«Վան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Kareyac տեղափոխեց էջը «Վան (արեւմտահայերէն)»-էն «Վան»
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Բնակավայր}}
{{Արագ|Տեղափոխել hyw}}
'''Վան''', քաղաքը վարչականօրէն [[Արեւմտեան Հայաստան]]ի մաս կը կազմէ, որ բաժնուած էր նահանգներու, որոնք կը կոչուէին վիլայէթներ։ Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները Արեւմտեան Հայաստանը կը կազմէին այն վեց նահանգները (վիլայէթները), որոնք ծանօթ են նաեւ [[«արեւելեան նահանգներ»]] կամ [[«հայկական վեց նահանգներ»]] անունով։ Անոնք են՝ [[Վան]]իՎանի, [[Բաղէշ]]ի կամ [[Պիթլիս]]ի, [[Կարին]]ի կամ [[Էրզրում]]ի, [[Խարբերդ]]ի (Մումուրէթ ուլ Ազիզի), [[Տիարպեքիր]]ի, [[Սեբաստիա|ՍեբաստիՍեբաստիոյ]]ոյ կամ Աւազի նահանգները։
{{Արևելահայերեն|Վան}}
 
[[Պատկեր:WAN DSC 6626.JPG|280px|մինի|Վան]]
'''Վան''', քաղաքը վարչականօրէն [[Արեւմտեան Հայաստան]]ի մաս կը կազմէ, որ բաժնուած էր նահանգներու, որոնք կը կոչուէին վիլայէթներ։ Մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները Արեւմտեան Հայաստանը կը կազմէին այն վեց նահանգները (վիլայէթները), որոնք ծանօթ են նաեւ [[«արեւելեան նահանգներ»]] կամ [[«հայկական վեց նահանգներ»]] անունով։ Անոնք են՝ [[Վան]]ի, [[Բաղէշ]]ի կամ [[Պիթլիս]]ի, [[Կարին]]ի կամ [[Էրզրում]]ի, [[Խարբերդ]]ի (Մումուրէթ ուլ Ազիզի), [[Տիարպեքիր]]ի, [[Սեբաստիա|Սեբաստի]]ոյ կամ Աւազի նահանգները։
== Վանի Թագաւորութիւն ==
Քաղաքը հիմնադրած է Վանի թագաւոր [[Սարդուրի Ա.]]-ը [[(Քմ.Աթ.ա. 835-825]]), անուանած է [[Տուշպա]] եւ դարձուցած պետութեան մայրաքաղաքը։ Այդ օրերուն, քաղաքին մէջ կառուցուած են 2-3 յարկանի քարաշէն տուներ, ընդարձակ փողոցներ, բաղնիքներ եւ այլ շինութիւններ։ Քաղաքը արեւմուտքէն պաշտպանուած էր [[Վանայ լիճ]]ով, իսկ հարաւէն՝ [[Հայկական Տաւրոս]] արեւելեան հատուածներով։ Ռազմական կարեւոր նշանակութիւն ունէր քաղաքի կեդրոնը դէպի վեր խոյացած քարաժայռի վրայ կառուցուած միջնաբերդը, որ իր նշանակութիւնը պահպանած էր մինչեւ 1915։ Այսպիսով, Վանը հին աշխարհի անառիկ ու մարդաշատ քաղաքներէն էր, որ իր հիմնադրման օրէն գոյութիւն ունի մինչեւ օրս։ Քաղաքին արեւմտեան մասը, որու տրուած էր Բուն քաղաք կամ Քաղաքամէջ անունը, երեք կողմերէն շրջապատուած է պարիսպներով (մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները), իսկ հիւսիսէն բլուրներով։ Ունեցած է քաղաքային 4 դուռ, արեւելեանը կը կոչուի Թաւրիզի դուռ, հարաւայինները՝ Նոր կամ Սարայի եւ Միջին դուռ, հիւսիս-արեւմտեան կողմը կը գտնուի Նաւահանգիստի դուռը։ Հիւսիս-արեւելեան կողմը 1 քմ. երկարութեամբ 100-120 մ. բարձրութեամբ ուղղաձիգ քարաժայռ մը կ’երկարի, որու վրայ կը գտնուին հին բերդի ([[Շամիրամի բերդ]]) պարիսպներու եւ այլ շինութիւններու մնացորդներ ու բազմաթիւ [[սեպագիր արձանագրութիւն]]ներ։ Այստեղ քաղաքին յատակագիծը անկանոն է, փողոցները՝ նեղ, տուները՝ իրարու կից, բուսականութիւնը՝ աղքատ։ Քաղաքին մէջտեղը կը գտնուի շուկան, կառավարչատունը, փոստ-հեռագրատունը, զօրանոցն ու Հայոց Առաջնորդարանը։ Քաղաքին արեւելեան մասը ունէր հարուստ բուսականութիւն, փարթամ այգիներ եւ կը կոչուէր Այգեստան, որ կ’երկարէր շուրջ 4-5 քմ. տարածութեան վրայ։ Այստեղ էր ուռենիներով, կաղամախիներով զարդարուած Խաչփողանի փողոցը՝ համանուն հրապարակով։ Միւս փողոցները անկանոն էին, նեղ եւ ծուռումուռ, տուները՝ հողաշէն եւ համեստ։ Այգեստանը այն ժամանակ իր մէջ կ’առնէր [[Հայկավանք թաղ|Հայկավանք]], [[Նորաշէն թաղ|Նորաշէն]] եւ [[Ս.Յակոբ թաղ]]երը։թաղերը։ Այգեստանի մէջ կը գտնուէին անգլիական, պարսկական, ռուսական եւ ֆրանսական հիւպատոսութիւնները, բողոքական հայերու դպրոցն ու որբանոցը։ Ըստ աւանդութեան՝ Ասորեստանի թագուհի Շամիրամը Այգեստանի մէջ կառուցած է նաեւ իր ամառանոցը։ [[Մենուայի ջրանցք]]ի [[(Շամիրամի առու)]] ջուրերով կ’ոռոգուէին քաղաքին հարաւային մասի արտերն ու այգիները, ուր կը մշակուէին հացահատիկներ, խաղող եւ պտուղ-բանջարեղէն, յատկապէս ծիրան, խնձոր, դեղձ, տանձ եւ ընկոյզ։ Ժթ.դարու վերջերէն մինչեւ Ի.Դարու սկիգբները Վանէն կահոյքի համար ընկոյզի փայտ կ’արտահանէին [[Ֆրանսա]] ([[Մարսէյ]])։
== Վան քաղաքի դիրք, տարածութիւն եւ բնակչութիւն ==
Քաղաքը հիմնադրած է Վանի թագաւոր [[Սարդուրի Ա.]]-ը [[(Ք.Ա. 835-825]]), անուանած է [[Տուշպա]] եւ դարձուցած պետութեան մայրաքաղաքը։ Այդ օրերուն, քաղաքին մէջ կառուցուած են 2-3 յարկանի քարաշէն տուներ, ընդարձակ փողոցներ, բաղնիքներ եւ այլ շինութիւններ։ Քաղաքը արեւմուտքէն պաշտպանուած էր [[Վանայ լիճ]]ով, իսկ հարաւէն՝ [[Հայկական Տաւրոս]] արեւելեան հատուածներով։ Ռազմական կարեւոր նշանակութիւն ունէր քաղաքի կեդրոնը դէպի վեր խոյացած քարաժայռի վրայ կառուցուած միջնաբերդը, որ իր նշանակութիւնը պահպանած էր մինչեւ 1915։ Այսպիսով, Վանը հին աշխարհի անառիկ ու մարդաշատ քաղաքներէն էր, որ իր հիմնադրման օրէն գոյութիւն ունի մինչեւ օրս։ Քաղաքին արեւմտեան մասը, որու տրուած էր Բուն քաղաք կամ Քաղաքամէջ անունը, երեք կողմերէն շրջապատուած է պարիսպներով (մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբները),իսկ հիւսիսէն բլուրներով։ Ունեցած է քաղաքային 4 դուռ, արեւելեանը կը կոչուի Թաւրիզի դուռ, հարաւայինները՝ Նոր կամ Սարայի եւ Միջին դուռ, հիւսիս-արեւմտեան կողմը կը գտնուի Նաւահանգիստի դուռը։ Հիւսիս-արեւելեան կողմը 1 քմ. երկարութեամբ 100-120 մ. բարձրութեամբ ուղղաձիգ քարաժայռ մը կ’երկարի, որու վրայ կը գտնուին հին բերդի ([[Շամիրամի բերդ]]) պարիսպներու եւ այլ շինութիւններու մնացորդներ ու բազմաթիւ [[սեպագիր արձանագրութիւն]]ներ։ Այստեղ քաղաքին յատակագիծը անկանոն է, փողոցները՝ նեղ, տուները՝ իրարու կից, բուսականութիւնը՝ աղքատ։ Քաղաքին մէջտեղը կը գտնուի շուկան, կառավարչատունը, փոստ-հեռագրատունը, զօրանոցն ու Հայոց Առաջնորդարանը։ Քաղաքին արեւելեան մասը ունէր հարուստ բուսականութիւն, փարթամ այգիներ եւ կը կոչուէր Այգեստան, որ կ’երկարէր շուրջ 4-5 քմ. տարածութեան վրայ։ Այստեղ էր ուռենիներով, կաղամախիներով զարդարուած Խաչփողանի փողոցը՝ համանուն հրապարակով։ Միւս փողոցները անկանոն էին, նեղ եւ ծուռումուռ, տուները՝ հողաշէն եւ համեստ։ Այգեստանը այն ժամանակ իր մէջ կ’առնէր [[Հայկավանք թաղ|Հայկավանք]], [[Նորաշէն թաղ|Նորաշէն]] եւ [[Ս.Յակոբ թաղ]]երը։ Այգեստանի մէջ կը գտնուէին անգլիական, պարսկական, ռուսական եւ ֆրանսական հիւպատոսութիւնները, բողոքական հայերու դպրոցն ու որբանոցը։ Ըստ աւանդութեան՝ Ասորեստանի թագուհի Շամիրամը Այգեստանի մէջ կառուցած է նաեւ իր ամառանոցը։ [[Մենուայի ջրանցք]]ի [[(Շամիրամի առու)]] ջուրերով կ’ոռոգուէին քաղաքին հարաւային մասի արտերն ու այգիները, ուր կը մշակուէին հացահատիկներ, խաղող եւ պտուղ-բանջարեղէն, յատկապէս ծիրան, խնձոր, դեղձ, տանձ եւ ընկոյզ։ Ժթ.դարու վերջերէն մինչեւ Ի.Դարու սկիգբները Վանէն կահոյքի համար ընկոյզի փայտ կ’արտահանէին [[Ֆրանսա]] ([[Մարսէյ]])։
Վանի նահանգին սահմաններն են՝ հիւսիսէն [[Էրզրումի նահանգ]]ը, արեւմուտքէն՝ Պիթլիսի նահանգը, հարաւէն՝ [[Քիւրտիստան]]ը, արեւելքէն՝ [[Պարսկահայք]]ը: Նահանգի տարածութիւնը մօտաւորապէս 40 հազար քառ. Քմ.էր, բնակչութիւնը մինչեւ եղեռն 350,000 էր, որոնցմէ 200,000-ը հայեր էին։ Վանի նահանգը կը բաժնուէր երկու մասերու՝ Վանի եւ [[Հեքիարի]]ի: Վանը ոչ միայն համանուն նահանգին գլխաւոր քաղաքն էր, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական եւ հայաշատ քաղաքներէն մէկը։ Վան քաղաքը կը գտնուի [[Վանայ լիճ]]իլիճի ափին։
== Վան Քաղաքի Դիրք, Տարածութիւն եւ Բնակչութիւն ==
Վանի նահանգին սահմաններն են՝ հիւսիսէն [[Էրզրումի նահանգ]]ը, արեւմուտքէն՝ Պիթլիսի նահանգը, հարաւէն՝ [[Քիւրտիստան]]ը, արեւելքէն՝ [[Պարսկահայք]]ը: Նահանգի տարածութիւնը մօտաւորապէս 40 հազար քառ. Քմ.էր, բնակչութիւնը մինչեւ եղեռն 350,000 էր, որոնցմէ 200,000-ը հայեր էին։ Վանի նահանգը կը բաժնուէր երկու մասերու՝ Վանի եւ [[Հեքիարի]]ի: Վանը ոչ միայն համանուն նահանգին գլխաւոր քաղաքն էր, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի կեդրոնական եւ հայաշատ քաղաքներէն մէկը։ Վան քաղաքը կը գտնուի [[Վանայ լիճ]]ի ափին։
== Նշանաւոր Վայրեր ==
Քաղաքին հիւսիս–արեւելեան մասին մէջ կը գտնուէին [[Թոփրակ-Կալ]]էի բարձունքները։ Ասիկա այն հռչակաւոր վայրն է, որ բազմաթիւ պեղումներու շնորհիւ՝ յայտնաբերուած է իր թանկարժէք հնութիւններով, լոյս սփռելով Վանի պատմական մեծ անցեալին վրայ։ Այդ հնութիւնները կամ յափշտակուած են, կամ տարուած են եւրոպական թանգարանները։ Վանի մէջ կը գտնուի նաեւ Ագռաւի կամ Ակրփու քար կոչուող ժայռը, որ ըստ աւանդութեան, կապուած է [[«Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւն]] հետ։ Փոքր Մհերը, իր հօր՝ Դաւիթի անէծքով փակուած է այդ ժայռ –քարանձաւին մէջ. տարին մէկ անգամ կը բացուէին ժայռին դռները, երկինքէն իջնող մանանայով կը սնանէին Մհերն ու իր ձին, որմէ ետք, նորէն կը փակուէին ժայռին դռները։
== Վանը՝ Մայրաքաղաք ==
Վանը յայտնի է իր բազմաթիւ արձանագրութիւններով։ Վանը հայ ժողովուրդի պատմութեան լաւագոյն յուշարձանն է։ Երկու անգամ եղած է մայրաքաղաք, մէկը՝ [[Ուրարտու]]ի, միւսը [[Վասպուրական (արեւմտահայերէն)|Վասպուրականի]] [[Արծրունիներու Թագաւորութիւն|Արծրունիներու]] ժամանակ։
== Մշակութային Կեանք ==
Վանը Արեւմտեան Հայաստանի ամէնէն հայաշատ եւ ամէնէն յաառաջադէմ քաղաքն էր։ Վանը ոչ միայն Վասպուրական նահանգի, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի մտաւորական կեանքի գլխաւոր կեդրոններէն մէկն էր։ Վանեցիները շատ ընթերցասէր էին։ Վանեցիներէն նշանաւոր եղած են՝ [[Թովմա Արծրունի]], [[Խոսրով Անձեւացի]], [[Գրիգոր Նարեկացի]], [[Գրիգորիս Ախթամարցի]], [[Թովմա Մեծոփացի]], [[Նահապետ Քուչակ]], [[Մկրտիչ Խրիմեան]] (Հայոց Հայրիկը) եւ ուրիշներ։ 1860-ական թուականներուն, [[Վարագայ վանք]]ը նշանաւոր դարձած է Խրիմեան Հայրիկի օրով, որ հիմնած է գիշերօթիկ ժառանգաւորաց դպրոց, տպարան եւ հրատարակած [[«Արծիւ Վասպարականի» ամսագիր]]ը։ Այստեղ նշանաւոր էր մատենադարան-թանգարանը, ուր դասաւորուած էին հին եւ նոր, թէ՛տպուած եւ թէ՛ ձեռագիր բարոյական, իմաստասիրական, գիտական, պատմական եւ այլ մատեաններ։ Վարագայ վանքի Ս. Խաչը հոյակապ տաճար մըն է։ Վանը եղած է միջնադարեան հայ գրչութեան ու մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնը։ Այստեղ ապրած ու ստեղծագործած են գրչութեան ու արուեստի շատ ու շատ վարպետներ, որոնց գրած բազմաթիւ ձեռագիրներէն պահպանուած են 13 [[Աւետարան]], 4 [[Մաշտոց]], 3 [[Յայսմաւուրք]], 2 [[Ճաշոց]], 2 [[Գանձարան]], 2 [[Ճառընտիր]] եւ բազմաթիւ յիշատակարաններ ու ձեռագրական պատառիկներ։ Հայերն ունէին բազմաթիւ դպրոցներ։ Վանի մէջ կը գտնուէին Երեմեան եւ Կեդրոնական վարժարանները։ Բոլոր թաղերը ունէին իրենց դպրոցները։
== Արհեստներ ու ճաշեր ==
Արհեստներէն զարգացած էին ոսկերչութիւնը, կտաւագործութիււնը, շալագործութիւնը։ Վանեցի հայուհիները լաւ տնտեսուհիներ էին, կը պատրաստէին ընտիր կերակուրներ ու խմիչքներ։ Յայտնի էր Վանի թանապուրը, հարիսան, խաշը եւ բանջարեղէնով խառն պանիր–ժաժիկը։
 
== Աղբիւրներ ==
 
* Հայաստանի մայրաքաղաքները. Գիրք I, Վան (Վան քաղաքի առաջին յիշատակութեան 2865-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի նիւթերու ժողովածու), Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ հրատարակչութիւն, 2013։ ISBN 978-5-8080-1003-1
* «Հայաստանի և հարակից շրջանների տեղանունների բառարան» (5 հատորով), 1986-2001 թթ., Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն
 
{{Արտաքին յղումներ}}
[[Կատեգորիա:Հայաստանի բնակավայրեր (արւմտ․)]]
 
[[Կատեգորիա:Հայաստանի բնակավայրեր (արւմտ․)]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վան» էջէն