«Վարդան Այգեկցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն =Վարդան Այգեկցի | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = Vardan...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

09:45, 10 Օգոստոս 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Վարդան Այգեկցի Մխիթար Գոշի կրտսեր ժամանակակիցն է, միջնադարեան հայ Աստուածաբան, մատենագիր, առակագիր, քարոզիչ, հասարակական գործիչ:

Կենսագրութիւն

Ապրած է 12-րդ դարի վերջուն եւ 13-րդ դարու սկիզբը: Ծնած է Հայոց Միջագետքի Տլուք գաւառի Մարաթա հայաբնակ գիւղը, կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա՝ Կիլիկեան Հայաստանի Արքակաղին (Արքակաղանի) վանքը: Ուսումը աւարտելէն յետոյ ձեռնադրուած է վարդապետ եւ զբայղուած է քարոզչութեամբ: Այնուհետեւ ապաստանած է Կիլիկեան Հայաստանի եւ Սեւ լեռներու Տոսխ կոչուած ձորը կառուցուաղ է Այգեկ վանքը, որտէղ ստացած է Այգեկցի մականունը: 1198 թուականին մասնակցած է Լեւոն Բ. Մեծագործի թագադրութեան հանդէսին: Վախճանած է 1250 թուականին:

Ստեղծագործութիւնը

Այգեկ վանքը գրած է 22 ճառ, խրատական 5 թուղթ, կազմած է «Արմատ Հաւատո» ժողովածուն: Իր խրատներով ու քարոզներով Վարդան Այգեկցին կը պայքարէր դրամասիրութեան, գողոգթեան, ամբարտաւանութեան, ոխակալութեան, որկրամոլութեան, հարբեցողութեան, մարդկային այլ արատներու դէմ, կը քարոզէր սէր եւ համերաշխութիւն:

Առակները

Ասելիքն աւելի հասկանալլի դարձնելու համա ան իր քարոզները կը համեմէր իր իսկ յօրինած, այնպէս արդէն յայտնի զանազան առակներով ու զրոյցներով: Ան գրած է աւելի քան 30 առակ: Այգեկցին սկիզբ դրած է առակաւոր ճառի տեսակին: Իր խրատական ճառերուն ան վերամշակած է, օգտագործած է Եզոպոսի եւ այլ գրաւոր առակներ, ինչպէս նաեւ՝ հայ ժողոխրդական առակները եւ զրոյցները, որոնք գրի առած է Այգեկցին եւ այլ մատենագիրներ, նովելներ, զուարճալի անեկդոտներ եւ խրատական փոքրիկ պատմութիւններ: Իր մշակած եւ հեղինակած առակները եւ զրոյցները Այգեկցին հաւաքած է առանձին ժողոխածուներու մէջ: Ի տարբերութիւն Մխիթար Գոշի առակները՝ անոնք ներկայացուած են առանց որեւէ դասակարգման եւ չ'ունին բարոյախրատական եզրակացութիւններ: Այգեկցիի առակներէն շատերը հիմք դարձած են հետագայ հայ բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններու համար: Այգեկցիի հետնորդները մինչեւ անգամ 17-րդ դարը, անոր առակները մատեան հարստացած են, աւելցներով նորանոր առակներ, նորավեպեր եւ անկդոտներ: Այդպէս յայտնեց «Վարդանեան Առականին», որ կը պարունակէր շուրջ 500 առակ: Ձեռագիր մատեաններու մաս մը պահպանուած հասած է մինչեւ մէզ «Աղուեսագիրք» ընդհանուր անուան տակ, որովհետեւ շատ առակներու գործող անձը աղուէսն է: Այն հրատարակուած է 1668 թուականին, Ամստերդամում: «Աղուեսագիրքը» թարգմանուած է վրացերէն, արաբերէն, ռուսերէն: Առակները կարճ են, կը պարունակէ այն ժամանակաշրջանին հասարակութեան սոցիալական կեանքի նկարագիրը:

Աշխատութիւններ

Գրականութիւն

Հակոբ Անասյան, Վարդան Այգեկցին որպէս համերաշխության գաղափարախոս,- «Էջմիածին», 1969, թիվ Է-Ը, էջ 52-58։

Արտաքին յղումներ

Կաղապար:Վիքիքաղվածք

Կաղապար:Արտաքին հղումներ Կաղապար:Հայկական գիր և գրականություն


Կատեգորիա:Միջնադարի հայ առակագիրներ