«Ամանորեան Եւ Սուրբ Ծննդեան Աւանդութիւններ Ու Սովորութիւններ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: լ։Ա → լ։ Ա (5) oգտվելով ԱՎԲ
պարզեցնում եմ հղումները oգտվելով ԱՎԲ
Տող 4.
== Նոր Տարին Դարերու Ընթացքին ==
Ամանորը ամէնէն հին տօներէն մէկն է։ Բոլոր ազգերու կողմէ կը նկատուի նաեւ ուրախութեան ու տօնախմբութեան կարեւոր օր։
Շատ հին ժամանակներուն զանազան ազգեր, Ամանորը տարբեր ժամանակներու կը տօնէին եւ ունէին իրարմէ տարբեր [[Աւանդութիւն|աւանդութիւն]]ներ:
[[1 Յունուար|Յունուար 1]]-ը, իբրեւ Ամանորի առաջին օր, շատ ուշ ընդհանրացած է։
 
Տող 15.
«Զի՞նչ է Կաղանդ եւ Կաղանդիքա»: Կաղանդ ամսամուտ է, իսկ Կաղանդիքա «նախասկզբնակ օր տարւոյն» գրած է [[Անանիա Շիրակացի (արեւմտահայերէն)|Անանիա Շիրակացի]]ն` իր «[[Տիեզերագիտութիւնը եւ տոմար]]» գիրքին մէջ:
 
«Կաղանդ» բառը ծագած է լատիներէն «calendae» բառէն, որ [[Հայերէն|հայերէն]]ով ստացած է Նոր Տարուան առաջին օրուան նշանակութիւնը։ Արդարեւ, Նոր Տարի հասկացողութիւնը կ'արտայայտուի նաեւ Կաղանդ բառով, այդ առիթով իրար շնորհաւորելու սովորութիւնը` կաղընդել, նուէրը` կաղըդնչէք, իսկ երգերը` կաղանդոս բառերով։
 
«Ամանոր» բառն ալ ունի իր տարբեր անուանումները` ամանորաբեր, տարեմուտ, տարեգլուխ, տարին գլուխ, տարենոր, նոր տարի, նորաբեր, նաւասարդ եւ ծաղկըմուտ։
Տող 32.
=== Թէ Ուրկէ՞ Սկիզբ Առած Է Կաղանդին Տօնածառ Զարդարելու Սովորութիւնը Հայոց Մօտ ===
 
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, առաջնորդուելով Նաւասարդեան տօնի [[Սովորութիւն|սովորութիւն]]ներէն, որուն վերապրուկները մինչեւ այսօր դեռ կան հայկական մեր ընտանիքներու կենցաղին մէջ, «Կաղանդ» բառի ծագումնաբանութիւնը կապուած է “կախանդ” բառի հետ, որ կախել – կախելու գործընթացէն յառաջացած է։ Այսօր յաճախ կը հանդիպինք տօնածառի զարդերու, որոնք տարբեր պտուղներու տեսքով են։ Հայկական տօնածառի զարդերը հանդիսացած են մարաններէն բերուած [[Տանձենի (արեւմտահայերէն)|տանձ]], խնձոր, նուռ, ինչպէս նաեւ չիրերու կապոցներ ու շարաններ, որոնք կախած են տօնական սեղանի մօտ դրուած ծառի մերկ ճիւղէն։
 
Երկրորդ կախելու արարողութիւնը աւելի հին արմատներ ունի, երբ դեռ օճախ կը վառէին եւ տան երդիքի վրայ ծխատար անցք կար։ Ամանորի գիշերը պատանիները կը պտըտէին տունէ տուն և իրենց գուլպան ամրացնելով գօտիի ծայրին կամ պարանին, երդիքէն կ’իջեցնէին տուն, որպէսզի տանտիկինը լեցնելով գուլպան, իրենց կաղընդէր խմորեղէնով կամ չիրերով ու պտուղներով։ Որոշ շրջաններու մէջ, կաղանդ բառին հոմանիշ է “գօտեկախ” բառը, որ աւելի հաւաստի կը դարձնէ այդ սովորութեան գոյութիւնը։
Տող 42.
 
== Ամանորեան Ճաշատեսակներ ==
Հայու Ամանորը ցնծութեամբ եւ մեծ ուրախութեամբ կը տօնուէր։ Հայ ընտանիքի բոլոր անդամները բոլորուած կ’ըլլային ճաշասեղանի մը շուրջ, որ զարդարուած կ'ըլլար եօթը տեսակի ուտելիքներով, առհասարակ չորցուած պտուղներով, չամիչ, թուզ, կաղին, նուռ, [[Պիստակ|պիստակ]], [[Արմաւ|արմաւ]], փշոտ, սիսեռածաղ, [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]] նաեւ որպէս ճաշ՝ [[Հերիսա|հարիսա]], լիցք, ապուր, թոփիկ, անուշապուր, նաւասարդի կորկոռ (ձաւարի եղինձի տեսակ մը), խմորեղէն, քաթա, բոկեղ, Պանրածաղ (պէօրէկ) եւ այլ տեսակի ուտեստեղէններով։ Ճաշասեղանը կը լուսաւորուէր նաեւ մոմերով։ Սեղանի գլուխը բազմած կ’ըլլար տան մամիկը, որ գինիի կամ օղիի գաւաթը ձեռքին՝ բաժակը կը բարձրացնէր օրհնաբեր ձայնով բարի մաղթանքներ կատարելու։
 
Հայ ժողովուրդը ունէր նաեւ Նոր Տարուան իւրայատուկ սովորութիւններ, ինչպէս՝ [[31 Դեկտեմբեր]]ին, իւրաքանչիւր հայ տան մէջ կը թխուէր մեծ քանակութեամբ «Նոր Տարուան Հաց»ը, Նոր Տարին «Նոր Հաց» ով սկսելու մտադրութեամբ, հայ տան մէջ կը պատրաստուէր նաեւ հայոց նշանաւոր «Տարի Հաց»ը (Չէօրէկի նման տափակ հաց մը), որու երեսը կը զարդարուէր չամիչով, ընկոյզով եւ խաչով կամ զանազան պատմական ու աւանդական նկարներով, ինչպէս նաեւ՝ տարուան թուականով: «Տարի Հաց»ին մէջ դրամ կը դրուէր. դրամը որու որ վիճակուէր, անիկա ընտանիքին բախտաւորը կը նկատուէր եւ անկէ կ’ակնկալուէր տան բարօրութիւնը:
 
[[Պատկեր:Artisan bread.jpg|250px|մինի|աջից|Նախշուած հայկական հաց եւ մրգեղէն]]
Տող 50.
 
Կաղանդի հացերու երկրորդ տեսակը մարդակերպ քաթաներն են։
[[Պատկեր:Lazarakia On Plate.jpg|200px|մինի|աջից|Մարդակերպ Քաթաներ]](ի դէպ, քաթա բառը անցնելով [[Ֆրանսերէ|ֆրանսերէ]]նին դարձած է «gateau», հետագային ձեւափոխուելով դարձած՝ անգլերէն cake-ը), «ասիլ», «վասիլ» կամ «բասիլ» անուններով։ Այս քաթաներն ալ գուշակութեան համար են նախատեսուած։ Հիմա ալ, յատկապէս եւրոպական ամսագրերու մէջ կը հանդիպինք խմորեղէններով զարդարուած տօնածառերու. այս երեւոյթն ալ կապուած է հնագոյն ժողովուրդներու աւանդութիւններու հետ։
 
Իսկ երրորդ տեսակի հացերը՝ «կլկալ« կամ «սամսա» կը կոչուէր եւ կը պատրաստուէր [[Երկրագործութիւն|երկրագործական]] գործիքներու տեսքով, կամ հիւսք՝ [[Անահիտ (արեւմտահայերէն)|Անահիտ]]ի ծամերու տեսքով, կամ կլոր՝ հորի բերանի տեսքով, վրան ցանուած հորի պարունակութեան համեմատ՝ [[Ցորեն (արեւմտահայերէն)|ցորեն]], գարի, քունջիթ, [[Կանեփ (արեւմտահայերէն)|կանեփ]], եւ այլն…, որպէսզի արմտիքներու հորերը առատ ըլլան։ Այսօր եւս տանտիկինները խմորեղէնները կը պատրաստեն նմանատիպ ձեւերով, վրան քունջիթ ցանելով։
Տող 59.
 
== Սովորութիւններ, Հաւատալիքներ Եւ Նախապաշարումներ՝ Հայկական Տարբեր Շրջաններու Մէջ ==
Ամանորի նախօրէին սովորութիւն եղած է [[Թոնիր (արեւմտահայերէն)|թոնրատան]] սեւցած առաստաղին ու պատերուն վրայ [[Ալիւր|ալիւր]]ով նկարել երկնային լուսատուները. հիմա ալ տօնածառի խաղալիքներ կան այդ պատկերներով ու խորհրդանիշերով։
 
Անդրադառնալով տօնի կարմիր գոյնի գործածութեանը, ընդգծենք այն փաստը, որ գիւղացիները կը կաղանդէին նաեւ տան անասունները, անոնց կոտոշներէն անցնելով տօնածիսական հացեր կամ կախելով կարմիր երիզներ, ինչպէս նաեւ տարեհացէն բաժին կը հանէին տան բոլոր անասուններուն, ընդհուպ մինչեւ հաւերուն եւ երդիքի ծիտիկներուն։ Կանայք [[Ուխտ (արեւմտահայերէն)|ուխտ]]ի երթալով սրբազան ծառերու ճիւղերէն կը կապէին կարմիր ժապաւէններ կամ թելեր, որպէսզի ամբողջ տարին ուրախ եւ յաջողակ ըլլայ, կարմիր-ուրախ-բախտաւոր օրերը շատ ըլլան։
 
[[Գիւղ]]երու մէջ կար այն հաւատալիքը, որ կաղանդի գիշեր ժամը 12-ին, [[Գետ (արեւմտահայերէն)|գետ]]երու ջուրերը մէկ ակնթարթ կանգ կ’առնէին եւ ով որ այնտեղ գտնուէր եւ բան մը խնդրէր Աստուծմէ՝ կը կատարուէր, կամ եթէ խմէր այդ ջուրէն՝ կը հարստանար։ Կանայք աղբիւրի ջուրին մէջ ցորենի հատիկներ կը լեցնէին՝ առատութիւն հայցելով, իսկ ոմանք ալ մարդակերպ վատը խորհրդանշող գաթաները կը նետէին գետին մէջ, որպէսզի գետը իր հետ տանէր նախորդ տարուան վատն ու դժբախտութիւնը։ Այս բոլոր արարողութիւնները ջուրի պաշտամունքային [[Ծէս|ծէս]]երէն մնացած վերապրուկներ են, որոնք այսօր եւս կ’արտայայտուին Սուրբ Ծննդեան եւ [[Մկրտութիւն|Մկրտութեան]] ([[Ջրօրհնէք (արեւմտահայերէն)|Ջրօրհնէք]]ի) արարողակարգի ընթացքին, երբ [[Եկեղեցի (արեւմտահայերէն)|եկեղեցական]]ները օրհնելով ջուրը, կը բաժնեն հաւատացեալներուն, որոնք իրենց հերթին տուն կը տանին։
 
Սովորութիւն եղած էր նաեւ տօնի նախօրէին մաքրել եւ լուալ տունն ու շրջակայքը, լոգնալ եւ նոր հագուստներ հագնիլ, ներել եւ հաշտուիլ բոլոր խռովածներու հետ, որպէսզի մաքուր սրտով դիմաւորէին Ամանորը. իրարու շնորհաւորել, իրարու նուէրներով ուրախացնել, ճոխ սեղաններ պատրաստել եւ հիւրեր ընդունիլ. լիարժէք ուրախանալ, որպէսզի ամբողջ տարին ուրախ անցնէր։
Տող 71.
Ոմանք աղբիւր կ'երթային մկրատով։ Ամանին մէջ լեցուած ատեն ջուրը մկրատով կը կտրէին։
 
Աղջիկներ [[Հաւկիթ|հաւկիթ]] մը կը լուային եւ թոնիրին բերանը կը դնէին, ամանի մը մէջ եղած [[Ածուխ (արեւմտահայերէն)|ածուխ]]ի եւ հինայի մէջտեղ։ Երբ հաւկիթը ածուխէն սեւցած կը գտնէին, կը տխրէին որ իրենց բախտն ալ սեւ պիտի ըլլար։ Եթէ հաւկիթը հինայէն կարմրէր, կ'ուրախանային. բախտը իրենց ժպտած կ'ըլլար։
 
Աղջիկներ աւելով թոնիրը երեք անգամ կ'աւլէին. աւելը իրենց բարձին տակ կը դնէին։ Առտու եթէ աւելէն ճղիկ մը կոտրուած չըլլար՝ իրենք զիրենք բախտաւոր կը զգային։
Տող 78.
 
=== Խարբերդի մէջ ===
[[Խարբերդ|Խարբերդի]]ի մէջ, Նոր Տարուան երեկոյեան, ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլար պահքի յատուկ կերակուրներով, [[Պտուղ (արեւմտահայերէն)|պտուղ]]ներով, օղիով ու [[Գինի (արեւմտահայերէն)|գինի]]ով, մանաւանդ քաղցրեղէններով, ինչպէս՝ գաթա, բոկեղ, անուշապուր։
 
[[31 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 31]]-ը նուէրներ բաշխելու օրն էր։ Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակէին, հարսներ իրենց ձեռքով հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւայլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ ([[Տանձենի (արեւմտահայերէն)|տանձ]], [[Նուռ (արեւմտահայերէն)|նուռ]], [[Խնձոր (արեւմտահայերէն)|խնձոր]]), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրէին մտերիմներու։ Պատանիներ «գօտեկախ» կ`ընէին. այսինքն՝ տուներու երդիքներէն վար կ`իջեցնէին չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ`ըլլար տոպրակ մը։ Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնէին շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւայլն։ «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուէր Ծննդեան գիշեր, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ` Նոր Տարուան յաջորդող արշալոյսին։ Կաղանդի օրը հիւրը միշտ պայման էր որ յիշէր նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը։ Իսկ փոքրիկները, Նոր տարուան առաջին առտուն երբ կ'արթննային, իրենց նուէրները` չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, [[Նշենի (արեւմտահայերէն)|նուշ]], պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնէին տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ։ [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]] քաղաքին մէջ, Նոր Տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնէին նաեւ իրենց հայրը «կախելու»:
 
Այսպէս, երբ իրիկունը հայրը տուն կը վերադառնար, պատանի զաւակները վրան կը յարձակէին, մէջքին հաստ չուան մը կ`անցնէին ու առաստաղէն կախել կը փորձէին։ Հօր «չարչարանք»ը վերջ կը գտնէր միայն այն ատեն երբ ան կը համաձայնէր իրեն հետ բերած քաղցրեղէն նուէրները բաժնել տնեցիներուն:
 
Չափահասներուն համար տօնական խրախճանքը ծայր կ`առնէր Նոր Տարուան երեկոյեան, իսկ կէս գիշերին, գիւղերուն մէջ (օրինակ՝ Բազմաշէն, Դատեմ, Բարջանճ) սովորութիւն էր [[Աղբիւր|աղբիւր]] երթալ եւ Նոր տարուան ջուրը կուժերու մէջ լեցուած` բերել տուն։ Այսպէս, ամբողջ գիւղի երկսեռ երիտասարդութիւնը երգելով կ`ուղղուէին դէպի գիւղի աղբիւրները։ Ոմանք նոյնիսկ այդ ցուրտ օդին աղբիւրներու աւազաններուն մէջ լոգանք կ`առնէին, որովհետեւ ըստ տեղական աւանդութեան, այդ օրը ջուրերը [[Կախարդութիւն|կախարդիչ]] յատկութիւն կ`ունենային եւ անհատը կրնար բժշկել ֆիզիքական զանազան ցաւերէ։ Ասիկա նաեւ կը համարուէր աղբիւրներու [[Ոգիներ (արեւմտահայերէն)|ոգի]]ներէն Նոր Տարուան համար բարի մաղթանքներ խնդրելու արարողութիւն մը։
 
Այսպէս, գիւղացիներ, յատկապէս աղջիկները, այդ օրը աղբիւրի ակին ու գուռին վրայ, ինչպէս նաեւ ասոնց բոլորտիքը կը ցանէին ցորենի, [[Գարի (արեւմտահայերէն)|գարի]]ի, [[Սիսեռ (արեւմտահայերէն)|սիսեռ]]ի հատիկներ, նոր ծննդաբերած [[Կով (արեւմտահայերէն)|կով]]ու կամ [[Ոչխար (Արեւմտհաերէն)|ոչխար]]ի առաջին կաթով պատրաստուած պանիր (տեղական բարբառով` խեր), [[Բամպակենի|բամպակ]]ի կուտ, ոլոռն եւ պայտ (նալ):
Տող 172.
 
=== Զէյթունի Մէջ ===
[[Զէյթուն]]ցի ընտանիքը` նահապետական էր. մէկ յարկի տակ կ’ապրէին ընտանիքի բոլոր տղաները իրենց ծնողներու, կանանց եւ զաւակներուն հետ։
 
[[31 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 31-]]ի գիշերը շատ յաճախ [[Ձիւն|ձիւն]] ու ցուրտ, ընտանիքի բոլոր անդամները բուխերիկի շուրջ հաւաքուած ուրախութիւն կ’ընէին. կանայք պատրաստած կ’ըլլային օրուան յատուկ ուտելիքները` ոսպնաթան, տաքապուր, հափուսա, փոշեջուր. մառաններէն կը բերէին չամիչ, ընկոյզ, սուճուխ, պաստեղ, լեպլեպու, [[Նարինջ (արեւմտահայերէն)|նարինջ]], նուռ, սերկեւիլ, եւայլն, եւ կը շարէին սուֆրիին (ցածլիկ սեղան) վրայ։ Շատ յաճախ տան մեծ հայրիկը կամ մեծ մայրիկը հեքիաթ կը պատմէր։ Յանկարծ ծխնելոյզէն տոպրակ մը կը կախուէր. Զէյթունի մէջ, ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններուն մէջ, Կաղանդի գիշերը 14-18 տարեկան պատանիները քանի մը հոգիէ բաղկացած խումբեր կը կազմէին եւ շրջելով տունէ - տուն, իրենց պարկը կը կախէին ծխնելոյզէն եւ տան անդամներէն կաղընտաս (կաղանդչէք, կաղանդի առիթով տրուած նուէր) կ’ուզէին։ Զէյթունի տուները շինուած ըլլալով աստիճանաձեւ, մէկուն տանիքը միւսին բակը կը հանդիսանար. հետեւաբար դիւրին էր կրակարանի անցքէն յարաբերիլ տանտէրերու հետ։ Տնեցիները կը լեցնէին պարկը սեղանի բարիքներով, երբեմն նաեւ չորս կամ ութ մէթէլիւքնիւց (1 մեթելիք = 0,25 ղուրուշ = 10 փարա) մը կը նուիրէին։ Իւրաքանչիւր հայ կը հաւատար, որ տան բարիքներէն կաղանդչէք տալով, իր տան բարիքները կ’աւելնային։ Ուրախութիւնն ու կերուխումը կը շարունակուէր մինչեւ կէս գիշեր։
 
Առտու տան բոլոր անդամները կը շտապէին եկեղեցի տարուան առաջին պատարագին ներկայ գտնուելու։ Վերադարձին կը սկսէին իրար շնորհաւորել. մեծահասակները տունը նստած կը սպասէին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք հերթաբար կը մօտենային եւ կը շնորհաւորէին զանոնք։ Կը շնորհաւորէին եւ կ’օրհնէին նաեւ տան անասունները եւ թռչունները։ Ապա այցելելով դրացիներուն կը շարունակէին շնորհաւորանքները։
 
Սովորութիւն կար այս առիթով յատուկ այցելել եւ շնորհաւորել քահանան։ Իւրաքանչիւր տան մեծ մայրիկը կամ մեծ հարսը աման մը ցորեն, կամ [[Ձաւար|ձաւար]], կամ իփմոն-ծեծմոն (եփած-ծեծած) սիսեռ, կամ ձէթով օռուզ ապուր (բրնձապուր), կամ տապկուած հացիկներ, երբեմն ալ հալվօ (հալվա, հրուշակ) վերցնելով կ’երթար երէցի տունը, ուր հիւրասէր երէցկինը իւրաքանչիւր նոր հիւրը կը դիմաւորէր եւ կը հիւրասիրէր զայն իր պատրաստած ոսպնաթանով եւ տաքապուրով։ Մինչ մանուկները հաւաքուելով իրարու հետ կը խաղային եւ կը զուարճանային։
[[29 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 29]]-էն մինչեւ [[5 Յունուար|Յունուար 5]]-ը պահքի շրջան է։ Յունուարի 5-ին տան բոլոր անդամները պարտաճանաչօրէն կը յաճախէին եկեղեցի մասնակցելու պատարագին եւ Յիսուս Մանուկի Ջրօրհնէքին։ Իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ’օրհնուէր խմելով այդ ջուրէն եւ վերադարձին ամէն ընտանիք իր հետ կը տանէր քիչ մը օրհնուած ջուր։
 
Տող 186.
 
=== Ուրֆայի Մէջ ===
[[Ուրֆա (արեւմտահայերէն)|Ուրֆա]]ցիները անհրաժեշտ կը զգային իրենց տուներէն ներս հիւրեր ընդունիլ։ Բոլորը պէտք էր Կաղանդի գիշերը ուրախ անցնէին. վա՜յ անոր, որ այդ գիշեր տխուր ըլլար, որովհետեւ կը հաւատային որ ան կրնար ամբողջ տարի անյաջողութիւններու հանդիպիլ։
Ուրֆացիները միայն հարսնցուներուն կաղանդչէքներ կու տային (ոսկի, արծաթ, թաւիշ, զերտէ կամ հալվա)։
 
=== Քեսապի Մէջ ===
Տող 195.
Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ կատարելը շատ հին սովորութիւն մըն է։ Յստակ չէ, թէ ան ե՛րբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ՞ եկած է։ Բայց մարդկութեան պատմութեան ընթացքին մենք կը հանդիպինք անոր` տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ։
 
Գտնուած են [[Պապիրոս|պապիրոս]]ի վրայ գրուած մաղթանքներ` [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]ի փարաւոններու օրերէն։ [[Չինաստան (արեւմտահայերէն)|Չինաստան]]ի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ղրկել բրինձի թուղթէ պատրաստուած այցելութեան քարտեր, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրներովով գրուած կ'ըլլային ղրկող անձին անունը եւ պաշտօնը։
 
Որքան հասցէատէրը բարձր դասակարգի պատկանող անձ մը ըլլար, այնքան քարտը մեծ կ՛ըլլար։ [[Եւրոպայ]]ի մէջ Ժե. դարուն հարուստները նոյնիսկ իրենց քարտերը երբեմն գունազարդարել կու տային։
Տող 204.
 
[[Պատկեր:Greeting Card Christmas Rust Craft circa 1950.jpg|250px|մինի|Նոր Տարուան Քարտ (1950 -ին)]]
1930-ական թուականներուն, [[Միացեալ Նահանգներ]]ու մէջ կը հաստատուի «Սիզընզ կրիթինկզ»-ը (եղանակի մաղթանքներ), որուն նորոյթը կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք։ Միակ պարտաւորութիւն` զայն գրել [[1 Դեկտեմբեր|Դեկտեմբեր 1]]-ի եւ [[31 Յունուար|Յունուար 31]]-ի միջեւ, պահարանին վրայի դրոշմաթուղթին վրայ կնքուած թուականը իբրեւ փաստ…
 
=== Վանի Մաղթանք ===
Տող 221.
* Horizon weekly
{{Օրվա հոդված նախագծի մասնակից}}
 
[[Կատեգորիա:Հայկական տօներ]]