«Յարութիւն Աճէմեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Յարութիւն Աճէմեան''', նկարիչ. Ծնած է 1905-ին, զինադադարին (1919) յաջորդ երեք տարիներուն, Վեն...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

15:16, 18 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Յարութիւն Աճէմեան, նկարիչ. Ծնած է 1905-ին, զինադադարին (1919) յաջորդ երեք տարիներուն, Վենետիկոյ Մ. Ռափայէլեան վարժարանին կ'աշակերտի եւ այդ շրջանին է որ, ցոյց տուած ըլլալով անսովոր կարողութիւն եւ ձիրքեր գծագրութեան-նկարչութեան. Արժանած է վարժարանին վարչութեան գնահատանքին, որուն առաջարկութեան վրայ Մխիթարեան Ուխտի վարչութիւնն ալ քաջալերած է տաղանդաւոր պատանին եւ յատուկ թռչակով զինք դրած է Վենետկոյ Արուեստի Բարձրագոյն հաստատութեան մէջ: Քսանըմէկ տարեկանին 1926-ին աւարտած է Ակադեմիի ընթացքը Maestro d’Arteի վկայականով եւ ոսկի մետալով շրջանաւարտ, եւ երկու տարի վերջ 1928-ին պետական փայլուն քննութիւնէ մը վերջ՝ հռչակուած է ուսուցչապետ նկարչութեան՝ Իտալիոյ պետական դասախօսի իրաւունքով:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Գիրք Բ., Թիւ 2, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, 1938, էջ 115