«Շիրին Էպատի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Չ clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Տող 4.
 
== Կենսագրութիւն ==
Շիրին Էպատին [[1947 թուական]]ին Իրանի Համատան քաղաքը ծնած է, առեւտրային իրաւունքի փրոֆեսօր Համատանի գլխաւոր նախկին նոտար եղած Մոհամմատ Ալի Էպատի ընտանիքին մէջ։ [[1969 թուական]]ին Էպատին Թեհրանի համալսարանի իրաւունքի եւ քաղաքագիտութեան ֆաքուլթին աւարտած է եւ կես տարի փորձաշրջան անցնելէն ետք դատաւոր նշանակուած է։ [[1971 թուական]]ին ան թեզ մը ապշտպանած [[1975 թուական]]ին [[Թեհրան]]ի քաղաքային դատարանը գլխաւորած առաջին կին դատաւորը դարձած է։ Շատ իրանցիներու նման սկզիբնապէս իրանական յեղափոխութիւնը ողջունած ըլլալով ան շուտով կը դառնայ յեղափոխութեան դաժան քննադատը<ref>Ազատութիւն Ռատիոկայան [https://www.azatutyun.am/a/1808552.html Շիրին Էպատի. «Իրանին Մէջ Դատավարութիւնները Եգիծանք են Արդարադատութեան Հանդէպ»]</ref>, քանի որ ըստ նոր իշխանութեան կինը պետք չէ, որ որոշումներ կայացնի տղամարդոց համար: Էպատին տասը տարիէ աւել չէ կրցած աշխատիլ իրաւական ոլորտէն ներս, բայց այդ ընթացքին ան անվճար իրաւաբանական գործունեութիւն ծաւալած է։ Երկար տարիներ Էպատին անցկացուցած է մենախուցէն ներս՝ դառնալով Իրանի մարդու իրաւունքի թիւ մեկ աշխուժակը, հիմնեցաւ Մարդու իրաւունքի պաշտպանի կեդրոնը եւ օգնեց կազմակերպելու «Մեկ միլիոն ստորագրութիւն» ժողովրդական նախաձեռնութիւնը։ <br>
 
1990 թուականին ան հնարաւորութիւն ստացաւ դասախօսելու Թեհրանի համալսարանէն ներս։ Ան մեծ դեր խաղցաւ Իրանի 5-րդ նախագահ Մոհամմատ Խաթամիի 1997 թուականի նախագահի ընտրութիւններուն։ Էպատին կը համարուի արեւելքի շարք մը երկիրներու, նաեւ Բրիտանական Քոլամպիայի համալսարանի, Թորոնթոյի համալսարանի պատուաւոր տոքթոր։ 2009 թուականի Յունիսին Իրանին մէջ աճող բռնաճնշումներու հետեւանքով ստիպուած լքած է երկիրը։ 2004 թուականին Forbes պարբերական Շիրին Էպատիին ընդգրկած է «Աշխարհի հզօրագոյն 100 կիներ» ցանկին մէջ։ Ան նաեւ ընդգրկուեր է «Բոլոր ժամանակներու 100 ամենաազդեցիկ կիներ» ցանկին մէջ<ref>http://www.vedomosti.ru/library/articles/2012/11/30/intervyu_shirin_ebadi_pravozaschitnica</ref><ref>http://www.forbes.ru/forbes-woman-photogallery/337323-svobodnyy-vybor-10-laureatok-nobelevskoy-premii-mira</ref>։
Տող 13.
== Աղբիւրներ ==
* [https://auroraprize.com/hy/prize/judge/shirin-ebadi Շիրին Էպատի]
 
 
{{DEFAULTSORT:Էպատի, Շիրին}}
[[ԿատեգորիաՍտորոգութիւն:21 Յունիսի ծնածներ]]
 
[[Կատեգորիա:21 Յունիսի ծնածներ]]