«Միզային համակարգի հիւանդութիւններ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Տող 3.
== Միզային համակարգի հիմնական պարտականութիւնը ==
Միզային համակարգի հիմնական պարտականութիւնն է անհատի մարմինէն դուրս հանել զանազան երկրորդական նկատուող, ոչ կարեւոր արտադրութիւնները: Միզային համակարգը գլխաւորաբար ունի երեք բաժիններ` երիկամներ, միզածորաններ ու միզաման: Ամէն մէկ բաժին ունի համակարգող պարտականութիւն, յատկապէս միզամանը կ՛ամբարէ մէզը, ու երբ բաւարար լեցուի, կը պարպէ: Ամէնէն յաճախակի պատահող հիւանդութիւններէն կարել է նշել միզային համակարգի բորբոքումը: Այս պարագային մէզը չի բորբոքիր, միզային համակարգի որեւէ մէկ բաժին կրնայ բորբոքիլ, իսկ անոր ախտանշաններն են` յաճախամիզութիւնը, այրուածքը եւ միզելու անկարողութիւնը կամ դժուարութիւնը: Երիկամներու բորբոքումը Երիկամներու բորբոքումը յարաբերաբար քիչ պատահող, բայց իբրեւ հիւանդութիւն` աւելի բարդ վիճակ ստեղծող երեւոյթ է: Գլխաւոր ախտանշանը ջերմաստիճանի բարձրացումն է, իսկ երբ վիճակը աւելի զարգանայ, կրնայ բորբոքումը տարածուիլ` հասնելով արեան համակարգ:երիկամներու բորբոքման ախտանշաններն են` ջերմաստիճանի բարձրացում, սուր ցաւեր, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն ախտանշանները, որոնք ընդհանրապէս միզային բորբոքումներու ընթացքին կը պատահին, նաեւ` արիւնամիզութիւնը: Միզային համակարգի բորբոքումներու մէջ կարեւոր է յիշել այրերու մօտ, տեղի ունեցող շագանակագեղձի բորբոքումը, որ կը դրսեւորուի վերոնշեալ ախտանշաններով:
 
 
== Միզային ուղիներու մէջ աւազի կուտակում եւ խիճերու գոյացում==
Տող 115 ⟶ 114՝
Տօքթ. Էլի Թաշճեան
 
[[ԿատեգորիաՍտորոգութիւն:Հիւանդութիւններ]]