«Արսէն Այտընեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 7.
'''Արսէն Այտընեան''' ([[7 Յունուար]] [[1825]] - [[1902]]), հայ բանասէր, լեզուաբան եւ հագեւորական։
 
Այտընեանի կեանքն ու գործունէութիւնը զուգընթաց է աշխարհաբարի զարգացման հետ։ Իր անունը բացառիկ կարեւորութիւն ունեցած է բանասիրական ուսումնասիրութեան տեսակէտէն. աշխարհաբարը, որ մինչ այդ անկանոն վիճակ ունէր, կանոնաւորուեցաւ անոր պատրաստած քննական քերականութեան շնորհիւ։
 
Որդի՝ Պետրոս Այտընեանի, ծնած է [[Պոլիս]]՝ [[Բերա]]յի մէջ։ Ժամանակի ձախորդ պատահարներէն ստիպուած, ծնողքը լքած են իրենց տունը՝ եւ 1828-1830ին [[Ղալաթիա]] ապրած։ Այտընեան [[Վենետիկ]]ի [[Մխիթարեաններ]]-ու եւ ապա Ղալաթիոյ [[Վիեննա]]յի Մխիթարեաններու վարժարանը յաճախած է։ Ուսման սաստիկ սիրահար, գրեթէ ինքնօգնութեամբ, լատիներէն սորված է եւ օր մըն ալ իր ուսուցիչներուն անակնկալ մը ըրած է՝ այդ լեզուով ատենախօսութիւն մը կատարելով, որով արժանացած է մէկ դասարան բարձրանալու։ Ան ութը տարեկանին Բերայի Վիեննական հայրերու վարժարանին մէջ աշակերտած է Հ. Վրթանէս Չալըխեանին, իսկ [[1835]]-ին Վիեննա ղրկուած, ուր ուսանած է [[իտալերէն]], [[ֆրանսերէն]], [[արաբերէն]], [[թրքերէն]] եւ ձեռնարկած՝ հոգեւոր ճառախօսութիւններու եւ այլ աշխատութիւններու։