'''Կիրակոս Ադամեան''', ծնած՝ [[Հալէպ]], [[խարբերդ]]ցի ծնողներէ։ Աւարտած է քաղաքին [[Խարբերդի Կիլիկեան վարժարան|[[Կիլիկեան վարժարան]]ը: 1950-ին, արհեստի հետեւելով դարձած է ինքնաշարժի մեքենագէտ։ 1962-66 ուսանած է [[Սոֆիա]]յի [[Սոֆիայի թէքնիք գոլէճ|թէքնիք քոլէճքոլէճը]]ը, ուրկէ շրջանաւարտ ելած է բարձրագոյն նիշով։ Յետոյ վերադարձած է [[Սուրիա]] եւ մէկ տարուան համար [[Սէուտական Արապիա]] գացած, որպէս վերակացու ծանր մեքենաներու վերաշինութեան գործին։
1969-ին կը հաստատուի [[Նիւ Եորք]] եւ կը կազմէ իր ընտանիքը, բախտաւորուելով աղջիկ եւ մանչ զաւակներով։
Կ'աշխատակցի [[«Նոր Կեանք» շաբաթաթերթ]]ինշաբաթաթերթին, ստորագրելով սրամտութիւններով համեմուած պատմուածքներ, որոնց նիւթերը կը քաղէ առօրեայ իրական կեանքէն։ Կու տայ նաեւ իր յուշերը, հարազատօրէն պատկերացնելով իր երբեմնի կեանքէն տպաւորիչ դէպքեր՝ խօսակցութիւնները համեմելով խարբերդի հայոց բարբառով<ref>{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն| 691}}</ref>: