«Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
| ժանր = [[բանաստեղծութիւն]]
}}
 
'''Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի''' ([[Մարտ]] [[1804]], [[Կոստանդնուպոլիս|Պոլիս]] - [[2 Յունուար]], [[1888]]{{ԱԾ}}), երեսփոխան, ազգային գործիչ։
 
Ծնած է Պոլիս։ Ան զաւակն էր [[Առաքէլ Ալթունեան]]ին։ Հայրը կը փոխադրուի [[Զմիւռնիա]], ուր կը մեռնի՝ որբ թողելով Արիստակէսը 4 տարեկան հասակին մէջ։ Արիստակէսը իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն վարաժարանին մէջ, որմէ ետք, կը յաճախէ Ռու անուն ֆրանսացիի մը վարժարանը եւ հոն կ՛ընտելանայ [[ֆրանսերէն]] լեզուին։ Դասընթացքը աւարտելէ ետք կ՛երթայ [[Եգիպտոս]], ուր Եուսուֆ Պէյ վարժարան մը բացած էր։ Հոն ուսումը կը կատարելագործէ ու կը սորվի նաեւ [[իտալերէն]] եւ [[արաբերէն]] լեզուները։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, տակաւին երիտասարդ՝ կառավարական պաշտօնեայ կը դառնայ, եւ քանի մը տարի ետք կը նշանակուի՝ Մեհմետ Ալիի քարտուղարը։ Արիստակէսի կինը, իր ժամանակաշրջանի զարգացած հայ կիներէն մէկը եղած է, տիրապետելով նաեւ՝ Ֆրանսերէնին։
Տող 11 ⟶ 9՝
Մեհմետ Ալի փաշայի մահէն ետք երբ զաւակները՝ Իպրահիմ, իսկ յետոյ՝ Ապպաս փաշաները կը յաջորդեն անոր, Արիստակէս պաշտօնէն կը քաշուի. առողջութեամբ տկար ըլլալով՝ Զմիւռնիա կը հաստատուի։ Կարճ ժամանակ մը վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք, կը հաստատուի [[Պոլիս]]։ Պոլսոյ մէջ [[1851]]-ին՝ Ճէզայիրլեան Մկրտիչ ամիրայի հետ Շամի մաքսերու վարձակալութիւնը կը ստանձնէ։
 
Ան մեծ մասնակցութիւն բերած է ազգային գործերու մէջ։ Անդամակցած է [[1857]]-ի Գերագոյն Ժողովին։ Կարեւոր ներդրում բերած է Ազգային Սահմանադրութեան հաստատման մէջ, ուր [[Աղաթոն Օտեան]]ի եւ [[Նահապետ Ռուսինեան|Ն. Ռուսինեանի]] հետ խմբագրած են Սահմանադրութեան օրէնքը։
 
[[1860]]-Էն գրեթէ մինչեւ իր մահը Ազգային երեսփոխան եղած է ու ազգին շահերուն պաշտպան հանդիսացած։ Գրագէտ անձ՝ Ֆրանսերէնէ թարգմանած է «Գինովափէ» անուն վէպ մը։ Մահացած է [[2 Յունուար]], [[1888]]-ին<ref>{{Cite web|url=https://www.maria-online.us/information/article.php?lg=hyw&q=%D4%B1%D6%80%D5%AB%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%AF%D5%A7%D5%BD_%D4%B1%D5%AC%D5%A9%D5%B8%D6%82%D5%B6-%D5%8F%D5%AB%D6%82%D6%80%D6%80%D5%AB|title=Արիստակէս Ալթուն-Տիւրրի ▪ The complete information and online sale with free shipping|website=Maria Online|accessdate=2019-10-10}}</ref>։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւն ==
{{Ծնթ․ցանկ}}
<references />
 
{{DEFAULTSORT:Ալթուն-Տիւրրի, Արիստակէս}}
 
[[Ստորոգութիւն:Հայ ազգային գործիչներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ Երեսփոխաններ]]
[[Ստորոգութիւն:1804 ծնունդներ]]
[[Ստորոգութիւն:1888 մահեր]]
[[Ստորոգութիւն:2 Յունուարի մահացածներ]]
[[Ստորոգութիւն:Պոլիս ծնածներ]]