեցած էր իրենց քաղաքին, 5000 հայեր այրելով իրենց տուներն ու դաշտերը կը բարձրանան լեռ, որու գագաթին հռովմէական հին բերդի մը մնացորդները կային։ Ասիկա յայտնի է Շապին Գարահիսարի ապստամբութիւն անունով։ Արամ Հայկազ ինք եւս մասնակցած է [[1915]]-ի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, որ հետագային նկարագրած է «Շապին Գարահիսար Եւ Իր Հերոսամարտը» գործին մէջ ([[1957]])։ Մայրն (Իւղաբեր) <ref>[http://asbarez.com/arm/45142/ Գրող Արամ Հայկազ Հայաստան Վերադարձաւ]</ref> ու քոյրերը, օսմանցի թուրքերու կողմէ հայերու դէմ հալածանքին զոհերէն, բռնի կերպով իրենց բնօրրանէն կ'աքսորուին դէպի [[սուրիական անապատ]]ը: Սովահար եւ ընչազուրկ` անոնք կը հասնին գիւղ մը, ուր կը հանդիպին հայերու, որոնք [[իսլամութիւն]]ը ընդունելէ ետք կ՛աշխատէինկ'աշխատէին թուրքերու տուներուն մէջ: Ընդառաջելով իր մօր խնդրանքներուն` փոքրիկն Հայկազ եւս հաւատափոխ կը դառնայ: Յաջորդող չորս տարիներուն ան կ'ապրի քրտական ցեղախումբերու մօտ` ոչխարներ արածելով, բերքը հաւաքելով եւ հաւերը կերակրելով : Քիւրտ ընտանիքներու անմիջական հարեւանութեամբ ապրելով` ան կը սորվի անոնց սովորութիւնները, գաղտնիքները եւ խորամանկութեամբ` խոցելի կէտերը: Չորս տարի ետք կը յաջողի դուրս գալ Փոքր Ասիայէն:[[1919]]-ին կը փախչի Պոլիս եւ կ'ապաստանի Պոլսոյ որբանոցին մէջ, իսկ մէկ տարի ետք վերջնականապէս կը հաստատուի [[Նիւ Եորք]]։
 
== Գրական վաստակ ==
Տող 37.
Գրած է պատմուածքներ, նորավէպեր եւ վիպակներ։ Զուարթախոհութեան զգացումը (հիւմըր), որ տիրապետող է իր պատմուածքներուն մէջ, նոր եւ թարմ շունչ մըն էր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ։ Ան ունի իւրայատուկ թախծաշեշտ լաւատեսութիւն, լուսավճիտ բարութիւն եւ զուարթախոհ դատողութիւն:Անոր գրականութիւնը կը պատմէ շարունակուող կեանքը, հոն կայ կեանքի աւիշը… Համեստութիւնը սրամտութեամբ կը դիմագրաւէ ան: Կեանքէն վրէժ լուծելու թափով գրած է ան:Անոր տիպարներուն ընդմէջէն կը նկատենք մարդը, հա՛յ մարդը:
Արամ Հայկազ եղած է մարմնացումը պարզութեան, ընկերականութեան եւ ամէնէն աւելի` ազնուութեան:
Ամերիկացի լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ անգլերէն չի գրեր, Արամ Հայկազ պատասխանած է. «Երիտասարդ ու օժտուած հայ գրող մը իր գրել ծրագրած վէպին նախագիծը կը պարզէ նշանաւոր բանաստեղծ եւ հեղինակ Վերհարնին ու խորհուրդ կը հարցնէ, թէ ի՛նչ լեզուով գրէ. իտալերէ՞ն, գերմաներէ՞ն, ֆրանսերէ՞ն, թէ՞ հայերէն: Ի՞նչ լեզուով կ՛աղօթէքկ'աղօթէք, իր հերթին հարց կու տայ Վերհարնը: Հայերէնով, անշուշտ,- կը պատասխանէ հայ գրողը: Ուրեմն, պէտք է գրէք հայերէն, կ՛ըլլայ իմաստուն պատասխանը»:
 
Գրական իր հունձքը ամփոփուած է, հրատարակութեան կարգով, հետեւեալ հատորներուն մէջ՝