«Իսքէնտէր Աբգարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: 6]]ի → 6]]-ի using AWB
No edit summary
 
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
'''Իսքէնտէր Աբգարեան''', ({{ԱԾ}}), ո՞ր լիբանանցի, սուրիացի, եգիպտացի, կամ աւելի արդար ըլլալու համար՝ արաբական աշխարհի ընթերցասէրը չի ճանչնար նշանաւոր բանաստեղծ-պատմաբան [[Իսքէնտէր Աբգարիոս]]ը, որ յաջողած է հասնիլ արաբական դրականութեան մէջ այնպիսի բարձունքի մը որ պատիւ կը բերէ ո՛չ թէ լոկ իրեն, այլ իրեն պատկանած երկրին՝ [[Լիբանան]]ի, եւ ազգին՝ Հայութեան։ Իսքէնտէր կը դասուի արաբական արդի գրականութեան ռահվիրաներու շարքին, Պուսթանիներու եւ Եազիճիներու ժամանակակից եւ համբաւով ու կարողութեամբ աննց հաւասար։ Եազիճի, Պուսթանի եւ Աբգարիոս կը կազմեն արաբական արդի գրականութեան երրորդութիւնը։
 
Այս չէ լոկ։ Իր հիանալի յատկութիւնները հոս չեն վերջանար։ Հանճարեղ գրագէտ մը ըլլալով հանդերձ, հմուտ փիլիսոփայ մը, խոհեմ քաղաքագէտ մըն էր ''Իսքէնտէր աղա Աբգարիոս պին եաղուպ աղա պին Աբգար էլ Էրմէնի:'' Ահա այս է իր անունը։ Ինչպէս գիսաւոր մը լուսաճաճանչ՝ ժամանակի անջրպետին մէջէն կը սուրայ առանց շիջելու, իր մեծղի եւ փառահեղ իրանը յաղթականօրէն պտտցնելէն, նոյնպէս Իսքէնտէր Աբգարիոս իր դափնեզարդ անուան հետ կամաւոր տարած է նաեւ իր ցեղի-Հայութեան-անունը, մտցնելով զայն արաբական մատենագրութեան հոյակապ էջերէն ներս։ Պատիւ սեպած է իր հայու ծագում ունենալուն հանգամանքը, պարագայ մը. զոր, ինչպէս պիտի տեսնենք, իր որդին [[Ուատի Աբգարիոս]], հպարտութեամբ յայտնած է այս տողերը գրողին։ Նոյն գաղափարի տէր էր նաեւ իր որդին, որ դժբախտաբար քանի մը տարի առաջ վախճանեցաւ։ Կ'արժէ մասնաւոր ուշադրութեամբ կարդալ անոր հետեւեալ խօսքերը, զորս ինծի ըսաւ տարիներ առաջ.«Տղաս, մենք հայ ենք եւ այս մեզի համար պատիւ կը համարենք: Այս ճշմարտութիւնը կը յայտարարենք ոչ թէ հիմա, այլ թուականէս 75 տարի առաջ հայրս իր հեղինակութիւններուն ճակատը հպարտութեամբ կը գրէր իր հայ ըլլալը»: