«Ճարտարապետութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ճարտարապետութիւնը Հայաստանի Մէջ: clean up, replaced: [[Կատեգորիա: → [[Ստորոգութիւն: using AWB
Տող 11.
[[Հին Յունաստան]]ի մէջ ստեղծուած է քաղաքապետութիւններու (պոլիս) համակարգ։ Տաճարը քաղաքի պաշտամունքային եւ ճարտարապետական յօրինուածքի կեդրոնն էր, որ կը կառուցուէր ակրոպոլիսի (միջնաբերդ) բարձունքին։ Դասական տաճարի կատարելութեան տիպ է պերիպտերը (սիւներով եզերուած կառոյց), օրինակ՝ [[Աթէնք]]ի Պարթենոնը։ [[Հին Հռոմ]]ի մէջ կարեւորուած են հանրապետութեան (հետագային՝ կայսրութեան) հզօրութիւնը խորհրդանշող կառոյցները, կիրառուած են կամարային եւ թաղային կառուցուածքները (շինութիւն, Պանթէոն տաճարը)։
 
<br />
== Ճարտարապետութիւնը Վերածնունդի Դարաշրջանին ==
Ճարտարապետութիւնը բարձր մակարդակի հասած է Վերածնունդի դարաշրջանին, սկզբնաւորուած է 15րդ դարուն, Իտալիոյ Տոսկանա մարզի քաղաքներուն մէջ (Ֆլորենցիա, Փիզա, Լիւոռնօ, Կառարա) եւ զարգացած է 15–16րդ դարերուն՝ Արեւմտեան ու Կեդրոնական Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ ([[Ֆրանսա]], [[Հոլանտա]], [[Գերմանիա]], [[Անգլիա]], [[Սպանիա]])։