«Ստեփան Զօրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 40.
 
1939-ին, որպէս տաղանդաւոր գրագէտ, Զօրեան Մոսկուայի մէջ պատուանշանի կ՛արաժանանայ:
 
== Ռոստոմ՝ Դաշնակցականը ==
Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան կրտսերագոյն անդամն է Ռոստոմ (աւազանի անունով Ստեփան Զօրեան)։ 1890-ի ամրան Թիֆլիսի մէջ կայացած ՀՅԴ-ի հիմնադիր ժողովին մասնակցած չըլլալով հանդերձ՝ ([[Մոսկուա]]<nowiki/>յի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով) իր շեշտակի դրոշմին կը նկատուի ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ 1890-1919 երեսնամեակի հայոց պատմութեան եւ ՀՅԴ-ի գործունէութեան գլխաւոր բոլոր փուլերուն վրայ։
 
Ռոստոմի մտայղացումով է, որ 1890-ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը իր անունը կը սղէ, սկիզբը կը ներկայանայ իբրեւ Հայ Յեղափոխակ. Դաշնակցութիւն, իսկ 1892-ին կը վերածուի պարզապէս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։
 
Ռոստոմի գրիչով է, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը կը ստանայ՝ [[Քրիստափոր Միքայէլեան|Քրիստափոր]]<nowiki/>ի եւ [[Սիմոն Զաւարեան|Զաւարեան]]<nowiki/>ի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած «Այբուբեն» ծրագրային յօդուածաշարքը ամբողջացնելով եւ հայ ժողովուրդին ներկայացնելով իբրեւ «Ընդհանուր տեսութիւն» ու ՀՅԴ-ի ծրագիր։
 
Նոյնպէս Ռոստոմի ուղղակի ձեռքն է, որ կ'երեւի Դաշնակցութեան զինանշանի լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։
 
Ռոստոմի անունին կապուած են հետեւեալ իրագործումները.-
 
* Կը հզօրացնէ եւ զէնքի ու զինամթերքի Դաշնակցութեան ուրոյն արտադրամաս-պահեստանոցին կը վերածէ ՀՅԴ-ի առաջին զինագործարանը [[Սալմաստ]]<nowiki/>ի մէջ։
* Կ'ապահովէ եւ կը կանոնաւորէ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «<nowiki/>[[Դրօշակ (թերթ)|Դրօշակ]]<nowiki/>»-ի անխափան հրատարակութիւնը։
* 1890-ականներու երկրորդ կիսուն, երկրի տարածքին հայ դպրոցական ցանցը կ'ընդարձակէ ու կ'ուժեղացնէ։
* Նոյն ժամանակաշրջանին, [[Պալքան]]<nowiki/>ներու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան կայսրութեան տարածքին, կ'իրագործէ Հայ Յեղափոխական շարժման եւ տարբեր ազգերու յեղափոխական ուժերուն միջեւ ռազմավարական գործակցութեան առաջացումն ու ամրապնդումը։
* 1903-ին գլխաւոր մղիչ ուժը կ'ըլլայ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ ցարական քաղաքականութեան դէմ ծաւալած համաժողովրդային բողոքի շարժումին։ Յատկապէս վճռորոշ կ'ըլլայ Ռոստոմի դերակատարութիւնը օրուան ամենայն հայոց կաթողիկոսին՝ [[Մկրտիչ Խրիմեան|Խրիմեան Հայրիկ]]<nowiki/>ին ուժ եւ նեցուկ կանգնելու առումով։
* 1903-էն-1905, Դաշնակցութեան կովկասեան կազմերուն կողմէ կ'որդեգրուի ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ նոր դարաշրջան բացած «Կովկասեան Նախագիծ»-ին, որուն դարբինը կը հանդիսանայ Ռոստոմ, արեւմտահայութեան ազգային-ազատագրումի Դատին զուգահեռ յառաջ մղելով նաեւ արեւելահայութեան հասարակական ազատագրումի դատը՝ առաջքը առնելու համար «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու ցարական կործանարար քաղաքականութեան։
* 1905-ին, Ցարական իշխանութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, Ռոստոմ կը ստանձնէ հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին ընդհանուր ղեկավարումը։
* Ռոստոմ առանցքային դեր կ'ունենայ 1907-ի [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|ՀՅԴ]]-ի Դ. Ընդհանուր ժողովին - Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը ապահովելու պայքարին մէջ՝ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերն ու սադրանքները ձախողութեան մատնելով։
* 1908-էն սկսեալ, Ռոստոմի ջանքերով կ'իրականանայ Դաշնակցութեան անդամագրումը [[Ընկերվար Միջազգայնական]]<nowiki/>ին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը [[Օսմանեան Կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութեան]] տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Նաեւ՝ [[Պուլկարիա|Պուլկարիոյ]] մէջ Դաշնակցութեան զինուորական դպրոցին հիմնումը։
* Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, [[Կարին]]<nowiki/>ը կեդրոն ընտրելով, Ռոստոմ ամբողջապէս կը նուիրուի Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումին։
* 1913-ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներ կ'ունենան նշանակալից մասնակցութիւն ընդդէմ օսմանեան զօրքին՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկ]]<nowiki/>ի ու [[Գարեգին Նժդեհ|Նժդեհ]]<nowiki/>ի հրամանատարութեամբ։
* Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Ռոստոմ կը լծուի [[Հայ Կամաւորական Շարժում|Հայ Կամաւորական Շարժման]] կազմակերպումին, թէեւ ինք դէմ էր քաղաքական այդ քայլին։ Ռոստոմ կը նախընտրէր հակացարական պայքարի լծուած յեղափոխական ուժերուն հետ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը խորացնել ու ամրապնդել։ Բայց իր իսկ քարոզած երկաթեայ կարգապահութեան սկզբունքին տէր կանգնելով, ամբողջապէս կը նուիրուի Կամաւորական շարժման հզօրացման գործին։
* Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներն ու պահանջները ներկայացնելու եւ պաշտպանելու, մանաւանդ [[Արեւմտահայաստան]]<nowiki/>ի ազատագրութեան դատը սահմանադրականօրէն ամրագրելու գործին մէջ, անփոխարինելի կ'ըլլայ Ռոստոմի ներդրումը, որ կը պսակուի [[Պաքու]]<nowiki/>ի հերոսամարտին իր ղեկավար մասնակցութեամբ ու [[բոլշեւիկ]]<nowiki/>ներու ղեկավար [[Ստեփան Շահումեան]]<nowiki/>ի հետ զինակցութեան կնքումով՝ ընդդէմ թուրք եւ թաթար ջարդարար ներխուժման։
 
== Ռոստոմ՝ Գաղափարապաշտը ==
Ուսման եւ ինքնազարգացման առընթեր, Ռոստոմի երիտասարդական կեանքը կը յատկանշուի ուսանողական բողոքի քայլերու եւ ցոյցերու աշխոյժ, այլեւ ղեկավար մասնակցութեամբ՝ բոլոր արդար դատերուն եւ ազատագրումի բոլոր պայքարներուն անձնուէր ու յանձնառու դրօշակիրը դառնալով եւ միշտ առաջնորդուելով այն խոր ու հաստատ համոզումով, թէ հայ ժողովուրդին ազատ ու արդար կեանքը հնարաւոր է, երբ նոյնպէս ազատ ու արդար կ'ապրին շրջապատի միւս ազգերն ու ժողովուրդները։
 
Ուսանողական շրջանի իր յեղափոխական աշխուժութեան համար Ռոստոմ կը հալածուի Ցարական իշխանութիւններէն (երկու անգամ կը ձերբակալուի ու կ'աքսորուի), բայց այդ հալածանքը իր մէջ կ'ամրապնդէ յեղափոխականի յանդգնութիւնը եւ մարտունակութիւնը (երկու անգամ անցագիր կը փոխէ, որպէսզի կարենայ աքսորավայրէն փախուստ տալ եւ շարժումի ազատութիւն ունենալ)։
 
Ռոստոմի մէջ միաժամանակ կ'արմատաւորուին՝
 
* Ազգային եւ հասարակական բոլոր արդար դատերուն բոլորանուէր պաշտպանի ու յառաջապահի տիպարը,
* Յեղափոխական միտք ու հաւատք տարածող մտաւորականը (ուսուցիչ ու խմբագիր), որ դաւադիր յեղափոխականի մարտական գործիչն էր միաժամանակ (զէնքի եւ ռումբի պատրաստութենէն մինչեւ ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան կռիւի կազմակերպումը),
* Ազգային-հասարակական ծառայութեան նուիրեալը, որ որքան զինուելու եւ պաշտպանուելու կը մղէ հայ ժողովուրդը, նոյնքան հոգածու կ'ըլլայ հայութեան հասարակական ու մշակութային կեանքի բարելաւումին եւ բազմակողմանի զարգացման նկատմամբ։
 
== Աղբիւրներ ==