«Ամանորեան Եւ Սուրբ Ծննդեան Աւանդութիւններ Ու Սովորութիւններ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: է: → է։ (145)
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: լ։Ա → լ։ Ա (5) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 20.
 
== Հայկական Նոր Տարին ==
Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր «[[Նաւասարդ]]», որ կազմուած է Նաւա (=Նոր) եւ Սարիթա (=Տարի) բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին, որպէս հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն։ Արեւմուտքի մէջ, Յունուար1-ը որպէս, նոր տարուան առաջին օրը ընդունելութիւն գտած է Ժդ. դարու վերջաւորութեան, իսկ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի մէջ հաւանաբար ընդհանրացած է 1650-ական թուականներուն։ Այդ թուականներուն հայերը հետեւելով Հռոմէացիներու Նոր Տարին Յիսուսի ծննդեան տօնի հետ կապելուն, սկսած են Ամանորը [[1 Յունուար|Յունուար 1]]-ին տօնել։Աւելիտօնել։ Աւելի ուշ՝ Հայաստանի մէջ ընդհանրացած է Ամանորի նոր անունը եւ կոչուած՝ ”Կաղանդ” որ կը նշանակէ “կանչել= կոչել” ամսուան մուտքը։ Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առթիով կը կատարուէին խրախճանքներ, [[Գուսան (արեւմտահայերէն)|գուսան]]ական թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր, եւայլն։
 
Համայն աշխարհի հասարկութեան մէջ, Տօնածառը եւ Ձմեռ Պապը կամ Կաղանդ Պապան
Տող 26.
դարձած են Նոր Տարուան խորհրդանիշներ։ Հայ ժողովուրդի համար Սօսին (Akkavak), Բարտին (Kavak), Եղեւինը(Çam) արդէն վաղուց եղած էին «[[Կենաց Ծառ (արեւմտահայերէն)|Կենաց Ծառ]]եր», որոնք հայ կեանքի մէջ բնութեան պաշտամունքը, բարօրութիւնը եւ առատութիւնը կը խորհրդանշեն։
 
Հայերը հեթանոսական շրջանէն ի վեր կը զարդարէին տօնածառը [[Խնձորենի (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]ով, նուռով, [[Կաղնի (արեւմտահայերէն)|կաղին]]ով եւ գունաւոր լաթերով ու կը կատարէին իրենց ուխտը եւ սրտի ցանկութիւնը , բարօրութեան, առողջութեան եւ խաղաղութեան խնդրանքով։
 
Հին ժամանակներէն ի վեր , հայ կեանքի մէջ սովորութիւն էր նաեւ [[31 Դեկտեմբեր]]ի գիշեր երիտասարդները տունէ - տուն երգելով ու [[Պար (արեւմտահայերէն)|պար]]ելով պտըտիլ ու Նոր Տարուան նուէրներ խնդրել։
 
=== Թէ Ուրկէ՞ Սկիզբ Առած Է Կաղանդին Տօնածառ Զարդարելու Սովորութիւնը Հայոց Մօտ ===
Տող 42.
 
== Ամանորեան Ճաշատեսակներ ==
Հայու Ամանորը ցնծութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ կը տօնուէր։ Հայ ընտանիքի բոլոր անդամները բոլորուած կ’ըլլային ճաշասեղանի մը շուրջ, որ զարդարուած կ'ըլլար եօթը տեսակի ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներով , չամիչ, թուզ, կաղին, նուռ, [[Պիստակ|պիստակ]], [[Արմաւ|արմաւ]], փշոտ, սիսեռածաղ, [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]] նաեւ որպէս ճաշ՝ [[Հերիսա|հարիսա]], լիցք, ապուր, թոփիկ, անուշապուր, նաւասարդի կորկոռ (ձաւարի եղինձի տեսակ մը), խմորեղէն, քաթա, բոկեղ, Պանրածաղ (պէօրէկ) եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններով։ Ճաշասեղանը կը լուսաւորուէր նաեւ մոմերով։ Սեղանի գլուխը բազմած կ’ըլլար տան մամիկը, որ գինիի կամ օղիի գաւաթը ձեռքին՝ բաժակը կը բարձրացնէր օրհնաբեր ձայնով բարի մաղթանքներ կատարելու։
 
Հայ ժողովուրդը ունէր նաեւ Նոր Տարուան իւրայատուկ սովորութիւններ, ինչպէս՝ [[31 Դեկտեմբեր]]ին, իւրաքանչիւր հայ տան մէջ կը թխուէր մեծ քանակութեամբ «Նոր Տարուան Հաց»ը, Նոր Տարին «Նոր Հաց» ով սկսելու մտադրութեամբ, հայ տան մէջ կը պատրաստուէր նաեւ հայոց նշանաւոր «Տարի Հաց»ը (Չէօրէկի նման տափակ հաց մը), որու երեսը կը զարդարուէր չամիչով, ընկոյզով եւ խաչով կամ զանազան պատմական ու աւանդական նկարներով, ինչպէս նաեւ՝ տարուան թուականով: «Տարի Հաց»ին մէջ դրամ կը դրուէր. դրամը որու որ վիճակուէր, անիկա ընտանիքին բախտաւորը կը նկատուէր եւ անկէ կ’ակնկալուէր տան բարօրութիւնը:
Տող 78.
 
=== Խարբերդի մէջ ===
[[Խարբերդ|Խարբերդի]] մէջ, Նոր Տարուան երեկոյեան, ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլար պահքի յատուկ կերակուրներով, [[Պտուղ (արեւմտահայերէն)|պտուղ]]ներով, օղիով ու [[Գինի (արեւմտահայերէն)|գինի]]ով, մանաւանդ քաղցրեղէններով, ինչպէս՝ գաթա, բոկեղ, անուշապուր։
 
[[31 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 31]]-ը նուէրներ բաշխելու օրն էր։ Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակէին, հարսներ իրենց ձեռքով հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ ([[Տանձենի (արեւմտահայերէն)|տանձ]], [[Նուռ (արեւմտահայերէն)|նուռ]], [[Խնձոր (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրէին մտերիմներու։ Պատանիներ «գօտեկախ» կ`ընէին. այսինքն՝ տուներու երդիքներէն վար կ`իջեցնէին չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ`ըլլար տոպրակ մը։ Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնէին շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն։ «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուէր Ծննդեան գիշեր, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ` Նոր Տարուան յաջորդող արշալոյսին։ Կաղանդի օրը հիւրը միշտ պայման էր որ յիշէր նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը։ Իսկ փոքրիկները, Նոր տարուան առաջին առտուն երբ կ'արթննային, իրենց նուէրները` չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, [[Նշենի (արեւմտահայերէն)|նուշ]], պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնէին տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ։ [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]] քաղաքին մէջ, Նոր Տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնէին նաեւ իրենց հայրը «կախելու»: