«Զարեհ Մելքոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 50.
 
== Կենսագրութիւն ==
[[Զարեհ Մելքոնեան]] ծնած է [[Հալէպ]]: Ուսանած է Հայկական Ազգ. նախակրթարանի, Մխիթարեան վարժարանի եւ Լիսէ Ֆրանսէի մէջ։ [[1945 թուական|1945]]-ին շրջանաւարտ եղած է Կիպրոսի [[Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն|Մելգոնեան կրթական]] հաստատութենէն։
 
[[Պէյրութ]]ի մէջ աւարտած է Ամերիկեան համալսարանը, Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով, Անգլիական Գրականութեան մէջ, եւ Մագիստոս Արուեստից տիտղոսով՝ Մանկավարժութեան ճիւղէն։
 
Ուսուցչութեան ասպարէզի կը նուիրուի եւ հայերէն լեզու ու գրականութիւն կ՛աւանդէ [[Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն|Հ.Բ.Ը.Մ.]]-ի ''Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան'' եւ ''Դարուհի Յակոբեան'' երկրորդական վարժարաններուն մէջ։ Իսկ [[1964 թուական|1964]]-[[1968]] տնօրէնութեան պաշտօն կը վարէ Դարուհի Յակոբեան վարժարանի մէջ մինչեւ իր Տիթրոյթ հաստատուիլը, 1968-ին։ Միջոց մը կը վարէ ''Ալեք Մանուկեան Մշակութային Հիմնադրամի'' քարտուղարութեան պաշտօնը։
 
''Պէյրութի'' մէջ խմբագրուած է «Շիրակ» գրական ամսագիրը, 8 տարի։ Աշխատակցած է Պէյրութի «Զարթօնք» ին, Գահիրէի «Արեւ» ին, Պոսթոնի «''Պայքար''» ին, Լոս Անճելոսի «Նոր Օր» ին եւ այլ թերթերու, մանկավարժական, գրադատական, յուշագրական յօդուածներով<ref>{{Գիրք:Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն|106}}</ref>։
 
== Երկեր ==