«Ռուբինեաններ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 4.
==Ծագում==
 
ՆահապետնՌուբինեաններու նահապետն ու անուանադիրն է մեծ իշխան [[Ռուբէն Ա.|Ռուբէնը]]։ Ան աքսորեալ [[Գագիկ Բ.]] Բագրատունի թագաւորի դաւադրական մահէն ետք անոր այն թիկնապահներէն է, ով կը գլխաւորէ Լեռնային [[Կիլիկիա|Կիլիկիոյ]] [[հայ]]երուն պայքարը [[Բիւզանդական կայսրութիւն|Բիւզանդական կայսրութեան]] դէմ, կը թօթափէ Բիւզանդիոյ գերիշխանութիւնը, կը հիմնադրէ անկախ եւ կայուն հայկական իշխանապետութիւն։
 
==Իշխաններ==
Տող 12.
[[Կոստանդին Ա.]]–ի աւագ որդին եւ յաջորդը՝ [[Թորոս Ա.]], [[1104]]–ին բիւզանդական տիրապետութենէն մասամբ կ՛ազատագրէ Դաշտային Կիլիկիան՝ [[Սիս]] եւ [[Անարզաբա]] քաղաքներով, [[1107]]–ին իշխան [[Գող Վասիլ|Գող Վասիլի]] օգնութեամբ Պերտուսի մօտ կը ջախջախէ սելճուքեան թուրքերը՝ կանխելով անոնց յառաջխաղացումը, [[1111]]–ին [[յոյներ]]էն կ՛ազատագրէ Կնդռոսկավիս բերդը։ Բիւզանդական Ալեքսիոս Ա. կայսրը հարկադրուած կը ճանչնայ Թորոս Ա.–ի ինքնավարութիւնը։
 
Թորոս Ա.-ի որդիներ Կոստանդինը եւ [[Օշին]]ը կը մահանան հաւանաբար իրենց հօր ողջութեան օրերուն։ Ուստի, գահը կը ժառանգէ Թորոս Ա.–ի կրտսեր եղբայր Լեւոն Ա., իր տաղանդաւոր զօրավարզօրավարն ու գահակիցը։ Գահակալման սկիզբը [[Լեւոն Ա.]], հակահարուած հասցնելով սելճուկեան թուրքերու եւ խաչակիր ասպետներու ոտնձգութիւններուն, կ՛ամրապնդէ երկրի հիւսիսային եւ արեւելեան սահմանները, իսկ [[1132]]–ին բիւզանդացիներէն կ՛ազատագրէ Դաշտային [[Կիլիկիա]]ն։ [[Հալէպ]]ի Զանգի ամիրայի եւ [[Եդեսիա|Եդեսիոյ]] դուքս Ճեսլին Բ.–ի դաշնակցութեամբ [[Լեւոն Ա.]] պարտութեան կը մատնէ Անտիոքի դքսութեան եւ Երուսաղէմի թագաւորութեան միացեալ ուժերը՝ ընդարձակեով երկրի սահմանները դէպի հարաւ–արեւելք։ Սակայն, [[1137]]–ի ամրան բիւզանդական ներխուժումներու դէմ 35–օրեայ հերոսական դիմադրութենէն ետք, ան իր կնոջ եւ որդիներուն՝ Ռուբէնի ու Թորոսի (Թորոս Բ.) հետ կը գերեւարուի։
 
Կոստանդնուպոլսոյ մէջ բանտարկուած Լեւոն Ա. եւ իր գահաժառանգ որդի Ռուբէնը կը սպանուին, իսկ [[Թորոս Բ.]] կը փախչի է եւ իր եղբայրներուն՝ Ստեփանէի ու Մլեհի օգնութեամբ կը փորձէ վերականգնել ընդհատուած պետականութիւնը։ [[Կիլիկեան Հայաստան]]ի նուաճման նոր փորձերը կ՛աւարտին բիւզանդական զօրքերու պարտութեամբ, կայսրութիւնը հարկադրուած կը ճանչնայ [[Թորոս Բ.]]–ի իշխանապետութիւնը՝ իրենանոր մեծարելով «''Պան Սեբաստոս»'' տիտղոսով։ Ստեղծելով մշտական եւ մարտունակ բանակ՝ [[Թորոս Բ.]] կ՛ընդարձակէ եւ կ՛ամրապնդէ երկրին սահմանները, գահին շուրջ կեդրոնացրելով հայ աւատապետներուն․ կը զբաղի շինարարական աշխատանքներով։
 
[[Թորոս Բ.]]–ին կը յաջորդէ անոր [[Մլեհ]] եղբայրը, ով գահակալման սկզբնական տարիներուն Հալէպի ամիրա Նուր ատ–Տինի զինակցութեամբ կը ջախջախէ Անտիոքի դքսութեան եւ [[Երուսաղէմի թագաւորութիւն|Երուսաղէմի թագաւորութեան]] ուժերը, երկրէն կը վտարէ խաչակիր ասպետներու հոգեւոր օրդեններըօրտէնները, ապա բիւզանդացիներէն կ՛ազատագրէ Դաշտային [[Կիլիկիա]]ն։ [[1173]]–ին Մլեհ կը վերակառուցէ [[Սիս]] քաղաքը եւ մայրաքաղաքը Վահկայէն տեղափոխածկը էտեղափոխէ այնտեղ։ Դաժանօրէն կը պատժէ եւ կը հալածէ իր նոր քաղաքական գիծին ընդդիմացող իշխաններն ու լատինամետլատինամէտ կղերականները, որուն համար շուտով կը սպաննուի՝ զոհ դառնալով պալատական դաւադրութեան։ Մլեհ կը թաղուի Մեծ քարիՔարի վանքին մէջ։
 
Մլեհի կը յաջորդէ անոր Ստեփանէ եղբօր աւագ որդին՝ [[Ռուբէն Գ.]]։ Իր գահակից եղբօր եւ տաղանդաւոր զօրավար Լեւոնի աջակցութեամբ, [[Ռուբէն Գ.]] [[1180]]–ական թուականներուն վերջնականապէս կ՛ազատագրէ Ալեքսանդրեթէն մինչեւ Սելեւկիա երկարող ծովեզերքը։
Տող 22.
==Թագաւորներ==
 
[[1187]]–ին [[Ռուբէն Գ.]] գահը կամովին յանձնածկը էյանձնէ [[Լեւոն Բ.]]–ին, որով, շրջակայ թշնամիներուն դէմ իր շահած շարք մը նոր յաղթանակներով, կը բարձրացնէ պետութեան կշիռն ու հեղինակութիւնը։ [[1198]]–ին, օծուելով ''«Թագաւոր ամենայն Հայոց, եւ նահանգին Կիլիկէացոց, եւ Իսաւոիոյ»'', ան Հայոց իշխանապետութիւնըԻշխանապետութիւնը կը հռչակէ Հայոց թագաւորութիւնԹագաւորութիւն, որ կը ստանայ միջազգային լայն ճանաչում։ Շարք մը էական բարեփոխումներով, [[Լեւոն Բ.]] կ՛ամրապնդէ պետութեան քաղաքական հզօրութիւնը, կը խթանէ տնտեսութեան, մշակոյթի ու լուսաւորութեան ընդհանուր վերելքը։
 
==Ձուլում==
 
[[Լեւոն Բ|Լեւոն Բ․]]ի մահով կը սպառի ՌուբինեաններուՌուբինեան տոհմի արական գիծը։ Անոր գահաժառանգ դուստր [[Զապէլ]]ը [[1226]]–ին կ՛ամուսննայ [[Կոստանդին]] սպարապետի որդի [[Հեթում Ա.]]–ի հետ, ով կը հանդիսանայ Կիլիկիոյ [[Հեթումեաններ]]ու թագաւորական տոհմի հիմնադիրը։
 
== Ռուբինեաններու Գահացանկը ==