«Քարոզ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: (2) using AWB
Տող 15.
 
== Քարոզի պատմութիւնը ==
Քարոզի կարեւորութիւնը, անհատի ու հասարակութեան վրայ ունեցած ներազդեցութիւնը կը շեշտուի դեռեւս [[Հին կտակարան]]ի մէջ, իսկ [[Նոր Կտակարան|Նոր Կտակարանի]]ի մէջ թէ՛ [[Յովհաննէս Մկրտիչ]]ի, թէ՛ Քրիստոսի եւ թէ՛ [[առաքեալներ]]ու գործունէութիւնը կը սկսի քարոզով: Առաքեալներուն պատուիրելով տարածել նոր վարդապետութիւնը՝ Յիսուս կ'ըսէ. «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհով մէկ եւ քարոզեցէք Աւետարանը բոլոր մարդկանց» (Մարկ. 16.15):
 
Քարոզչութիւնը Քրիստոսի առաքելութեան տարածման գլխաւոր միջոցն է: Քանի որ առաքեալներու գործունէութիւնը սկսած է քարոզչութեամբ, քրիստոնէութեան վաղ շրջանին աւետարանելը եւ քարոզելը նոյնացուած է ու միմեանց համարժէք ներկայացուած: Հետագային քարոզի գործառնական նշանակութիւնը փոխուած է: Եթէ սկզբնական շրջանին այն ծառայած է աւետարանական քարոզչութեան, քրիստոնէութեան տարածմանն ու ամրապնդմանը, ապա աւելի ուշ՝ քրիստոնէական գաղափարներու, արժէքներու եւ բարոյականութեան անխաթար պահպանման, այսինքն՝ աւետարանելուն փոխարինած է աւետարանուած գաղափարներուն հետեւելու քարոզութիւնը: Եթէ աւետարանելը կը ծառայի նոր կրօնի տարածման, անհատական եւ հաս. գիտակցութեան յեղաբեկման, ապա քարոզը՝ ընդունուած հոգեւոր-բարոյական նորմերէն չշեղելուն (որ կ'իրականացուի հրապարակախօս. ներազդման միջոցով):
Տող 50.
{{ՔՀՀ}}
 
[[ԿատեգորիաՍտորոգութիւն:Կրօն]]
[[ԿատեգորիաՍտորոգութիւն:Հռետորութիւն]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քարոզ» էջէն