«Զարեհ Մելքոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 58.
Ուսուցչութիւնը եղած է գլխաւոր իր ասպարէզը։ Պաշտօնավարած է Հ*Ո*Ը*Մ*ի Պէյ–րութի «[[8ովակիմեան–Մանուկեան]]» եւ «[[Դարուհի Ցակոբեան]]» երկրորդական վարժարաններուն մէջ, իբրեւ դասախօս հայերէնիեւ հայ գրականութեան, իսկ 1964-1968 տնօրէն՝«Դարուհի Ցակոբեանի»։ [[1968]]-ին հաստատուած է [[Միաց* Նահանգներ]], Տիթրոյթ, ուր ցարդ կը վարէ Հ*Ո*Ը– Միութեան Միջին-Արեւմտեան շրջանի վարիչքարտուղարի պաշտօնը։
 
Ութ[[Զարեհ Մելքոնեան]] ութ տարի վարած է խմբագրութիւնը Պէյրութի «[[Թէքէեան]]» մշակութային միութեան «[[Շիրակ]]» ամսագրին եւ հրապարակագրային, գրադատական, մանկավարժական եւ յուշագրային յօդուածներով աշխատակցած է [[Պէյրութ]]ի «[[Զարթօնք]]», [[Գահիրէ]]ի «[[Արեօ]]>, [[Պոստըն]]ի «[[Պայքար]]» եւ [[Գալիֆորնիոյ]] «Նոր Օր» թերթերուն։
 
1943-1979՝ հրատարակած է քերթողական հետեւեալ գործերը*«Ես եւ մարդիկ»՝ 1943, «Ջրհեղեղէն յետոյ»՝ 1947, «Երջանկութիւն»՝1950, «՝քերթուածներ»՝ 1962, «Մինչհւ ափերը անկարելիին»՝ 1967, եւ«Լերներ վիհերու մէջ՝ 1978:
 
[[Զարեհ Մելքոնեան]]Հարուստ հարուստ է ապրումներով՝ որոնք անցողիկ ու պարագայական չեն, ներանձնական կեանքէ սկիզբ կ’աոնեն, հոն կը կուտակուին, կը խմորուին, կը զտուին, ու բաոի կուգան աոանց ճիգի, պահելով իրենց անխաոն ինքնութիւնը, սակայն իր գլխաւոր տկարութիւնը՝ զգացումներու անզուսպ զեղումն ու մտքէն դէպի գրիչ հոսող գաղափարներու անհակակշիո ծաւալումն է թուղթին վրայ։
 
Թատերագրային իր գործերուն մէջ ալ — որոնք առհասարակարդի մեր կեանքէն բարքերու, ունակութեանց, մամանակի եւ միջավայրի ներգործութեամբ իւրացուած չտեսիկ, սնապարծ, աժանագին եւ քաղքենի հակումներու կը սեւեռին — հրապարակագրային ու ճաոային նկարագրով էջեր կան* թատրոնի թեքնիքին, յատկապէս արդիթեպքերու եւ դիտող հասարակութեան ակնկալութեանդ անհամապատասխան խճողումներ։ Իր «տիալոկ»ները յաջող են ընդհանրապէս,սակայն լեզուական հիւսքը թատերագրային արուեստի տեսակէտով բիծեր ունի։