«Արսէն Այտընեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
(edited with ProveIt)
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 41.
[[1848]]-ին ան պատրաստած է հայերէն մեծ աշխարհագունդ մը, որ չորս գոյներով տպուած է։ Այդ աշխարհագունդը կը մրցի նմանօրինակ որեւէ եւրոպական օրինակի հետ եւ Վիեննայի Աշխարհագրական Ընկերութեան զարմանքը շարժած է։ [[1851]]-ին Այտընեան պատրաստած է արաբերէն մեծ երկրագունդ մը, որ հակառակ իր կամքին, ձեռագիր մնացած է։
 
Այսպիսի գործունէութեամբ գրեթէ տասը տարիներ այլ եւ այլ տեղեր այցելեց՝ [[Պոլիս]], [[Զմիւռնիա]], [[Այտըն]], [[Փարիզ]] եւ [[1862]]-ին այցելեց նաեւ [[Ս. Ղազար]]։ Ճամբորդութիւններէն միտքը սփոփած, գրիչը սրած, սկսաւ գլուխ հանել իր գործը, որուն տարիներէ ի վեր աշխատած էր եւ որ պիտի անմահացնէր իր անունը՝ «Քննական քերականութիւն աշխարհաբար կամ արդի հայերէն լեզուի», որ [[Աշխարհաբար (արեւմտահայերէն)|աշխարհաբարի]] նոր դարագլուխ մը բացաւ։ յդ ճամբորդութիւնները կատարած էր լեզուն մօտէն ուսումնասիրելու համար եւ իբր արդիւնք իր քրտնաջան աշխատութեան, [[1866]]-ին կը հրատարակուէր այդ գործը Վիեննայի տպարանէն՝ 836 էջերով։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==