«Անթուան Քեհեայեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 8.
Երկրորդական ուսումը կը շարունակէ [[Պէյրութ]]ի «International college»-ին մէջ<ref>[http://hamazkayin.org/faces.php?Lang=hy Ամսուան դէմքը]</ref>։ Ապա կը մտնէ կեանքի ասպարէզ, նախ պաշտօնեայ, սակայն շուտով՝ ուսուցիչ, երբ կը հանդիպի [[Լեւոն Շանթ]]ին։ Սըր-ը կ'ըսէ. {{քաղվածք|Ուսուցչութիւնը սիրելս կը պարտիմ Լ. Շանթին. ան զիս ուսուցիչ ձեռնադրեց եւ իրմէ հայերէն սորվեցայ։}}
 
[[1949]]-էն սկսեալ Սըր Ճեմարանի անգլերէնի ուսուցիչն էր, իր իւրայատուկ ոճով երկրորդականի աշակերտներուն սորվեցուցած է անգլերէնի ճիշդ առոգանութիւնը եւ քերականութիւնը։ [[1954]]-ին կը դառնայ Ճեմարանի գիշերօթիկներու պատասխանատու վարիչ մինչեւ այդ բաժինին փակումը։ Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով՝ Սըր ունէր լայն ու ընդհանուր զարգացում՝ գրականութեան, մանկավարժութեան եւ քաղաքականութեան բնագաւառներուն մէջ։ Կը մահանայ [[Հինգշաբթի]], [[31 Յունուար]] [[2013]]-ի երեկոյեան ժամը 6-ին<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/105329 Անթուան Քեհեայեան (Սըր) Ոչ Եւս Է]</ref>։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==