«Մարտիրոս Մնակեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 4 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
No edit summary
 
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ
{{Արագ|Տեղափոխել hyw}}<br />
[[Պատկեր:| պատկեր = Mnagian Mardiros.jpg|300px|մինի|Մարտիրոս Մնակեան]]
}}
 
'''Մարտիրոս Մնակեան''' (1837-1920), պոլսահայ թատերական գործիչ, բեմադրիչ, դերասան։
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է ­[[Կ.Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պո­լիս]], 1837-ին։ ­Հաս­գիւ­ղի (­Խաս­գէոյ) «­Ներ­սէ­սեան» վար­ժա­րա­նի շրջանաւարտներէն էր, որ հա­զիւ ու­սու­մը ա­ւար­տած՝ օգ­նա­կան ու­սու­ցի­չի պաշ­տօ­նին կո­չո­ւած էր միեւ­նոյն դպրո­ցին մէջ<ref name=":0">{{Cite web|url=http://azator.gr/?p=2628|title=­­Մար­տի­րոս Մ­նա­կեան 1837-1920|last=maik1970|first=|date=|website=|publisher=|language=|accessdate=}}</ref>։
 
Քսան տարեկանէն նուիրուած է հայ թատրոնին։
 
== Թատերական գործունէութիւն ==
Հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի ժա­մա­նակ­ներ մուտ­քը եւ [[Զարթօնքի շարժում|Ազ­գա­յին Զար­թօն­քի]] շար­ժու­մը թափ ա­ռին յատ­կա­պէս հայ թատ­րո­նի ծաղ­կու­մով, որ հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ­[[Կ.Պոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլ­սոյ]] եւ թէ ­[[Թիֆլիս (արեւմտահայերէն)|Թիֆ­լի­սի]]ի մէջ ի մի բե­րաւ հայ գրա­կա­նու­թեան, բե­մա­րո­ւես­տի, կեր­պա­րո­ւես­տի եւ գե­ղան­կար­չու­թեան ե­րի­տա­սարդ նո­ւի­րեալ­նե­րը։
 
Ընդ­հա­նուր այդ հո­սան­քին սի­րո­ղա­բար միա­ցաւ Մ­նա­կեան 1857-ին։ ­Հայ­ ուսուցիչի նիւ­թա­կան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րուն մէջ ապ­րող ե­րի­տա­սարդ Մ­նա­կեա­նին առ­ջեւ թատ­րո­նը բա­ցաւ ինք­նադր­սե­ւորման ու կեան­քի մե­ծա­պէս խոստմ­նա­լից աս­պա­րէզ մը եւ ան շու­տով հե­ռա­ցաւ ու­սուց­չու­թե­նէն ու ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ բե­մա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։
Տող 19 ⟶ 21՝
Հաս­գիւ­ղի ներ­կա­յա­ցում­նե­րէն ետ­ք մաս­նակ­ցած էր ­Բե­րա­յի ա­ռա­ջին ներ­կա­յաց­ման՝ Ա­րիս­տո­տէ­մի, որ­մէ Մ­նա­կեա­նի բաժ­նին 500 ղրուշ գո­յա­ցած էր։ Մ­նա­կեան այն­չափ եր­ջա­նիկ էր, որ այդ օ­րը ա՛լ կ­’ո­րո­շէր թո­ղուլ ու­սուց­չու­թիւ­նը եւ ինք­զին­քը տալ դե­րա­սա­նու­թեան։
 
«Իր յա­ջո­ղու­թիւ­նը քա­ջա­լե­րիչ ե­ղած էր եւ փայ­լուն ա­պա­գայ մը կը պսպղաց­նէր իր հմա­յո­ւած աչ­քե­րուն առ­ջեւ։ Ուս­տի իս­կոյն գա­ցեր էր միա­նայ ա­ռա­ջին օ­րէն Ա­րե­ւե­լեան Թատ­րո­նի խում­բին եւ «­Մե­ղու» կը յի­շէ զայն ա­ռանց մա­կա­նու­նի՝ «Պ. ­Մար­տի­րոս»ի վրայ խօ­սե­լով ա­ռա­ջին ներ­կա­յաց­ման առ­թիւ իսկ։ Ետ­քէն թեր­թե­րը կը խօ­սին «Մ­նա­կեան»ի վրայ, մա­նա­ւանդ երբ ­Վար­դո­վեա­նի հետ [[Իզմիր (արեւմտահայերէն)|Իզ­միր]] կ­’եր­թայ, ուր մեծ յա­ջո­ղու­թիւն կը գտնէ 1862-ին։ Այս­պէս, Ա­րե­ւե­լեան ­Թատ­րո­նի երկ­րորդ տա­րեշր­ջա­նին Մ­նա­կեանն ալ, Վար­դո­վեա­նի պէս, կը հե­ռա­նայ Ա­րե­ւե­լեան ­Թատ­րո­նի խում­բէն, հա­ւա­նա­բար չկրնա­լով հան­դուր­ժել այն ա­ռաջ­նա­կարգ դիր­քին, զոր ձեռք բե­րած էր Էք­շեան, նիւ­թա­պէս վա­յե­լե­լով ա­ռիւ­ծի բա­ժի­նը թա­տե­րա­կան հայսոյթներէն եւ ա­ռա­ջին դե­րե­րուն մէջ, գրա­ւե­լով միշտ թա­տե­րա­բե­մը, ուր կ՛ար­ժա­նա­նար ժո­ղո­վուր­դին ջերմ ծա­փե­րուն»<ref name=":0" />։
 
[[Զ­միւռ­նիա|Զ­միւռ­նիոյ]] մէջ իր գտած ջերմ ըն­դու­նե­լու­թե­նէն խան­դա­վառ, Մ­նա­կեան քա­նի մը հայ, յոյն եւ թուրք դե­րա­սան ըն­կեր­նե­րով կը հիմ­նէ «­Վաս­պու­րա­կան» թա­տե­րա­խում­բը, որ յատ­կա­պէս [[Ֆրանսա|ֆրան­սա­կան]] ե­րաժշ­տա­խառն [[Կատակերգութիւնկատակերգութիւն|կա­տա­կեր­գու­թիւն­նե­րով]] լայն հա­սա­րա­կու­թիւն կը գրա­ւէ։ Այս շրջա­նին կ­՛ա­մուս­նա­նայ եւ բե­մա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան կող­քին կը վե­րա­դառ­նայ ուսուցչութեան՝ նախ Ադ­րիա­նա­պոլ­սոյ (Է­տիր­նէ) մէջ, ա­պա՝ վերս­տին ­Պո­լիս։ Ու­սուց­չու­թիւ­նը բնաւ ար­գելք մը չե­ղաւ, որ­պէս­զի Մ­նա­կեան՝ ար­դէն իբ­րեւ հան­րա­ծա­նօթ դե­րա­սան եւ թատ­րո­նի ղե­կա­վար, նոր թա­փով լծո­ւի բե­մա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Կը գոր­ծակ­ցի «­Մա­ղա­քեան ­Թատ­րոն»ին, ­Կէ­տիկ Փա­շա­յի ­Թատ­րո­նին եւ, թուրք դե­րա­սան իր ըն­կեր­նե­րու հրաւէրով, [[Օս­մա­նեան Թա­տե­րա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւն|Օս­մա­նեան Թա­տե­րա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան]] հետ։
 
Պո­լի­սով չսահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ Մ­նա­կեա­նի հե­տա­գայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ [[Պետրոս Ադամեան|Պ. Ա­դա­մեա­նի]], Ա­րու­սեա­կի եւ ­Սի­րա­նոյ­շի ար­ժէ­քով մե­ծա­տա­ղանդ դե­րա­սան­նե­րու հետ, Մ­նա­կեան շա­րու­նակ թա­տե­րա­կան ե­լոյթ­նե­րով շրջա­գա­յե­ցաւ ոչ միայն [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան]] տա­րած­քին (հայ­կա­կան նա­հանգ­նե­րէն մին­չեւ ­[[Թե­սա­ղո­նի­կէ]] ու [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Ե­գիպ­տոս]], պար­բե­րա­բար վե­րա­դառ­նա­լով Զ­միւռ­նիա եւ Է­տիր­նէ), այ­լեւ՝ հա­սաւ մին­չեւ ­Թիֆ­լիս, ուր ռու­սա­կան թա­տե­րա­խաղ­նե­րու մէջ իր ստանձ­նած կա­տա­կեր­գա­կան փայ­լուն դե­րե­րով՝ ուղ­ղա­կի հմա­յեց հայ, վրա­ցի եւ ռուս հան­դի­սա­տե­սը։
 
Մար­տի­րոս Մ­նա­կեան ա­նու­րա­նա­լիօ­րէն մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ նաեւ թրքա­կան թատ­րո­նի ծաղ­կու­մին մէջ։ ­Նոյ­նինքն թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րը յա­տուկ կարեւորութեամբ ու գնա­հա­տան­քով կ­՛անդ­րա­դառ­նան հայ բե­մի վար­պե­տին ա­ւան­դին՝ իբ­րեւ օս­մա­նեան թատ­րո­նի զար­գաց­ման նա­խա­կա­րա­պետ­նե­րէն մէ­կը։