«Սահակ Արք․ Այվազեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 28.
| ստորագրութիւն =
}}
'''Սահակ Արք. Այվազեան ''', աւազանի անունով՝ Յակոբ Այվազեան, (14 Դեկտեմբեր 1929, Ֆամակուսթա - 29 Նոյեբեր 2003, Սելանիկ)․ հոգեւորական, կրթական մշակ։ Յունաստանի Հայոց Թեմի 45 տարիներու Առաջնորդ Սահակ Արքեպիսկոպոս Այվազեան։
 
== Կրթութիւն ==
Նախակրթութեան առաջին 5 տարիները կը բոլորէ յունական վարժարանի մէջ, ու 4 տարի ալ կը յաճախէ [[Նիկոսիա (արեւմտահայերէն)|Նիկոսիոյ]] [[Նարեկ հայկական վարժարան (Նիկոսիա)|Մելիքեան-Ուզունեան հայկական նախակրթարանը (արեւելահայերէն)]]։ Երեք տարի կ՛աշակերտէ [[Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն|Մելքոնեան]] երկրորդական վարժարանը։ 1947ին, կուսակրօն եկեղեցական դառնալու համար,
18-ամեայ Յակոբ Այվազեան կ՛անցնի [http://www.armenianorthodoxchurch.org/en/%D5%A4%D5%BA%D6%80%D5%A5%D5%BE%D5%A1%D5%B6%D6%84 Անթիլիասի Դպրեվանք]ը։ Դպրեվանքի Ժառանգաւորացի եւ Ընծայարանի բաժինները յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, 1953ին աբեղայ կը ձեռնադրուի՝ կոչուելով Տէր Սահակ, ի յիշատակ Կիլիկեան Աթոռի տարագրութեան օրերու Կաթողիկոս [http://www.alikonline.ir/news/national/item/35298-%D5%BD%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%AF-%D5%A2-%D5%AD%D5%A1%D5%BA%D5%A1%D5%B5%D5%A5%D5%A1%D5%B6-%D5%AF%D5%A1%D5%A9%D5%B8%D5%B2%D5%AB%D5%AF%D5%B8%D5%BD-%D5%A5%D5%B2%D5%A7%D5%A3%D6%81%D5%AB,-1849-1939 Սահակ Բ. Կաթողիկոս Խապայեան]ի։
 
== Եկեղեցական գործունէութիւն ==
Սահակ Աբեղայ երաժշտական ձիրքն ու հետաքրքրութիւնները զարգացնելու համար, հինգ տարի կը հետեւի [[Պէյրութ]]ի (Լիբանան) Պետական Երաժշտանոցի դասընթացքներուն։ Միաժամանակ, Մ․Տ․ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին մէջ կը վարէ դպրապետի եւ ուսուցիչի պաշտօններ ու կրօնի դասեր կ՛աւանդէ «[[Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարան (Լիբանան)|Վահան Թէքէյեան»]]» եւ Ազգային «Սուրբ Նշան» վարժարաններուն մէջ։
 
Կը նշանակուի վարիչ տնօրէն Կիլիկեան Աթոռի Կիրակնօրեայ վարժարաններուն։ Անոր կը վստահուի երաժշտական ղեկավարութիւնը Կաթողիկոսութեան երկսեռ երգչախումբին, որուն անդամներուն թիւը՝ հարիւրի կը բարձրանայ շնորհիւ իր ջանքերուն։ 1956ին նորընտիր Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի օծման արարողութեան, անոր ղեկավարած այդ երգչախումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ քառաձայն Պատարագի երգեցողութեամբ։
 
1957-ին, Կիպրոսի մէջ, կը ստանայ վարդապետական իր տիտղոսը։ Նոյն տարին Աթէնք կու գայ ծանօթանալու համար բիւզանդական երաժշտութեան եւ վեցամսեայ պատրաստութենէ ետք, կը մասնակցի Աթէնքի Ազգային երաժշտանոցի ամավերջի քննութիւններուն եւ յաջողութեամբ կ՛աւարտէ բարձրագոյն դասարանը։
 
[[Պատկեր:Տ․Խորէն Ա․-ի այցելութիւնը Յունաստան՝ ։.jpg|70px|մինի|ձախից|2 Մայիս 1967,Տ․Խորէն Ա․ի այցելութիւնը Յունաստան․․․]]
[[Պատկեր:1966 ՎԵՀԱՓԱՌ ԽՈՐԷՆ Ա․ ԲԱՐՈՅԵԱՆ.jpg|70px|մինի|աջից|1966 ՎԵՀԱՓԱՌ ԽՈՐԷՆ Ա․ ԲԱՐՈՅԵԱՆի ․․․․․]]
1958, Ապրիլ 6-ին, Սահակ Վարդապետ Յունաստանի թեմական Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի յունահայոց թեմակալ առաջնորդ։ Վեցամսեայ պաշտօնավարութենէ ետք, [[Անթիլիաս]] կը մեկնի ու՝ 2 Նոյեմբեր 1958-ին, Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ Եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի եւ կը վերադառնայ իր պաշտօնատեղը։
 
[[Պատկեր:Bishop Council.jpg|70px|մինի|աջից|6-4-1958, Կրօնական ժողովը․․․․]]
Հմուտ յունագէտ, 1958-1962թ․ Սահակ Սրբազան կ՛ուսանի ու կ՛աւարտէ Աթէնքի համալսարանի աստուածաբանութեան ճիւղը։ 1964-ին, Խորէն Ա․ Կաթողիկոսը անոր կը շնորհէ Արքութեան տիտղոսը։
 
2003 Նոյեմբեր 29ին, Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) մէջ, տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած հանդիսաշուք տօնակատարութեան ընթացքին, օրուան իր պատգամը փոխանցելէ վայրկեաններ ետք, յանկարծամահ՝ ան հոգին կ՛աւանդէ։
Տող 53.
 
== Վերջաբան ==
Յունաստանի Հայոց Թեմի 45 տարիներու Առաջնորդ Սահակ Արքեպիսկոպոս Այվազեանը, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ արժէքաւոր ու արժանաւոր նուիրեալներէն եղաւ։ Օժտուած էր Բանաստեղծական ու հռետորական շունչով եւ երաժշտական ձիրքով։ Աւելիով արժեցուց իր բարձր հանքամանքը։
 
Կորովի, առաքինի եւ համեստ, կիրթ ու բարեսէր․ այդպէս անխոնջ, անբասիր վարկով գործեց մօտ կէս դար։ Սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ բոլորէն․ իր հօտէն, գործակիցներէն ու մանաւանդ հայ եւ օտար հոգեւորական եւ պետական մարմիններէն։
 
== Տես նաեւ ==
Տող 63.
* Ամենուն տարեգիրքը 1960,1967-68 Կարօ Գէորգեան
* Կարօ Մինասեանի արխիւ
* «Ազատ Օր» օրաթերթ, 30 Նոյ․,2015
 
== Արտաքին յղումներ ==