«Կոտայքի մարզ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 55.
 
Թեք ու անտառազուրկ լանջերուն շատ են հեղեղատները ու փոքր հովիտները։ Շրջանի տարածքի մեծ մասը տեղանքի թեքութիւնները 8°-էն չեն անցնիր, ուստի տնտեսական իւրացման համար համեմատաբար դիւրին են: Կոտայքի մարզի հողաբուսական ծածկոյթը բաւականին խայտաբղետ է: Կը գերակշռեն լեռնատափաստանային եւ լեռնաշագանակագոյն, բարձրադիր վայրերուն մէջ՝ ենթալպեան լեռնամարգագէտնային, սեւահողանման ու դարչնագոյն հողերը։ Սարաւանդներուն բնորոշ են շագանակագոյն հողերը եւ չոր տափաստանային բնակավայրերը: Լեռնալանջերուն սեւահողային ծածկոյթի վրայ ձեւաւորուած են լեռնային տափաստաններ: Ծաղկունեաց լեռներու եւ Մարմարիկի հովիտի անտառներուն տակ կը տարածուին գորշ դարչնագոյն հողերը: Բարձրադիր լեռնային գօտիին բնորոշ է լեռնամարգագետնային բնակավայրը: Գետահովիտներուն մէջ մշակուած ոռոգուող հողեր են։ Բարձրադիր մասերուն մէջ տարածուած են խոտհարքներն ու ամառնային արօտավայրերը։ Լաւ արտայայտուած են բնական բնակավայրերու գօտիները։
[[Պատկեր:Mount_Ararat_from_Kotayk_Province.jpg|կենտրոն|մինի|1047x1047փքս|<center>Արարատ լերան համայնապատկերը` Կոտայքի մարզէն</center>]]
 
=== Ջրագրութիւն ===
Տող 251.
Կոտայքի մարզի երթեւեկութեան համակարգի կարեւոր բաղկացուցիչ մաս կը կազմեն ճանապարհները: Անոնք մեծ նշանակութիւն ունին մարզի ընկերա-տնտեսական զարգացման գործին մէջ:
 
Երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներու շարքին կարեւոր նշանակութիւն ունինեն ինքնաշարժներու փոխադրումները: Անոնք կը կազմեն Կոտայքի մարզի տարածքին կատարուող ինքնաշարժներու փոխադրումներու 95 %-ը: Կոտայքի ընդհանուր օգտագործման ճանապարհային ցանցը կը խմբաւորուի տարբեր նշանակութեանկարեւորութեան երեք հիմնական ճանապարհային ուղիներու:
 
Անոնց ընդհանուր երկարութիւնը կը կազմէ 579.48 քմ: Գերակայ կը համարուին մարզային կամ տեղական նշանակութեան ճանապարհները (256.1 քմ):
Տող 257.
267.2 քմ երկարութեամբ յայտնի են հանրապետական նշանակութեան ճանապարհները, իսկ միջպետական ճանապարհներու ընդհանուր երկարութիւնը կը կազմէ 56.18 քմ:
 
Մարզի ներսը կատարուող 38 երթուղիներու սպասարկման աշխատանքները կը կատարուին թիւով 12 փոխադրող կազմակերպութիւններու միջոցով: Կոտայքի 3 քաղաքային համայնքներուն մէջ կը կատարուին նաեւ ներհամայնքային ուղեւորափոխադրումներ (6 երթուղիներով): Կոտայքի մարզի քաղաքային եւ գիւղական համայնքներէն դէպի Երեւան կը գործէ 8 հանրակառքային եւ նոյնքան փոքր հանրակառքային, իսկ դէպի Հայաստանի այլ մարզեր՝ 1 հանրակառքային միջմարզային կանոնաւոր երթուղիներ: Նշանաւոր է Հրազդան-Երեւան մարդատար ելեկտրագնացքը։
 
Կոտայքի հիւսիս-արեւմուտքով կ՛անցնի Երեւան-Սեւան երկաթուղիի 27 քմ հատուածը, որուորուն գլխաւոր կայարանը կը գտնուի Աբովեան քաղաքին մէջ։ Արդիւնաբերական կեդրոնները կը գտնուին երկաթուղիի մօտ, կամ՝ 6-9 քմ հեռաւորութեան վրայ (Արզնի, Նոր Հաճըն)։ Խճուղային ճանապարհներու համեմատաբար զարգացած, ցանցի շնորհիւ (260 քմ, որմէ աւելի քան 200 քմ՝ կոշտ ծածկով, 1972) բնակավայրերը հանրակառքային հաղորդակցութեամբ կապուած են շրջկեդրոնի եւ Երեւանի հետ։ Ունի կապի 13 բաժանմունք։
 
Խողովակաշարային երթեւեկութիւնը Կոտայքի մարզի զարգացող եւ ոչ կեդրոնացուած ճիւղ է: Այն տարածուած է հիմնականին մարզի լեռնային շրջաններուն մէջ:
 
==== Ջրամատակարարում ====
Կոտայքի մարզի տարածքը հարուստ է բնական ջուրի պաշարներով: Այն ոչ միայն բաւարարումկը բաւարարէ, այլեւ կը գերազանցէ բնակչութեան անհրաժեշտ պահանջարկը: Կոտայքի մարզի բնակչութեան կողմէ խմելու ջուրի պաշարներու տնօրինուող աղբիւրները ընդհանուր հաշիւով կը կազմեն 1929 լիթր/վրկ: Այն իր հերթին կը կազմէ ամբողջ խմելու ջուրի 30 %-ը: Խմելու ջուրի արտաքին ցանցի երկարութիւնը կը կազմէ 566.9 քմ: 1280 քմ երկարութիւն ունի ներքին ցանցը<ref name=":8" />:
 
«Հայջրմուղկոյուղի» եւ «Երեւան-ջուր» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնները պատասխանատուութիւն կը կրեն մարզի քաղաքային եւ գիւղական համայնքներու ջրամատակարարման իրականացման գործին մէջ: Այն համակարգին մէջ յայտնի են 50 բաց աղբիւրներ, 16 խորքային հորեր, 13 պոմպակայաններ, 60 օրուան կարգաւորման ջրամբարներ, որոնց ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ 174.9 հազար խորանարդ մեթր:
 
Կոտայքի մէջ կը տարբերին ջրամատակարարման երկու հիմնական եղանակներ: Գերակայ է մեխանիկականմեքանիկական եղանակը, սակայն վերջին տարիներուն կըաւելցած մեծանայէ նաեւ ինքնահոս համակարգի տեսական կշիռըօգտագործումը:
 
== Մշակոյթ ==
[[Պատկեր:Հուշահամալիր`_Հայաստանը_Ռուսաստանին_միացման_150-ամյակին.jpg|մինի|252x252փքս|ՀայաստանիՀայաստանի՝ ՌուսաստանինՌուսիոյ միացման 150-ամեակին նուիրուած յուշահամալիր, քանդակագործ՝ Սարգիս Պաղտասարեան, ճարտարապետ` Ս. Բարխուդարեան]]
Կոտայքի մարզին մէջ կան շարք մըբազմաթիւ մշակութային օջախներ՝ գրադարաններ, թանգարաններ, թատերասրահներ եւ այլն<ref name=":8" />: Մարզին մէջ առկայ է 66 գրադարան: Անոնցմէ 14-ը կը գտնուին Կոտայքի մարզի քաղաքներուն մէջ, իսկ մնացած 51-ը՝ գիւղերուն մէջ: Եւս մէկը ունի մարզային կարգավիճակ եւ կը համարուի Կոտայիք մարզի գլխաւոր գրադարանը: Նշանաւոր գրադարաններէն է Ծաղկաձոր քաղաքի հանրային գրադարանը: Այն 2013-ին ստացած է հանրային կարգավիճակ՝ ի շնորհիւ նորագոյն կահաւորման, գրական եւ արուեստագիտական զարգացման:
 
Բացի գրադարաններէն, ԿոտայքինԿոտայքի մէջ կը գործեն նաեւ թանգարաններ եւ մէկ պատկերասրահ, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան տակ: Անոնք են Հրազդանի երկրագիտական թանգարանը, Աբովեանի հայ եւ ռուս ժողւուրդներու բարեկամութեան թանգարանը, Ծաղկաձորի [[Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարան]]ը, Նոր Հաճընի [[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] հայերու պատմութեան թանգարանը եւ «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը:
 
ՄիակՄարզին միակ պատկերասրահը կը գտնուի Հրազդան քաղաքին մէջ եւ կը համարուինկատուի Հայաստանի ազգայինԱզգային պատկերասրահիՊատկերասրահի (կը գտնուի Երեւանի մէջ) մասնաճիւղը:
 
Կոտայքի մէջ կը գործեն շարք մըբազմաթիւ մշակութային տուներ եւ գեղարուեստական դպրոցներ: Այստեղ կը գործէ թիւովգործեն 23 մասնագիտական գեղարուեստական կրթական հաստատութիւնհաստատութիւններ: ԱնոնքԱնոնց կարգին են մարզին մէջ գործող 8 երաժշտական, 13 արուեստի, 2 գեղարուեստի դպրոցները՝ 3514 աշակերտներով եւ 427 մանկավարժներով: ՈրպէսԻբրեւ հենակէտային դպրոցներ մարզին մէջ յայտնի են Զարեհ Սահակեանցի անուան երաժշտական, [[Երուանդ Քոչար]]ի անուան արուեստի եւ Աբովեանի գեղարուեստի դպրոցները:
 
=== Մարզանք ===
[[Պատկեր:Abovyan_stadium_general_view.jpg|մինի|252x252փքս|Աբովեանի քաղաքային մարզադաշտը]]
Մարզանքի բնագաւառին մէջ Կոտայքը առաջատար դիրքեր կը գրաւէ Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու մէջ: 2016-ի տուեալներով Կոտայքի մարզի տարածքին կը գործեն 15 խոշորմեծ մարզադպրոցներ: Մարզի բնակավայրերուն մէջ կը գործեն 23 մարզաձեւի պարապմունքներ: Այդ մարզաձեւերէն 16-ը ողիմպիական են: Կոտայքի մարզին մէջ լայն տարածում ունին սամպօ, ձիւտօճիւտօ, ազատ ոճի ըմբշամարտ, բազկամարտ, բռնցքամարտ, շախմատճատրակ, աթլետիկաաթլէթ, [[ֆութպոլ]], մականախաղ եւ դահուկային մարզաձեւերը<ref name=":8" />:
 
Կան նաեւ վոլէյպոլովվոլիպոլով, karate-ովքարաթէով, սուսէրամարտովսուսերամարտով եւ այլ մարզաձեւերով զբաղուողզբաղող երիտասարդներ եւ պատանիներ: Մարզի մարզական դպրոցներ կը յաճախեն թիւովյաճախէ 5400 մարզիկներ:մարզիկ, Գրեթէորոնց 5000-նմեծ ալմասը կը պարապենմարզուի մարզական ակումբներու եւ հանրակրթական դպրոցներու արտադասարանական մարզական խմբակներու մէջ:
 
Մարզի տարածքին մարզանքի զարգացման կարեւոր խթան կը հանդիսանայ այն, որ բոլոր քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերուն մէջ կը դասաւանդուին ֆիզիկական մշակոյթի խորացուած դասընթացքներ: Կոտայքի մարզին մէջ ծնած եւ գործունէութիւն ծաւալած շարք մը անձեր դարձած են մետալակիրներ՝ հանդէս գալով տարբեր մարզաձեւերու մէջ: Անոնցմէ են
Տող 291.
* Սամուէլ Գրիգորեան` ծանրամարտի Աշխարհի ուսանողական խաղերու արծաթէ մետալի դափնեկիր.
* Վաչիկ Վարդանեան` սամպոյի Աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութիւններու (2010, 2011) ախոյեան՝ ոսկիէ մետալակիր.
* Աբրահամ Սարկասեան` Ձմեռնային ողիմպիականՈղիմպիական խաղերուԽաղերու լեռնադահուկային մարզանքով զբաղուող մարզիկ.
* Էլէն Գրիգորեան` ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր.
* Արմէն Նազարեան` ձիւդոյիստճիւտոյիստ, Եւրոպայի ախոյեան եւ բազմակի մետալակիր, 2005-էն՝էն ի վեր՝ Հայաստանի եւ միջազգային մարզանքի վարպետ.
* Վահան Խոջոյեան` սամբոիստսամպոիստ, Եւրոպայի ախոյեան (1999) եւ բազմակի մետալակիր.
 
Կոտայքի մարզի գլխաւոր ֆութպոլային ակումբը «Կոտայք»-նԿոտայքն է:, Այնոր կը ներկայացնէ Աբովեան քաղաքը: Ակումբը հիմնադրուածհիմնուած է 1955-ին եւ հանդէս կու գայ Հայաստանի ազգային առաջնութեան մէջ: ՏնայինՏեղական մարզադաշտը Աբովեանի «Կոտայք» մարզադաշտն է, ուր ֆութպոլային ակումբի ֆութպոլիստները կը կատարեն իրենց մարզին մէջներն ու տնային հանդիպումները:
 
=== Կրթութիւն ===
Խորհրդային իշխանութեան անկումէն ետք կրթութեան ոլորտը Կոտայքի մարզին մէջ զարգացման ուղին բռնած է։ 1972-1973-ականներուն Կոտայքի մէջ կար 39 դպրոց (անոնցմէ՝ 21 միջնակարգ)՝ 18 100 աշակերտով, 13 մսուր եւ մանկապարտէզ (շուրջ 620 երեխայ)<ref name=":8" />։
 
Դպրոցներու թիւը կ՛աւելանան: Կոտայքի մարզի բոլոր խոշոր գիւղական եւ քաղաքային բնակավայրերը ունին առանձնացուած դպրոց, իսկ քաղաքներու պարագային՝ քանի մը դպրոցներ:
 
2014-ի դրութեամբ մարզի հանրակրթական կրթարաններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 105 հաստատութիւն: Անոնց կարգին են նաեւ Կոտայքի մէջ գործող մէկական յատուկ եւ մասնաւոր դպրոցներն ու երկու կրթահամալիրները: Հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններէն 91-ը, ինչպէս` նաեւ 1 յատուկը, գործած են մարզպետարանի ենթակայութեան ներքոյտակ:
 
11 աւագ դպրոցները եւ Աբովեանի կրթահամալիրը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ԿԳ նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Նայիրիի ոչ պետական միջնակարգ դպրոցը միակն է իր տեսակով Կոտայքի մէջ՝ ոչ պետական հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւն: Նշանաւոր է «Փոքր Մհեր» ռազմական կրթահամալիրը, որ նաեւ գիշերօթիկ դպրոց է:
Տող 312.
=== Արդիւնաբերութիւն ===
[[Պատկեր:Hrazdan_Thermal_Power_Plant_Armenia_01.jpg|մինի|252x252փքս|Հրազդանի ջերմաելեկտրակայանը Հայաստանի ելեկտրական արտադրութեան կարեւոր կեդրոններէն է։]]
Կոտայքի մարզի տնտեսութեան գերակայ ճիւղերը երկուքն են՝ արդիւնաբերութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը։ Համախառն ներքին արդիւնքի ամենամեծ մասնաբաժինը կ՛իյնայ արդիւնաբերութեան։ Վերջինիս արտադրական ծաւալի ներուժը հիմնականին մէջ կեդրոնացուած է քաղաքներուն մէջ՝ Հրազդան, Չարէնցաւան, Նոր ՀաճնՀաճըն, Եղուարդ, Բիւրեղաւան, Աբովեան, ինչպէս նաեւ շարքբազմաթիւ մը խոշորմեծ գիւղական բնակավայրերուգիւղերու մէջ։ Արդիւնաբերութեան ճիւղերէն առաջատար կը համարուին ուժականութեան, մեքենաշինական եւ սնունդի արդիւնաբերութեան, քարամշակման, հանքարդիւնահանման, ձկնաբուծութեան, շինանիւթերու եւ փայտամշակման ոլորտները։ Արդիւնաբերութեան արտադրանքի մեծ մասը կը բաւարարէ հայաստանեան շուկայի ներքին պահանջները, իսկ մէկ մասն ալ կ՛արտահանուի արտասահման՝ [[Ռուսիա|ՌուսաստանիՌուսիոյ Դաշնութիւն]], [[Չինաստան]], [[Վրաստան]], [[Պուլղարիա|Պուլկարիա]], [[Իրան|Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն]] եւ այլն։
 
2013-ի տուեալներով Կոտայքի մարզի տարածքին կը գործեն 164 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, որոնց ընդհանուր արտադրանքը կը կազմէ ամբողջ Հանրապետութեան արտադրանքի 13,4%-ը։ Այս ցուցանիշով Կոտայքի մարզը երրորդն է Հայաստանի մէջ՝ մայրաքաղաք Երեւանէն եւ Սիւնիքի մարզէն ետք։ Կոտայքի մարզի արդիւնաբերութեան գլխաւոր ճիւղերիէն մէկը սնունդի արդիւնաբերութիւնն է։ Այս բնագաւառի կարեւոր ոլորտներն են կաթնամթերքի վերամշակումը, ինչպէս նաեւ գինիի եւ քոնեակի, պահածոներու, ձուի եւ թռչնամիսի, մսամթերքի արտադրութիւնը։ Կոտայքի մէջ զարգացած է թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերու (ոսկիի) վերամշակումը: Մարզին մէջ ամենաթոյլ զարգացած ճիւղը թեթեւ արդիւնաբերութիւնն է։
 
Կոտայքի մարզի արդիւնաբերութեան գլխաւոր ճիւղերէն մէկը սնունդի արդիւնաբերութիւնն է։ Այս բնագաւառի կարեւոր ոլորտներն են կաթնամթերքի վերամշակումը, ինչպէս նաեւ գինիի եւ քոնեակի, պահածոներու, հաւկիթի եւ թռչնամիսի, մսամթերքի արտադրութիւնը։ Կոտայքի մէջ զարգացած է թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերու (ոսկիի) վերամշակումը: Մարզին մէջ ամենաթոյլ զարգացած ճիւղը թեթեւ արդիւնաբերութիւնն է։
Արդիւնաբերութիւնը կու տայ Հայաստանի ռատիոելեկտրոնիկայի եւ սարքաշինութեան արտադրանքի մօտ մէկ հինգերորդ մասը, ապակիի եւ բիւրեղապակիի 40%-էն աւելին, ոչ ոգելից խմիչքներու եւ հանքային ջուրերու մօտ 12%։ Տնտեսութեան զարգացման հեռանկարները կապուած էին մշակող արդիւնաբերութեան աճի, հանքային հարստութիւններու շահագործման եւ մերձերեւանեան գօտիին մէջ գիւղատնտեսական արտադրանքի աւելացման հետ։ Հայաստանի Կոտայքի մարզի տնտեսական ներուժին զգալի վնաս հասցուցած է նախկին տասնեակ հազարաւոր աշխատատեղեր ապահովող խոշոր կազմակերպութիւններու քայքայումը` սեփականաշնորհման, հումքի, իրացման շուկաներու նուազման կամ բացակայութեան եւ հիմնական միջոցներու բարոյաֆիզիկական մաշուածութեան հետեւանքով։ Մարզի տասնեակ մեքենաշինական, թեթեւ եւ սնունդի արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը կամ ալ սկսան աշխատիլ փոքրածաւալ հզօրութեամբ։ Կոտայքի մարզի կայուն զարգացող ոլորտներէն է ուժականութեան արդիւնաբերութիւնը։ Անոր երաշխիքներն են 17 հիտրոելեկտրակայաններու եւ «Հրազդան-5» էներկապլոկի առկայութիւնը։
 
Արդիւնաբերութիւնը կու տայ Հայաստանի ռատիոելեկտրոնիկայի եւ սարքաշինութեան արտադրանքի մօտ մէկ հինգերորդ մասը, ապակիի եւ բիւրեղապակիի 40%-էն աւելին, ոչ ոգելից խմիչքներու եւ հանքային ջուրերու մօտ 12%։ Տնտեսութեան զարգացման հեռանկարները կապուած էին մշակող արդիւնաբերութեան աճի, հանքային հարստութիւններու շահագործման եւ մերձերեւանեան գօտիին մէջ գիւղատնտեսական արտադրանքի աւելացման հետ։ Հայաստանի Կոտայքի մարզի տնտեսական ներուժին զգալի վնաս հասցուցած է նախկին տասնեակ հազարաւոր աշխատատեղեր ապահովող խոշոր կազմակերպութիւններու քայքայումը` սեփականաշնորհման, հումքի, իրացման շուկաներու նուազման կամ բացակայութեան եւ հիմնական միջոցներու բարոյաֆիզիկական մաշուածութեան հետեւանքով։ Մարզի տասնեակ մեքենաշինական, թեթեւ եւ սնունդի արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը կամ ալ սկսան աշխատիլ փոքրածաւալ հզօրութեամբ։ Կոտայքի մարզի կայուն զարգացող ոլորտներէն է ուժականութեան արդիւնաբերութիւնը։ Անոր երաշխիքներն են 17 հիտրոելեկտրակայաններու եւ «Հրազդան-5» էներկապլոկիէներկապլոքի առկայութիւնը։
 
=== Գիւղատնտեսութիւն ===
Տող 322 ⟶ 324՝
Գիւղատնտեսութիւնը մարզի տնտեսութեան կարեւոր ճիւղերէն մէկն է։ Հայաստանի այս մարզին մէջ գիւղատնտեսական արտադրութիւնը հիմնականին կը կազմակերպուի գիւղացիական եւ ագարակային տնտեսութիւններու միջոցով։ Բնորոշ է ապրանքային ճիւղերու զարգացումը։ Մասնագիտացած է, իբրեւ այգեգործական-անասնապահական շրջան՝ ծխախոտագործութեան ու բանջարաբուծութեան օջախներով։ 2012--ին Կոտայքի հողային հիմնադրամը կազմած է 84 283 հա, որմէ վարելահող՝ 14 569 հա, խոտհարք՝ 3 162 հա, արօտավայր՝ 264 69 հա, խաղողի եւ պտղատու այլ այգիներ՝ 5 059 հա, այլ (գիւղատնտեսութեան մէջ չօգտագործուող) հողեր՝ 2 7611 հա, անտառներ՝ 6 479 հա։ Երկրագործութեան նշանակութիւնը եւ տեսակարար կշիռը գիւղատնտեսութեան մէջ զգալիօրէն աճած է։ Առաջատար ճիւղերէն են ծխախոտագործութիւնը, որ կու տայ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի 14%-էն աւելին, այգեգործութիւնը եւ պտղաբուծութիւնը՝ շուրջ 10%, բանջարաբուծութիւնը՝ մօտ 8%։ Դաշտաւարական աշխատանքներու 80% մեքենայացուած է։
 
Բարձրորակ սերմերու ու տնկանիւթի արտադրութեան, պահպանման եւ օգտագործման համապատասխան համակարգի ձեւաւորման հիման վրայ զարգացող սերմնաբուծութիւնը գիւղատնտեսութեան ոլորտներէն մէկն է։ Կլիմայական գօտիներու առատութիւնը թոյլ կու տան մարզի բնակչութեան այստեղ աճեցնել զանազան պտուղ-բանջարեղէններ։ Կոտայքի մարզին մէջ կ՛աճեցուի եգիպտացորէն, ցորէն, գարի, արեւածաղիկ, գետնախնձոր, ոլորն, վարունգ, լոլիկ, կաղամբ, սմբուկ, հատապտուղներ եւ զանազան միրգեր։ Կոտայքի մարզի գիւղատնտեսութեան համար մէկ ոլորտն է անասնապահութիւնը։ Կոտայքին բաժին կ՛իյնայ ամբողջ հանրապետութեան անասնապահական մթերքներու 7.6 %-ը: Անասնաբուծութեան հիմնական ուղղութիւնը կաթնամթերքի եւ մսամթերքի արտադրութիւնն է: Մարզին մէջ կը գործեն անասնաբուծական մթերքներու վերամշակման աւելի քան 13 մասնագիտացուած ընկերութիւններ։ Անասնապահութեան միւս գերակայ ճիւղերն են թռչնաբուծութիւնն ու մեղուաբուծութիւնը, որ կը զարգանայ մեծ թափով։ 2014-ի տուեալներով Կոտայքի մարզի 620.6 հազ. թեւ թռչունները արտադրածեն 117.3 միլիոն ձու, որ կազմած է հանրապետութեան ձուի արտադրութեան 19.1 %-ը։ 2014-ի տուեալներով մարզին մէջ առկայ է 26046 մեղուաընտանիք։ Կոտայքի բնակլիմայական պայմանները բարենպաստ են էկոլոգիապէս մաքուր մեղր ստանալու համար։ Կոտայքի ջրանցքի շնորհիւ արգաւանդ հողերու խոշոր զանգուածներըհատուածները ոռոգելի են։
 
=== Զբօսաշրջութիւն ===
[[Պատկեր:WinterArmenia3.JPG|մինի|256x256փքս|Ծաղկաձորի ճոպանուղին կը գործէ 1967-էն]]
Կոտայքի մարզի եւ ընդհանրապէս՝ Հայաստանի տնտեսութեան կարեւոր ճիւղերէն մէկը զբոսաշրջութիւնն է։ Կոտայքի մարզի բնակավայրերը ունին Հանրապետութեան աստիճանով միջինէն բարձր ցուցանիշներ։ Այդ պայմանաւորուած է նպաստաւոր բնակլիմայական պայմաններով, ժողովրդական աւանդոյթներով եւ սովորոյթներով, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային եւ բնական յուշարձաններու հարուստ բազմազանութեամբ։ Կեդրոնական այս մարզը յատկապէս հարուստ է իր բնակլիմայական պայմաններով եւ քաղցրահամ ջուրերու մեծ պաշարներով: Կոտայքի մարզին մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացած ըլլալու վառ ապացոյց է այն հանգամանքը, որ հիւրանոցային համալիրներու թիւով այս մարզը կը զիջի միայն [[Երեւան]]ին։ Հիւրանոցներու հիմնական մասը տեղակայուած է [[Ծաղկաձոր]] քաղաքին, [[Հանքաւան]]ին, [[Արզնի]]ի մէջ, ինչպէս նաեւ Արզականի տարածքին գտնուող Աղուերան հանգստեան գօտիին մէջ: Մարզի տարածքին կը գտնուին հազարէն աւելի պատմամշակութային կոթողներ` կրօնական կառոյցներ (հիմնականին՝ եկեղեցիներ եւ մատուռներ), յայտնի անձերու տուն-թանգարաններ, խաչքարեր եւ այլն։ Կոտայքի մարզը ունի միջազգային չափանիշներուն գրեթէ համապատասխանող ճանապարհային ցանց, որ լիովին կ՛ընդգրկէ միաժամանակ եւ՛ մարզի բոլոր համայնքները, եւ թէ՛ պատմամշակութային օջախներու շրջակայ տարածքները։ Հանրապետական նշանակութեան ճանապարհներու վիճակը կայուն է, իսկ մարզային ու համայնքային նշանակութեան ճանապարհներու վիճակը հետզհետէ զարգացման միտում ունի։ Կոտայքը Հայաստանի ամենաեկեղեցաշատ մարզն է։ Այստեղ վեր խոյացող ամենահոյակերտ կառոյցներէն են [[Ալափարս]]ի Սուրբ Աստուածածնի տաճարը, Սուրբ Վարդան Զօրավար եկեղեցին (5-րդ դար), Սուրբ Յովհաննէս եռախորան եկեղեցին (9-րդ դար), Թուխ Մանուկ մատուռ-պաշտամունքավայրը (Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակ), Այլաբերդ-Սանգայառ ամրոցը (քարի դար), Աբովեանի կիկլոպեան ամրոցը եւ ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւնը, [[Գառնիի Ամրոց|Գառնիի ամրոցը]], [[Գառնիի Հեթանոսական Տաճար|հեթանոսական տաճարը]] (Ա. դար) ու միանաւ եկեղեցին (4-րդ դար), Ողջաբերդի գմբէթաւոր եկեղեցին (5-րդ դար), Արզնիի քառաբսիդ եկեղեցին (6-րդ դար), Պտղաւանքի գմբէթաւոր դահլիճը (6-րդ դար), Արամուսի տաճարը (6-րդ դար), Առինջի՝ Զագավանքը (7-13-րդ դարեր) ու միջնադարեան ամրոցը, Ջրվէժի խաչաձեւ եկեղեցին (7-րդ դար). Գեղարդի վանքը (12-13-րդ դարեր), Կապուտանի երկհարկանի եկեղեցին (14-րդ դար), Բջնիի Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցիները եւ ամրոցը, Եղուարդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, [[Կեչառիսի Վանքային Համալիր|Կեչառիսի վանքը]], Մաշտոց Հայրապետ եկեղեցին եւ այլն։
[[Պատկեր:Marriott_Tsaghkadzor_Hotel.jpg|մինի|250x250փքս|«Մարէոթ» հիւրանոցային համալիրի շէնքը]]
Կոտայքի մարզին մէջ կը գտնուի [[Հայաստան]]ի ամենաշատ այցելուող պատմամշակութային կառոյցներէն երկուքը՝ Գառնիի տաճարը եւ Գեղարդի վանքը։ Գառնիի հեթանոսական տաճարը հելլենիստական շրջանի [[Ճարտարապետութիւն|ճարտարապետութեան]] բնորոշ peripter տեսակի կառոյց է։ Կ՛ենթադրուի, որ տաճարը նուիրուած է հին հայկական դիցարանի արեւի աստուած Արեգ-[[Միհր]]ին։ Տաճարը կանգնած է բարձր պատուանդանի վրայ, որու գլխաւոր մուտքի առաջ ունի ինըինն աստիճանէ բաղկացած քարէ սանդուղք։ Ժամանակի ճարտարապետները մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են տաճարի յարդարանքին։ Քանդակազարդման արուեստի հիմքը ինկած է միասնական յօրինուածքով բազմազան կիրառման սկզբունքը՝ բազմազանութիւնը միասնութեան մէջ։ Տաճարի հարեւանութեամբ կը գտնուի Գառնիի ամրոցը, որ նախապէս եղած է [[Արարատեան Դաշտ|Արարատեան դաշտի]] հիւսիսարեւելեան մատոյցներու պաշտպանական համակարգի հենակէտ։ Գառնիի տաճարէն ոչ այքան հեռու՝ [[Գողթն|Գողթ]] գիւղի տարածքին, կը գտնուի Գեղարդավանքը, որ միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան մարգարիտներէն է։ Այստեղէ պահուած է յայտնի [[Գեղարդ|գեղարդը]], որով հռոմէացի զինուորը ծակած է Քրիստոսի կողը։ Այն Հայաստան բերած էր [[քրիստոնէութիւն|քրիստօնէութեան]] առաջին քարոզիչներէն [[Թադէոս առաքեալ]]ը։ Գեղարդի վանքը [[ԵՈՒՆԵՍՔՕ]]-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գրանցուած միակն է, որ կը գտնուի Կոտայքի մարզի տարածքին։
 
Զբօսաշրջային առաջնային կարեւորութիւն ունի [[Ծաղկաձոր]] քաղաքը։ Քաղաքի տարածքին կայ մարզական կայան, քաղաքէն Թեղէնիսի գագաթը տանող 6 քմ երկարութեամբ ճոպանուղի, մանկական առողջարան, հանգստեան տուները եւ զբօսաշրջային շարք մը վայրեր։ Ծաղկաձորի մէջ կը գտնուի նաեւ [[Կեչառիսի Վանքային Համալիր|Կեչառիսի վանական համալիրը]]։