«Ամանորեան Եւ Սուրբ Ծննդեան Աւանդութիւններ Ու Սովորութիւններ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: է: → է։ (145)
Տող 3.
 
== Նոր Տարին Դարերու Ընթացքին ==
Ամանորը ամէնէն հին տօներէն մէկն է:է։ Բոլոր ազգերու կողմէ կը նկատուի նաեւ ուրախութեան ու տօնախմբութեան կարեւոր օր:օր։
Շատ հին ժամանակներուն զանազան ազգեր, Ամանորը տարբեր ժամանակներու կը տօնէին եւ ունէին իրարմէ տարբեր [[Աւանդութիւն|աւանդութիւն]]ներ:
[[1 Յունուար|Յունուար 1]]-ը, իբրեւ Ամանորի առաջին օր, շատ ուշ ընդհանրացած է:է։
 
Հին [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտացի]]ներու մօտ Նոր Տարին կը սկսէր Յուլիս 19-20- ին, [[Հռոմէացիներ]]ու մօտ՝ [[1 Մարտ|Մարտ 1]]-ին, Բիւզանդացիներուն՝ Սեպտեմբեր 1- ին, իսկ հայերը՝ տարբեր ժամանակներու ընթացքին կը տօնէին:տօնէին։
 
== Կաղանդ Եւ Ամանոր Բառերու Ծագումը ==
Տող 15.
«Զի՞նչ է Կաղանդ եւ Կաղանդիքա»: Կաղանդ ամսամուտ է, իսկ Կաղանդիքա «նախասկզբնակ օր տարւոյն» գրած է [[Անանիա Շիրակացի (արեւմտահայերէն)|Անանիա Շիրակացի]]ն` իր «[[Տիեզերագիտութիւնը եւ տոմար]]» գիրքին մէջ:
 
«Կաղանդ» բառը ծագած է լատիներէն «calendae» բառէն, որ [[Հայերէն|հայերէն]]ով ստացած է Նոր Տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը:նշանակութիւնը։ Արդարեւ, Նոր Տարի հասկացողութիւնը կ'արտայայտուի նաեւ Կաղանդ բառով, այդ առիթով իրար շնորհաւորելու սովորութիւնը` կաղընդել, նուէրը` կաղըդնչէք, իսկ երգերը` կաղանդոս բառերով:բառերով։
 
«Ամանոր» բառն ալ ունի իր տարբեր անուանումները` ամանորաբեր, տարեմուտ, տարեգլուխ, տարին գլուխ, տարենոր, նոր տարի, նորաբեր, նաւասարդ եւ ծաղկըմուտ:ծաղկըմուտ։
 
== Հայկական Նոր Տարին ==
Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր «[[Նաւասարդ]]», որ կազմուած է Նաւա (=Նոր) եւ Սարիթա (=Տարի) բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին, որպէս հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն:արտայայտութիւն։ Արեւմուտքի մէջ, Յունուար1-ը որպէս, նոր տարուան առաջին օրը ընդունելութիւն գտած է Ժդ. դարու վերջաւորութեան, իսկ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի մէջ հաւանաբար ընդհանրացած է 1650-ական թուականներուն:թուականներուն։ Այդ թուականներուն հայերը հետեւելով Հռոմէացիներու Նոր Տարին Յիսուսի ծննդեան տօնի հետ կապելուն, սկսած են Ամանորը [[1 Յունուար|Յունուար 1]]-ին տօնել:Աւելիտօնել։Աւելի ուշ՝ Հայաստանի մէջ ընդհանրացած է Ամանորի նոր անունը եւ կոչուած՝ ”Կաղանդ” որ կը նշանակէ “կանչել= կոչել” ամսուան մուտքը:մուտքը։ Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առթիով կը կատարուէին խրախճանքներ, [[Գուսան (արեւմտահայերէն)|գուսան]]ական թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր, եւայլն։
 
Համայն աշխարհի հասարկութեան մէջ, Տօնածառը եւ Ձմեռ Պապը կամ Կաղանդ Պապան
[[Պատկեր:FatherChristmastrial.jpg|250px|մինի|աջից|Առաջին Կաղանդ Պապան]]
դարձած են Նոր Տարուան խորհրդանիշներ:խորհրդանիշներ։ Հայ ժողովուրդի համար Սօսին (Akkavak), Բարտին (Kavak), Եղեւինը(Çam) արդէն վաղուց եղած էին «[[Կենաց Ծառ (արեւմտահայերէն)|Կենաց Ծառ]]եր», որոնք հայ կեանքի մէջ բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշեն:խորհրդանշեն։
 
Հայերը հեթանոսական շրջանէն ի վեր կը զարդարէին տօնածառը [[Խնձորենի (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]ով, նուռով, [[Կաղնի (արեւմտահայերէն)|կաղին]]ով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը եւ սրտի ցանկութիւնը , բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքով:խնդրանքով։
 
Հին ժամանակներէն ի վեր , հայ կեանքի մէջ սովորութիւն էր նաեւ [[31 Դեկտեմբեր]]ի գիշեր երիտասարդները տունէ - տուն երգելով ու [[Պար (արեւմտահայերէն)|պար]]ելով պտըտիլ ու Նոր Տարուան նուէրներ խնդրել:խնդրել։
 
=== Թէ Ուրկէ՞ Սկիզբ Առած Է Կաղանդին Տօնածառ Զարդարելու Սովորութիւնը Հայոց Մօտ ===
 
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, առաջնորդուելով Նաւասարդեան տօնի [[Սովորութիւն|սովորութիւն]]ներէն, որուն վերապրուկները մինչեւ այսօր դեռ կան հայկական մեր ընտանիքներու կենցաղին մէջ, «Կաղանդ» բառի ծագումնաբանութիւնը կապուած է “կախանդ” բառի հետ, որ կախել – կախելու գործընթացէն յառաջացած է:է։ Այսօր յաճախ կը հանդիպինք տօնածառի զարդերու, որոնք տարբեր պտուղներու տեսքով են:են։ Հայկական տօնածառի զարդերը հանդիսացած են մարաններէն բերուած [[Տանձենի (արեւմտահայերէն)|տանձ]], խնձոր, նուռ, ինչպէս նաեւ չիրերու կապոցներ ու շարաններ, որոնք կախած են տօնական սեղանի մօտ դրուած ծառի մերկ ճիւղէն:ճիւղէն։
 
Երկրորդ կախելու արարողութիւնը աւելի հին արմատներ ունի, երբ դեռ օճախ կը վառէին եւ տան երդիքի վրայ ծխատար անցք կար:կար։ Ամանորի գիշերը պատանիները կը պտըտէին տունէ տուն և իրենց գուլպան ամրացնելով գօտիի ծայրին կամ պարանին, երդիքէն կ’իջեցնէին տուն, որպէսզի տանտիկինը լեցնելով գուլպան, իրենց կաղընդէր խմորեղէնով կամ չիրերով ու պտուղներով:պտուղներով։ Որոշ շրջաններու մէջ, կաղանդ բառին հոմանիշ է “գօտեկախ” բառը, որ աւելի հաւաստի կը դարձնէ այդ սովորութեան գոյութիւնը:գոյութիւնը։
 
=== Կաղանդչէքի Սովորութիւնը ===
Չիրերով եւ պտուղներով, ինչպէս նաեւ խանծուած արմտիքներով (նախկին՝ աղանձը, այժմ՝ պիստակեղէնը) կաղանդչէքի եւ սեղանը զարդարելու աւանդութիւնը եկած է նախահեթանոսական շրջանէն, երբ աստուածներուն հաճոյանալու համար անոնց կը նուիրէին վերոյիշեալ ուտելիքները, աղերսելու անոնց բարեացակամութիւնը՝ ընթացիկ տարուան բերքը ապահովելու, պաշտպանելու բնութեան արհաւիրքներէն եւ առատութիւն պարգեւելու համար:համար։ Նոյնպիսի միտում ունի նաեւ Կաղանդին պահքային լիցքերու (տոլմաներու) պատրաստումը չիրերով եւ եօթը տարբեր արմտիքներով, որոնք կը խորհրդանշեն [[Բնութիւն|բնութեան]] եօթը ուժերը:ուժերը։ Ասիկա անուղղակիօրէն գոյատեւման պայքար էր. նախորդ տարուան վերջին մնացուկներով դարձեալ հիւրասիրելու աստուածներուն:աստուածներուն։ Եւ վերջապէս, արմտիքներու կիրառութիւնը կը կապուի մեռնող եւ յառնող աստուածութիւններու հետ, հողի մէջ մեռնող հատիկէն՝ ծիլ եւ բերք:բերք։ Հին դարերուն Ամանորը կը տօնուէր երկրագործական տարեշրջանի սկզբին, այսինքն՝ գարնան, Մարտին եւ կ’աւարտէր աշնան՝ Նաւասարդով, որպէս բերքի եւ գոհաբանութեան տօն:տօն։
 
Հայ երիտասարդները Կաղանդի գիշեր տոպրակ մը իրենց ձեռքին՝ տունէ - տուն երգելով ու պարելով դռները կը զարնէին ու կը խնդրէին իրենց Կաղանդի նուէրը:նուէրը։ Կաղանդի գիշեր, փոքրիկներուն եւ հարսնցուներուն կը բաժնուէին բարի մաղթանքներով տարբեր տեսակի նուէրներ, իսկ մեծերը զիրար շնորհաւորելով իրարու կը մաղթէին առողջութիւն, բարօրութիւն եւ երջանկութիւն:երջանկութիւն։
 
== Ամանորեան Ճաշատեսակներ ==
Հայու Ամանորը ցնծութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ կը տօնուէր:տօնուէր։ Հայ ընտանիքի բոլոր անդամները բոլորուած կ’ըլլային ճաշասեղանի մը շուրջ, որ զարդարուած կ'ըլլար եօթը տեսակի ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներով , չամիչ, թուզ, կաղին, նուռ, [[Պիստակ|պիստակ]], [[Արմաւ|արմաւ]], փշոտ, սիսեռածաղ, [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]] նաեւ որպէս ճաշ՝ [[Հերիսա|հարիսա]], լիցք, ապուր, թոփիկ, անուշապուր, նաւասարդի կորկոռ (ձաւարի եղինձի տեսակ մը), խմորեղէն, քաթա, բոկեղ, Պանրածաղ (պէօրէկ) եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններով:ուտեստեղէններով։ Ճաշասեղանը կը լուսաւորուէր նաեւ մոմերով:մոմերով։ Սեղանի գլուխը բազմած կ’ըլլար տան մամիկը, որ գինիի կամ օղիի գաւաթը ձեռքին՝ բաժակը կը բարձրացնէր օրհնաբեր ձայնով բարի մաղթանքներ կատարելու:կատարելու։
 
Հայ ժողովուրդը ունէր նաեւ Նոր Տարուան իւրայատուկ սովորութիւններ, ինչպէս՝ [[31 Դեկտեմբեր]]ին, իւրաքանչիւր հայ տան մէջ կը թխուէր մեծ քանակութեամբ «Նոր Տարուան Հաց»ը, Նոր Տարին «Նոր Հաց» ով սկսելու մտադրութեամբ, հայ տան մէջ կը պատրաստուէր նաեւ հայոց նշանաւոր «Տարի Հաց»ը (Չէօրէկի նման տափակ հաց մը), որու երեսը կը զարդարուէր չամիչով, ընկոյզով եւ խաչով կամ զանազան պատմական ու աւանդական նկարներով, ինչպէս նաեւ՝ տարուան թուականով: «Տարի Հաց»ին մէջ դրամ կը դրուէր. դրամը որու որ վիճակուէր, անիկա ընտանիքին բախտաւորը կը նկատուէր եւ անկէ կ’ակնկալուէր տան բարօրութիւնը:
Տող 50.
 
Կաղանդի հացերու երկրորդ տեսակը մարդակերպ քաթաներն են։
[[Պատկեր:Lazarakia On Plate.jpg|200px|մինի|աջից|Մարդակերպ Քաթաներ]](ի դէպ, քաթա բառը անցնելով [[Ֆրանսերէ|ֆրանսերէ]]նին դարձած է «gateau», հետագային ձեւափոխուելով դարձած՝ անգլերէն cake-ը), «ասիլ», «վասիլ» կամ «բասիլ» անուններով:անուններով։ Այս քաթաներն ալ գուշակութեան համար են նախատեսուած:նախատեսուած։ Հիմա ալ, յատկապէս եւրոպական ամսագրերու մէջ կը հանդիպինք խմորեղէններով զարդարուած տօնածառերու. այս երեւոյթն ալ կապուած է հնագոյն ժողովուրդներու աւանդութիւններու հետ:հետ։
 
Իսկ երրորդ տեսակի հացերը՝ «կլկալ« կամ «սամսա» կը կոչուէր եւ կը պատրաստուէր [[Երկրագործութիւն|երկրագործական]] գործիքներու տեսքով, կամ հիւսք՝ [[Անահիտ (արեւմտահայերէն)|Անահիտ]]ի ծամերու տեսքով, կամ կլոր՝ հորի բերանի տեսքով, վրան ցանուած հորի պարունակութեան համեմատ՝ [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]], գարի, քունջիթ, [[Կանեփ (արեւմտահայերէն)|կանեփ]], եւ այլն…, որպէսզի արմտիքներու հորերը առատ ըլլան:ըլլան։ Այսօր եւս տանտիկինները խմորեղէնները կը պատրաստեն նմանատիպ ձեւերով, վրան քունջիթ ցանելով:ցանելով։
 
Հետագային երբ Ամանորը դարձաւ քրիստոնէական նոր տարին եւ կապուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան հետ ([[25 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 25]]-ը [[Հեթանոսութիւն|հեթանոս]]ական դիցարանին մէջ [[Միհր (արեւմտահայերէն)|Միհր]]ին նուիրուած տօն եղած է), եկեղեցին ժողովրդական տօնախմբութիւնները սանձելու եւ ժուժկալ դարձնելու համար Ամանորի շրջանը պահք սահմանեց, որ կը լուծարուի [[6 Յունուար|Յունուար 6]] –ին, Սուրբ Ծննդեան օրը:օրը։ Ուրեմն հայկական Ամանորի սեղանի ճաշերը [[Պահք (արեւմտահայերէն)|պահք]]ային էին. մարդիկ գաղտնաբար պահպանելով հին աւանդութիւնները, կը պատրաստէին արմտիքներով եւ չիրերով ուտելիքներ, որու արմատները դարձեալ կ’երկարին մինչեւ նախահեթանոսական պաշտամունքի բնորոշ տարրերուն, այնպէս՝ ինչպէս Անահիտ դիցուհիի կերպարը կը յամենայ հիւսկերու խորհրդանիշով կամ կին-աղամաններու տեսքով:տեսքով։
 
Կաղանդի օրերուն մինչեւ այսօր ալ կ’եփուի աւանդական անուշապուրը, որ դարձեալ տօնածիսական ճաշ է, եւ որ իրարու նուէր կը տանէին տուն այցելելու ժամանակ. իսկ տուն եկողներուն, տան աւագ անդամը՝ նահապետը կը նուիրէր կարմիր խնձոր՝ մէջը դրամ խրած կամ մարդակերպ գաթաներ:գաթաներ։
 
== Սովորութիւններ, Հաւատալիքներ Եւ Նախապաշարումներ՝ Հայկական Տարբեր Շրջաններու Մէջ ==
Ամանորի նախօրէին սովորութիւն եղած է [[Թոնիր (արեւմտահայերէն)|թոնրատան]] սեւցած առաստաղին ու պատերուն վրայ [[Ալիւր|ալիւր]]ով նկարել երկնային լուսատուները. հիմա ալ տօնածառի խաղալիքներ կան այդ պատկերներով ու խորհրդանիշերով:խորհրդանիշերով։
 
Անդրադառնալով տօնի կարմիր գոյնի գործածութեանը, ընդգծենք այն փաստը, որ գիւղացիները կը կաղանդէին նաեւ տան անասունները, անոնց կոտոշներէն անցնելով տօնածիսական հացեր կամ կախելով կարմիր երիզներ, ինչպէս նաեւ տարեհացէն բաժին կը հանէին տան բոլոր անասուններուն, ընդհուպ մինչեւ հաւերուն եւ երդիքի ծիտիկներուն:ծիտիկներուն։ Կանայք [[Ուխտ (արեւմտահայերէն)|ուխտ]]ի երթալով սրբազան ծառերու ճիւղերէն կը կապէին կարմիր ժապաւէններ կամ թելեր, որպէսզի ամբողջ տարին ուրախ եւ յաջողակ ըլլայ, կարմիր-ուրախ-բախտաւոր օրերը շատ ըլլան:ըլլան։
 
[[Գիւղ]]երու մէջ կար այն հաւատալիքը, որ կաղանդի գիշեր ժամը 12-ին, [[Գետ (արեւմտահայերէն)|գետ]]երու ջուրերը մէկ ակնթարթ կանգ կ’առնէին եւ ով որ այնտեղ գտնուէր եւ բան մը խնդրէր Աստուծմէ՝ կը կատարուէր, կամ եթէ խմէր այդ ջուրէն՝ կը հարստանար:հարստանար։ Կանայք աղբիւրի ջուրին մէջ ցորենի հատիկներ կը լեցնէին՝ առատութիւն հայցելով, իսկ ոմանք ալ մարդակերպ վատը խորհրդանշող գաթաները կը նետէին գետին մէջ, որպէսզի գետը իր հետ տանէր նախորդ տարուան վատն ու դժբախտութիւնը:դժբախտութիւնը։ Այս բոլոր արարողութիւնները ջուրի պաշտամունքային [[Ծէս|ծէս]]երէն մնացած վերապրուկներ են, որոնք այսօր եւս կ’արտայայտուին Սուրբ Ծննդեան եւ [[Մկրտութիւն|Մկրտութեան]] ([[Ջրօրհնէք (արեւմտահայերէն)|Ջրօրհնէք]]ի) արարողակարգի ընթացքին, երբ [[Եկեղեցի (արեւմտահայերէն)|եկեղեցական]]ները օրհնելով ջուրը, կը բաժնեն հաւատացեալներուն, որոնք իրենց հերթին տուն կը տանին:տանին։
 
Սովորութիւն եղած էր նաեւ տօնի նախօրէին մաքրել եւ լուալ տունն ու շրջակայքը, լոգնալ եւ նոր հագուստներ հագնիլ, ներել եւ հաշտուիլ բոլոր խռովածներու հետ, որպէսզի մաքուր սրտով դիմաւորէին Ամանորը. իրարու շնորհաւորել, իրարու նուէրներով ուրախացնել, ճոխ սեղաններ պատրաստել եւ հիւրեր ընդունիլ. լիարժէք ուրախանալ, որպէսզի ամբողջ տարին ուրախ անցնէր:անցնէր։
 
Ճիշդ կէս գիշերին, աղբիւրներէն վազող ջուրերը մէկ ժամ [[Ոսկի (արեւմտահայերէն)|ոսկի]] կը հոսէին։ Ուստի, ով որ կրնար ճիշդ ժամուն աղբիւրէն ջուր առնել, այդ ջուրը ոսկիի կը փոխուէր։ Աղբիւր կը վազէին աղջիկ թէ տղայ, դոյլը կը լեցնէին եւ կը դառնային տուն, առանց մէկու մը հետ խօսելու։
Տող 78.
 
=== Խարբերդի մէջ ===
[[Խարբերդ|Խարբերդի]] մէջ,Նոր Տարուան երեկոյեան, ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլար պահքի յատուկ կերակուրներով, [[Պտուղ (արեւմտահայերէն)|պտուղ]]ներով, օղիով ու [[Գինի (արեւմտահայերէն)|գինի]]ով, մանաւանդ քաղցրեղէններով, ինչպէս՝ գաթա, բոկեղ, անուշապուր:անուշապուր։
 
[[31 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 31]]-ը նուէրներ բաշխելու օրն էր:էր։ Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակէին, հարսներ իրենց ձեռքով հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ ([[Տանձենի (արեւմտահայերէն)|տանձ]], [[Նուռ (արեւմտահայերէն)|նուռ]], [[Խնձոր (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրէին մտերիմներու:մտերիմներու։ Պատանիներ «գօտեկախ» կ`ընէին. այսինքն՝ տուներու երդիքներէն վար կ`իջեցնէին չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ`ըլլար տոպրակ մը:մը։ Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնէին շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն:եւայլն։ «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուէր Ծննդեան գիշեր, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ` Նոր Տարուան յաջորդող արշալոյսին:արշալոյսին։ Կաղանդի օրը հիւրը միշտ պայման էր որ յիշէր նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը:նուիրելը։ Իսկ փոքրիկները, Նոր տարուան առաջին առտուն երբ կ'արթննային, իրենց նուէրները` չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, [[Նշենի (արեւմտահայերէն)|նուշ]], պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնէին տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ:վրայ։ [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]] քաղաքին մէջ, Նոր Տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնէին նաեւ իրենց հայրը «կախելու»:
 
Այսպէս, երբ իրիկունը հայրը տուն կը վերադառնար, պատանի զաւակները վրան կը յարձակէին, մէջքին հաստ չուան մը կ`անցնէին ու առաստաղէն կախել կը փորձէին:փորձէին։ Հօր «չարչարանք»ը վերջ կը գտնէր միայն այն ատեն երբ ան կը համաձայնէր իրեն հետ բերած քաղցրեղէն նուէրները բաժնել տնեցիներուն:
 
Չափահասներուն համար տօնական խրախճանքը ծայր կ`առնէր Նոր Տարուան երեկոյեան, իսկ կէս գիշերին, գիւղերուն մէջ (օրինակ՝ Բազմաշէն, Դատեմ, Բարջանճ) սովորութիւն էր [[Աղբիւր|աղբիւր]] երթալ եւ Նոր տարուան ջուրը կուժերու մէջ լեցուած` բերել տուն:տուն։ Այսպէս, ամբողջ գիւղի երկսեռ երիտասարդութիւնը երգելով կ`ուղղուէին դէպի գիւղի աղբիւրները:աղբիւրները։ Ոմանք նոյնիսկ այդ ցուրտ օդին աղբիւրներու աւազաններուն մէջ լոգանք կ`առնէին, որովհետեւ ըստ տեղական աւանդութեան, այդ օրը ջուրերը [[Կախարդութիւն|կախարդիչ]] յատկութիւն կ`ունենային եւ անհատը կրնար բժշկել ֆիզիքական զանազան ցաւերէ:ցաւերէ։ Ասիկա նաեւ կը համարուէր աղբիւրներու [[Ոգիներ (արեւմտահայերէն)|ոգի]]ներէն Նոր Տարուան համար բարի մաղթանքներ խնդրելու արարողութիւն մը:մը։
 
Այսպէս, գիւղացիներ, յատկապէս աղջիկները, այդ օրը աղբիւրի ակին ու գուռին վրայ, ինչպէս նաեւ ասոնց բոլորտիքը կը ցանէին ցորենի, [[Գարի (արեւմտահայերէն)|գարի]]ի, [[Սիսեռ (արեւմտահայերէն)|սիսեռ]]ի հատիկներ, նոր ծննդաբերած [[Կով (արեւմտահայերէն)|կով]]ու կամ [[Ոչխար (Արեւմտհաերէն)|ոչխար]]ի առաջին կաթով պատրաստուած պանիր (տեղական բարբառով` խեր), [[Բամպակենի|բամպակ]]ի կուտ, ոլոռն եւ պայտ (նալ):
 
Նոր Տարուան այդ իրիկունը սովորութիւն է նաեւ որ գիւղացիներ իրենց հետ աղբիւր բերէին բկեղներ (բլիթ), որոնք օղակաձեւ շինուած հացեր են:են։ Նախ կը թաթխէին զանոնք աղբիւրին ջուրին մէջ, ապա տուն կը դառնային ու բկեղները կը կերցնէին ախոռի ու գոմի անասուններուն` անոնց բեղմնաւորութիւն շնորհելու յոյսով:յոյսով։
 
Գիւղերուն մէջ սովորութիւն էր նաեւ որ նորապսակ հարսները իրենց ամուսնութեան յաջորդած առաջին Նոր Տարիէն ետք միայն արտօնութիւն կ`ունենային այցելելու իրենց ծնողներուն տուները:տուները։ Այնպէս որ անոնք եւս իրենց կարմիր կուժերը շալկած կ`երթային նոյն այդ գիշերը դէպի աղբիւր եւ այնտեղէն ջուր առնելով կը տանէին իրենց ծնողներուն:ծնողներուն։ Այդ յատուկ օրուան համար նոր հարսները կը հագուէին իրենց լաւագոյն հագուստները:հագուստները։
Խրախճանքը կը կրկնուէր նաեւ Նոր Տարուան առաւօտուն:առաւօտուն։ Սեղաններուն վրայ կը դրուէին բազմազան անուշեղէններ, ինչպէս նաեւ առատ գինի:գինի։ Մեծ ու պզտիկ փոխադարձ այցելութիւններու կ`երթային` շնորհաւորելով Նոր Տարին:Տարին։ Իսկ [[Հապուս]]ի (Իքիզտեմիր) եւ [[Բազմաշմէն]] գիւղերուն մէջ Կաղանդի յաջորդած օրը զանազան ուրախութիւններու շարքին տեղի կ`ունենար նաեւ [[Գոմէշներ|գոմէշ]]ներու մարտ, [[Ձի (արեւմտահայերէն)|ձի]]արշաւ եւ ըմբշամարտ:ըմբշամարտ։
 
==== Ս. Ծննդեան Ընդունուած Սովորութիւններ ====
Ծննդեան օրը կը կատարուէր ջուրին մէջ մխրճուած խաչը դուրս հանելու աւանդական արարողութիւնը:արարողութիւնը։ [[Ճրագալոյց]]ին յաջորդող օրը` [[6 Յունուար|Յունուար 6]]-ին, առտու կանուխ կը ղօղանջէր եկեղեցւոյ զանգակը ու ժողովուրդը դարձեալ կը փութար այնտեղ` տօնելու համար Քրիստոսի Ծնունդը:Ծնունդը։ Այդ օրը կը կատարուէր խաչը ջուրէն հանելու աւանդական արարողութիւնը:արարողութիւնը։ Ասոր համար դարձեալ կ`ընտրուէր ամէնէն մեծ նուիրատուութիւն ընողը:ընողը։ [[Խաչ (արեւմտահայերէն)|Խաչ]]ը դրուած կ`ըլլար ջուրով լեցուած մեծ կաթսայի մը մէջ:մէջ։ [[Քահանայ|Քահանան]] կը ձայնէր. «Ո՞վ պիտի ըլլայ Ս. Խաչին կնքահայրը»: Եւ աճուրդը ծայր կ`առնէր:առնէր։ Մէկը կ`առաջարկէ տասը ղուրուշ, ուրիշ մը մէկ օխա (1 օխա = 1,28 քկ.) մանած, մէկ ուրիշ մը մէկ օխա մոմ կամ մէկ լիթր ձէթ:ձէթ։ Ի վերջոյ Տէր Հայրը իր ընտրութիւնը կը կատարէր, ընտրեալ կնքահօր եկեղեցական շապիկ կը հագցնէին եւ կնքահայրը ջուրէն դուրս կը հանէր խաչը:խաչը։
 
Եկեղեցական արարողութիւնը հազիւ աւարտած, աշակերտները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ`այցելէին տուները` «Աւետիս» երգելու համար:համար։ Վարժապետը այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանար քանի մը ղուրուշ նուէր:նուէր։ Նոյն «Աւետիս»ները շահութաբեր ձեռնարկներ էին նաեւ պատանիներուն համար: Այսպէս, երկար թելի մը կապուած պայուսակ մը իրենց ձեռքին, անոնք կ`ելլէին տուներու տանիքները ու երդիքներէն վար իջեցնելով ծրարը` կը սկսէին “Աւետիս երգել“: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, խաւուրմայով:խաւուրմայով։ Փոքրիկները այս պաշարը տուն կը տանէին, կ`եփէին ու կ`ուտէին:ուտէին։
 
Ծննդեան այդ օրը նաեւ Տօնապետ անունը կրող տղամարդոց անուանատօնն է:է։ Այնպէս որ բոլոր Տօնապետներուն տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ`ըլլային ու տան մէջ կը կատարուէին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք:խրախճանք։
 
=== Ռումտիկինի մէջ ===
[[Ռումտիկին (արեւմտահայերէն)|Ռումտիկինի]] մէջ, Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը գրեթէ միասին կը տօնէին:տօնէին։
 
Նոր Տարուան առաջին օրը տան տիկինը աղբիւր կ'երթար իրեն հետ տանելով բոկեղ հաց, ցորեն ու գարի:գարի։ Բոկեղ հացը աղբիւրին «գլուխը կ'անցընէր», իսկ ցորենը եւ գարին աղբիւրին գուռը կը ցանէր ու կ'ըսէր.
{{քաղվածք|Ա՛ռ քեզի ցորեն,
 
Տող 112.
Տո՛ւր ինծի բարին:|}}
 
Տան տիկինը կը կաղընդէր նաեւ տան եզներն ու կովերը, մասնակից դարձնելու զանոնք Կաղանդի բարիքներուն:բարիքներուն։ Նոր Տարուան իրարու տուն կ'երթային ու կ'ըսէին. {{քաղվածք|Չինաւոր Նոր տար, սիրելեօք, բարեկամօք:|}}
 
Բարկ գինին կը հոսէր ջուրի փոխարէն եւ իրարու կ'ըսէին. {{քաղվածք|Անո՜ւշ..., բերանդ կարմիր թուշ|}}: Ծնունդին, ամէն ընտանիք կը պատրաստէր [[Աղ (արեւմտահայերէն)|աղ]]ով Քաթա եւ բոկեղ հաց:հաց։
 
Քաթային խմորը ընտիր ալիւրով կը պատրաստուէր. զայն կը շաղէին հաւկիթով, իւղով ու [[Կաթ (արեւմտահայերէն)|կաթ]]ով: Խմորը գունդերու վերածելով, մէջը առատ աղով խորիս կը լեցնէին, երեսը կը նաշխէին, հաւկիթի դեղնուց կը քսէին ու կ'եփէին թոնիրին մէջ:մէջ։
 
Իսկ բոկեղ հացը կը պատրաստուէր առանց խորիսի, կը պատրաստուէր շիրիկով (թահին): Խմորին վրայ չամիչ կը դնէին ու դարձեալ կ'եփէին թոնիրին մէջ:մէջ։
 
Պատանիներ սրածայր կեռ ձողի մը ծայրը գունաւոր թաշկինակ մը կը կապէին ու խթման գիշեր տուներու բուխերիկներէն վար կը կախէին ու կ'ըսէին.-
{{քաղվածք|Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ աւետիս, կեր քաթաս կախէ:|}}
Տան մեծ մայրը կամ տանտիկինը աւետման լուրը առնելով, կը փութար տղոց թաշկինակը լեցնելու քաթայով եւ մրգեղէններով:մրգեղէններով։
Կէս գիշերին, եկեղեցւոյ զանգը կը ղօղանջէր ու ժողովուրդը եկեղեցի կը հրաւիրէր:հրաւիրէր։ Տուն վերադարձին, այր մարդիկ կը նստէին «օտա»ն, տան երեխաները, հարսներն ու աղջիկները կու գային անոնց ձեռքերը համբուրելու եւ ստանալու իրենց նուէրները: Նոր հարսներուն ընդհանրապէս ոսկեղէն կը նուիրէին, անոնց կուրծքերէն կամ ճակատներէն կախելու համար:
 
=== Մարաշի Մէջ ===
Հայկական ու հայաբնակ բոլոր շրջաններուն նման, [[Մարաշ (արեւմտահայերէն)|Մարաշ]]ի մէջ եւս բոլոր տօները կ’ուղեկցուէին [[Ծէս|ծիս]]ական աւանդոյթներով, ինչպէս` Կաղանդի գիշերը “Աւետիս“ երգող խումբերու շրջայցերը եւ նուէրներ պահանջելը:պահանջելը։
 
Մարաշցի հայոց տօնականիին առաւել ուշագրաւ բաժինը տօներուն նուիրուած [[Բանահիւսութիւն|բանահիւսական]] նիւթերն էին:էին։ Ժողովրդական տօնախմբութիւնները կ’ուղեկցուէին տօներուն նուիրուած յատուկ երգերով, երգային մրցոյթներով, նուագածութիւններով, զուարճախօսութիւններով, որոնք տօնական հանդիսակարգին մաս կազմելով, լաւագոյնս կ’արտացոլէին ժողովրդական ստեղծագործութեան կենսուակ ջիղը մարաշահայոց մէջ:մէջ։ Շրջանառուած են բազմաթիւ քառեակներ, որոնք այնքան պատկերաւոր կերպով կը ցոլացնեն մարաշցի հայուն սրտին բաղձանքներն ու հոգեկան կարօտները:կարօտները։ Այս երգ-քառեակները թէեւ թրքերէն, սակայն կը հնչէին հայ ժողովրդական տաղերու խորքով ու շունչով, բոլորին ալ շարայարողները Մարաշի հայ ժողովրդական աշուղները եղած են:են։ Ժամանակակիցներու վկայութեամբ բոլոր երգերը բերնուց կը սորվէին եւ կ’երգուէին ժողովուրդին կողմէ:կողմէ։
 
Բնականաբար տօնական հանդիսութիւններէն ու տօնախմբութիւններէն անբաժան էին մարաշցի հռչակաւոր աշուղներն ու նուագածուները:նուագածուները։ Բնատուր ձիրքերով օժտուած քաղցրաձայն երգիչներ, նուագածուներ, զուարճախօսներ եւ աշուղական տաղեր արտասանողներ, կը շրջէին տեղէ - տեղ եւ կը ճոխացնէին ժողովրդային տօնախմբութիւնները:տօնախմբութիւնները։ Իսկ, կրօնասէր ու եկեղեցասէր մարաշցին, աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայէր տօնին կրօնական նշանակութեան եւ եկեղեցական ծիսակարգին, սակայն ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ, կրօնական տօնը կը շարունակուէր ժողովրդական աւանդութիւններով ու սովորութիւններով:սովորութիւններով։
 
Հայկական գրեթէ բոլոր շրջանակներու նման, Մարաշի հայը Նոր Տարուան սկիզբը` տարեմուտը կը տօնէր [[1 Յունուար|Յունուար 1]]-ին, ուր այս տօնը ժողովուրդին կողմէ գործածուող գաւառա[[Բարբառ (արեւմտահայերէն)|բարբառ]]ով անուանուած էր Կաղընտէս, որ Կաղանդ (Նոր Տարի, Ամանոր) բառի բարբառային աղաւաղուած ձեւն է:է։
 
Կաղընտէսի տօնակատարութիւնը կը սկսէր նախորդ օրուընէ` [[31 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 31]]-ի ընթրիքի սեղանին շուրջ:շուրջ։ Եկեղեցական կանոնացուած սովորութեամբ՝ Ծնունդի նախորդող շաբաթը պահք է եւ Նոր տարուան տօնն ալ այդ շաբթուան մէջ զուգադիպելով, մարաշցի հայեր խստօրէն կը հետեւէին պահքի յատուկ կերակուրներ ճաշակելու կանոնին, նոյնիսկ Նոր տարուան տօնին մսեղէն եւ կենդանական ծագում ունեցող մթերքներ չէին ուտեր:ուտեր։ Այդ շաբաթ խստօրէն արգիլուած էր նաեւ իրիկնամուտին եւ գիշերը որեւէ գործ աշխատիլ, այլապէս` «Քրիստոսը կը նեղուէր»:
 
Նոր Տարուան սեղանի զարդն էր ըռպէվ շորվոն (անուշապուր)` ծեծածով, սիսեռով եւ ռուպով պատրաստուած ապուրը: Մարաշցի տանտիկինը կը պատրաստէր ձէթով եւ չոր բանջարեղէններով ճաշեր ու աղանդերներ: Այս բոլորին կողքին յատուկ տեղ ունէին մառանի մէջ պահ դրուած չոր եւ թարմ մրգերն ու զանազան քաղցրեղէնները` շարոց, բանդակ, պաստեղ, գըրմա, սամսա եւայլն:եւայլն։
 
Մարաշի մէջ այս տօնին բնորոշ համահայկական սովորութիւններէն կարելի է համարել Նոր Տարուան գիշերը 10-12 տարեկան տղոց շրջայցերը եւ տօնը շնորհաւորելու աւանդոյթը:աւանդոյթը։ Ընտանիքին անդամները հազիւ ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորած, կը սկսէին «Կաղընտէս» պտտող տղոց այցելութիւնները:այցելութիւնները։ Պատանի տղաք իրենց տան մեծերէն «կաղընտուելէն», այսինքն` իրենց կաղանդի նուէրները ստանալէ ետք, տանիք կ’ելլէին եւ ուրախ - զուարթ ձայներ կ’արձակէին, կանչելով՝ «Կաղընտէ՜ս, պապուդ քէսէն եէս»:
 
Այսպէս տանիքէ - տանիք ցատկելով տուներու բուխերիկներէն պզտիկ տոպրակ մը կամ քսակ մը պարանով վար իջեցնելով Նոր Տարուան գալուստը կ’աւետէին «Աւետիս»ներ երգելով:
Տող 145.
Ծննդեան տօնը կ’ուղեկցուէր եկեղեցական եւ ժողովրդական արարողութիւններու յատուկ ծիսակարգով, որ սերտ աղերսներ ունէր բուն [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի գաւառներուն մէջ տարածուած ծէսերուն եւ սովորութիւններուն հետ:
 
Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ [[Զատիկ (արեւմտահայերէն)|Զատիկ]], որ Մարաշի բարբառով հանդէս կու գար համանման` Պտիկ Զատակ ձեւով:ձեւով։
 
Կաղընտէսի նման, Ծննդեան տօնակատարութիւնը եւս կը սկսէր նախորդ օրուընէ, քանի որ տօնին կը նախորդէր թաթախման երեկոն` խթման գիշերը եւս հայ ընտանիքները կը դիմաւորէին առատ սեղաններու շուրջ:շուրջ։ Ծննդեան նախապատրաստութիւնը կը սկսէր նախորդ օրուընէ նաեւ այն պատճառով, որ ծիսական ընդունուած կարգով կը լուծուէր Ծննդեան նախորդող պահքի շաբաթը` յատուկ հանդիսաւորութեամբ եւ համապատասխան արարողութիւններով:արարողութիւններով։
 
Ծննդեան նախորդող օրը ընդունուած էր կենդանի զենել, յատկապէս հարուստ ընտանիքներ յատուկ այդ օրուան համար խնամուած [[Ոչխար (Արեւմտհաերէն)|ոչխար]] կամ ուլ կը մորթէին եւ անով կը պատրաստէին Ծննդեան տօնի մսեղէններով յագեցած կերակուրները:կերակուրները։
 
Ծննդեան տօնի բուն ժողովրդական հանդիսակարգը կը կեդրոնանար խթման գիշերուան յատուկ ճաշատեսակներով եւ զանազան խորտիկներով բեռնաւորուած ընթրիքի սեղանին շուրջ:շուրջ։ Սովորաբար երեկոյեան [[Ժամերգութիւն|ժամերգութենէ]]ն վերադառնալով Ծնունդին նախորդող մէկ շաբաթեայ պահքը կը բանային կէսօրին` մատաղի կամ պարզ մսաջուր խմելով:խմելով։
 
Այդ երեկոյ տօնական սեղանը կը զարդարէին մսեղէնները` ոչխարի լիցքը, քիւֆթէի տեսակները` խաշուած կամ սաճի վրայ խորովուած, մէջէվ քիւֆտօ (միջուկով), կշկուռ, նաեւ հում քիւֆտօ, առատ իւղով պատրաստուած [[Բրինձ (արեւմտահայերէն)|բրինձ]]ի կամ ծեծածի փիլաւները, վրան` միսի կտորներ, պիստակ եւ նուշ:նուշ։ Սեղանի զարդերն էին չոր միրգերով, [[Չամիչ (արեւմտահայերէն)|չամիչ]]ով եւ ռուպով պատրաստուած խոշապը եւ զանազան անուշեղէնները:անուշեղէնները։
 
Ընդունուած սովորութեան համաձայն Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը համար «Աւետիս»ները երգելով նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնի առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց, սովորոյթ մը որ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը եւ Ծննդեան տօն կամ Զատիկ ըսելով կը հասկնանք նաեւ մանուկներու տօն:
Տող 172.
 
=== Զէյթունի Մէջ ===
[[Զէյթուն]]ցի ընտանիքը` նահապետական էր. մէկ յարկի տակ կ’ապրէին ընտանիքի բոլոր տղաները իրենց ծնողներու, կանանց եւ զաւակներուն հետ:հետ։
 
[[31 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 31-]]ի գիշերը շատ յաճախ [[Ձիւն|ձիւն]] ու ցուրտ, ընտանիքի բոլոր անդամները բուխերիկի շուրջ հաւաքուած ուրախութիւն կ’ընէին. կանայք պատրաստած կ’ըլլային օրուան յատուկ ուտելիքները` ոսպնաթան, տաքապուր, հափուսա, փոշեջուր. մառաններէն կը բերէին չամիչ, ընկոյզ, սուճուխ, պաստեղ, լեպլեպու, [[Նարինջ (արեւմտահայերէն)|նարինջ]], նուռ, սերկեւիլ, եւայլն, եւ կը շարէին սուֆրիին (ցածլիկ սեղան) վրայ:վրայ։ Շատ յաճախ տան մեծ հայրիկը կամ մեծ մայրիկը հեքիաթ կը պատմէր:պատմէր։ Յանկարծ ծխնելոյզէն տոպրակ մը կը կախուէր. Զէյթունի մէջ, ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններուն մէջ, Կաղանդի գիշերը 14-18 տարեկան պատանիները քանի մը հոգիէ բաղկացած խումբեր կը կազմէին եւ շրջելով տունէ - տուն, իրենց պարկը կը կախէին ծխնելոյզէն եւ տան անդամներէն կաղընտաս (կաղանդչէք, կաղանդի առիթով տրուած նուէր) կ’ուզէին:կ’ուզէին։ Զէյթունի տուները շինուած ըլլալով աստիճանաձեւ, մէկուն տանիքը միւսին բակը կը հանդիսանար. հետեւաբար դիւրին էր կրակարանի անցքէն յարաբերիլ տանտէրերու հետ:հետ։ Տնեցիները կը լեցնէին պարկը սեղանի բարիքներով, երբեմն նաեւ չորս կամ ութ մէթէլիւքնիւց (1 մեթելիք = 0,25 ղուրուշ = 10 փարա) մը կը նուիրէին:նուիրէին։ Իւրաքանչիւր հայ կը հաւատար, որ տան բարիքներէն կաղանդչէք տալով, իր տան բարիքները կ’աւելնային:կ’աւելնային։ Ուրախութիւնն ու կերուխումը կը շարունակուէր մինչեւ կէս գիշեր:գիշեր։
 
Առտու տան բոլոր անդամները կը շտապէին եկեղեցի տարուան առաջին պատարագին ներկայ գտնուելու:գտնուելու։ Վերադարձին կը սկսէին իրար շնորհաւորել. մեծահասակները տունը նստած կը սպասէին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք հերթաբար կը մօտենային եւ կը շնորհաւորէին զանոնք:զանոնք։ Կը շնորհաւորէին եւ կ’օրհնէին նաեւ տան անասունները եւ թռչունները:թռչունները։ Ապա այցելելով դրացիներուն կը շարունակէին շնորհաւորանքները:շնորհաւորանքները։
 
Սովորութիւն կար այս առիթով յատուկ այցելել եւ շնորհաւորել քահանան:քահանան։ Իւրաքանչիւր տան մեծ մայրիկը կամ մեծ հարսը աման մը ցորեն, կամ [[Ձաւար|ձաւար]], կամ իփմոն-ծեծմոն (եփած-ծեծած) սիսեռ, կամ ձէթով օռուզ ապուր (բրնձապուր), կամ տապկուած հացիկներ, երբեմն ալ հալվօ (հալվա, հրուշակ) վերցնելով կ’երթար երէցի տունը, ուր հիւրասէր երէցկինը իւրաքանչիւր նոր հիւրը կը դիմաւորէր եւ կը հիւրասիրէր զայն իր պատրաստած ոսպնաթանով եւ տաքապուրով:տաքապուրով։ Մինչ մանուկները հաւաքուելով իրարու հետ կը խաղային եւ կը զուարճանային:զուարճանային։
[[29 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 29]]-էն մինչեւ [[5 Յունուար|Յունուար 5]]-ը պահքի շրջան է:է։ Յունուարի 5-ին տան բոլոր անդամները պարտաճանաչօրէն կը յաճախէին եկեղեցի մասնակցելու պատարագին եւ Յիսուս Մանուկի Ջրօրհնէքին:Ջրօրհնէքին։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ’օրհնուէր խմելով այդ ջուրէն եւ վերադարձին ամէն ընտանիք իր հետ կը տանէր քիչ մը օրհնուած ջուր:ջուր։
 
Պահքը կը լուծարէին ճաշակելով չոր նուիկի (վայրի բանջար) տապակայ. այն յիշողութեամբ, որ Յիսուս ծնած ըլլալով մսուրի մէջ, Աստուածածինը իրեն պարուրած էր այդ բանջարի տերեւներով:տերեւներով։ Ապա երեքական գաւաթ կը խմէին իրենց տնական օղիէն եւ կը ճաշակէին մատաղի միսն ու արգանակը, բրինձ-ապուր, ձուածեղ, քամած մածուն, կարագ ու մեղր:մեղր։
 
Զէյթունցիները կը հաւատային, թէ Կաղանդի օրը, լոյսի եւ խաւարի ոգիները կը գտնուէին դէմ¬յանդիման։ Սոյն հաւատալիքը կը ջանային փոխանցել իրենց զաւակներուն։ Ընդհանրապէս խօսակցութեան նիւթը կ'ըլլար [[Վարդանանց Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Վարդանանց պատերազմ]]ը։ Եթէ օրը նպաստաւոր ըլլար, ճիրիտ կը խաղային եւ հրացանաձգութիւն կը կատարէին։
Տող 193.
 
== Մարդիկ Ե՞րբ Սկսած են Նոր Տարուան Մաղթանքներ Կատարել Իրարու ==
Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ կատարելը շատ հին սովորութիւն մըն է:է։ Յստակ չէ, թէ ան ե՛րբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ՞ եկած է:է։ Բայց մարդկութեան պատմութեան ընթացքին մենք կը հանդիպինք անոր` տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ:մէջ։
 
Գտնուած են [[Պապիրոս|պապիրոս]]ի վրայ գրուած մաղթանքներ` [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]ի փարաւոններու օրերէն:օրերէն։ [[Չինաստան (արեւմտահայերէն)|Չինաստան]]ի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ղրկել բրինձի թուղթէ պատրաստուած այցելութեան քարտեր, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրներովով գրուած կ'ըլլային ղրկող անձին անունը եւ պաշտօնը:պաշտօնը։
 
Որքան հասցէատէրը բարձր դասակարգի պատկանող անձ մը ըլլար, այնքան քարտը մեծ կ՛ըլլար:կ՛ըլլար։ [[Եւրոպայ]]ի մէջ Ժե. դարուն հարուստները նոյնիսկ իրենց քարտերը երբեմն գունազարդարել կու տային:տային։
 
[[1843]]-ին, [[Լոնտոն]]ի մէջ սըր Հենրի Քոլը Ճոն Քալքոթ Հարսլի գծագրիչէն կը խնդրէ իրեն համար ստեղծել քարտ մը, որ կը ներկայացնէ Ս. Ծննդեան ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած ընտանիք մը եւ կը բովանդակէ «Մերի Քրիսմըս էնտ հէփփի նիւ եիր» մաղթանքը:մաղթանքը։
 
Այս գաղափարը շատ շուտ կը տարածուի, յատկապէս` տպագրական կարգ մը աժան միջոցներու շնորհիւ:շնորհիւ։ Ապա, [[1840]]-ին անգլիական դրոշմաթուղթին յայտնաբերումը անոր բաշխումը անոր մեծ յաջողութեամբ կը պսակէ:պսակէ։
 
[[Պատկեր:Greeting Card Christmas Rust Craft circa 1950.jpg|250px|մինի|Նոր Տարուան Քարտ (1950 -ին)]]
1930-ական թուականներուն, [[Միացեալ Նահանգներ]]ու մէջ կը հաստատուի «Սիզընզ կրիթինկզ»-ը (եղանակի մաղթանքներ), որուն նորոյթը կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք:ետք։ Միակ պարտաւորութիւն` զայն գրել [[1 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 1]]-ի եւ [[31 Յունուար|Յունուար 31]]-ի միջեւ, պահարանին վրայի դրոշմաթուղթին վրայ կնքուած թուականը իբրեւ փաստ…
 
=== Վանի Մաղթանք ===